«ՆԱՊՈՒՔՕ»-Ի ԻՐԱԿԱՆԱՑՈՒՄԸ ԱՒԵԼԻ ԿԸ ԲԱՐԴԱՆԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ՄՈՌՆԻՆԿՍԹԱՐ

Ռիչըրտ Մոռնինկսթար

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի եւ Ասիոյ ուժանիւթի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Ռիչըրտ Մոռնինկսթար Քիեւի մէջ երէկ տեղի ունեցած «Բնական կազը եւ Ուքրանիոյ ապագան» խորհրդաժողովին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնած է, որ «Նապուքօ» կազատարի կառուցման նախագիծի իրականացումը աւելի դժուար կը դառնայ:

«Նապուքօ»-ի կառուցման հարցը քանի մը տարի քննարկուած է: Սակայն միայն վերջին ժամանակներուն հասկնալի դարձաւ, որ թէ՛ ելեւմտական, թէ՛ ժամանակային առումով ատոր իրականացումը աւելի կը բարդանայ», ըսած է ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնեան:

Ըստ Մոռնինկսթարի, լայնածաւալ կազատարի կառուցումը կը պահանջէ զգալի ժամանակ, որուն ընթացքին կրնան ի յայտ գալ ծրագիրի իրագործման հետ կապուած խնդիրներ:

Ան նկատել տուած է, որ Եւրոպական Միութիւնը պէտք է կեդրոնանայ «Հարաւային հոսք» նախագիծին վրայ: «Անկասկած «հարաւային կազային միջանցք»-ը պիտի աշխատի, սակայն ատոր հզօրութիւններու մեծնալը աստիճանաբար տեղի պիտի ունենայ: Մեծ ծաւալներ այնտեղ չեն սպասուիր», ըսած է Մոռնինկսթար:

Ան նախորդ տարուան նոյեմբերի կէսերուն Պաքու այցելութեան ժամանակ վստահեցուցած էր, որ «Միացեալ Նահանգներ «Նապուքօ» նախագիծը առաջարկած է եւ կ՛առաջարկէ  իր աջակցութիւնը»:

«Եթէ նախագիծը իրականացուի եւ ամերիկեան ընկերութիւնները անոր մէջ մասնակցութիւն ունենան, անոր կառուցումը կրնայ ֆինանսաւորել Միացեալ Նահանգներու «Էքսիմպանքը», ըսած էր ան:

Նշենք, որ «Նապուքօ»-ի կ՛աջակցին Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպան, իսկ «Հարաւային հոսք» նախագիծին (Սեւ ծովուն ճամբով ռուսական եւ միջինասիական կազի մատակարարում Եւրոպա) կ՛աջակցի Ռուսիան եւ Իտալիան:

 

Share this Article
CATEGORIES