ԱՐՑԱԽ. ՆԱԽԱԳԱՀ ԲԱԿՕ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԵՐԿՐԻ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ – ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿԻՆ ՄԱՍԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆՑ ԿԸ ՀՐԱՒԻՐԷ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ հրաւիրեց խորհրդակցութեան մը` նուիրուած բնակարանային ծրագիրներու իրականացման հետ կապուած հարցերուն:

Արցախի Ընկերային ապահովութեան նախարար Նարինէ Ասծատրեան այս առնչութեամբ ներկայացուց զեկուցում մը:

Նախագահ Սահակեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ բնակարանային ծրագիրները մշտապէս կը գտնուին իշխանութիւններու ուշադրութեան կեդրոնը եւ կը հանդիսանան հանրապետութեան ընկերային համակարգի բարելաւման կարեւորագոյն բաղադրամասերէն մէկը` յատկապէս հաշուի առնելով անոր մէջ ընկերային մակարդակի վրայ անապահով խումբերու ընդգրկուածութիւնը:

Նախագահ Բակօ Սահակեան ընդգծեց, որ հակառակ վերջին տարիներուն ընթացքին բաւական մեծածաւալ աշխատանքներու իրականացման, որոշ ուղղութիւններու մէջ տակաւին լուրջ ընելիքներ կան: Ատիկա կը պահանջէ առկայ թերացումներու համապարփակ վերլուծում` հետագային այդ ամէնը հաշուի առնելով նոր ծրագիրներու իրագործման ընթացքին մէջ:

Նախագահը համապատասխան յանձնարարականներ տուաւ շահագրգիռ մարմիններուն հոլովոյթին պատշաճ իրականացման ուղղութեամբ:

Նոյն օրը նախագահ Բակօ Սահակեան հրաւիրեց այլ աշխատանքային խորհրդակցութեան մը` նուիրուած 2012 թուականին Արցախի տարբեր շրջաններուն մէջ իրականացուելիք ընկերային-տնտեսական ծրագիրներուն:

Յատուկ ուշադրութիւն դարձուեցաւ գիւղատնտեսութեան եւ շինարարութեան մարզերուն:

Նախագահը կարեւոր նկատեց այս երկու ուղղութիւնները շրջաններուն` յատկապէս գիւղական բնակավայրերու զարգացման գործին մէջ եւ ընդգծեց աշխատանքներուն ճիշդ ու համակարգուած իրականացման անհրաժեշտութիւնը:

Երկրին ղեկավարը յստակ յանձնարարականներ տուաւ կառավարութեան եւ շրջաններու վարչակազմերու ղեկավարներուն` աշխատանքներու պատշաճ իրականացման ուղղութեամբ:

Զոյգ խորհրդակցութիւններուն կը մասնակցէին վարչապետ Արա Յարութիւնեան եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:

 

Share this Article
CATEGORIES