ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻ ԺՈՂՈՎ
Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, վաւերացնելէ ետք նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները, հրապարակեց այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք Բ. եւ Գ. դասակարգերուն յայտագիրը:
Նշենք, որ Գ. դասակարգի ախոյեանութեան գծով տեղի ունենալիք 10-րդ հանգրուանի մրցումները պիտի ըլլան վերջին հանգրուանի ճակատումները, որոնցմէ ետք կը սկսի այլ հանգրուան մը այն կազմերուն համար, որոնք պիտի պայքարին Բ. դասակարգ բարձրանալու համար:
ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը իր վերջին մրցումը պիտի կատարէ կիրակի, 22 յունուարին, յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին, Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարանի դաշտին վրայ հիւրընկալելով Իթթիհատ Հարեթ Նաամէն:
Ֆետերասիոնին կողմէ այս մրցումին հսկող նշանակուած է Վահէ Հեքիմեան:
Ստորեւ կու տանք այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը (մրցումները` ժամը 2:15-ին).
ԱՅՍՕՐ ԴԱՇՏ
Հարաքեթ Շապապ – Շապապ Թրիփոլի Թրիփոլի
Ահլի Նապաթիէ – Խըյուլ Քֆարժոզ
Ֆաժըր Արապսալիմ – Իսլահ Պըրժ Շիմալի Արապսալիմ
ՎԱՂԸ
Մաուատտէ – Նահտա Պար Էլիաս Թրիփոլի
ԿԻՐԱԿԻ
Իժթիմահի – Սալամ Զղարթա Թրիփոլի
Շապապ Ղազիէ – ՀՄՄ Սայտա

