ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՏՂՈՑ 10-ՐԴ ՅԱՋՈՐԴԱԿԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ

Երէկուան Ղազիր - ՀՄԸՄ մրցումէն (ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԸ ՏՐԱՄԱԴՐԵՑ ՀՐԱՉ ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ)

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ եւ դարձի 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց ներկայացուցչական խումբը արձանագրեց իր 10-րդ յաջորդական յաղթանակը` այս անգամ պարտութեան մատնելով Ղազիրը վերջինիս դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին` 85-74 արդիւնքով:

Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 19-22, 12-25, 20-20 եւ 23-18:

ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ռուտի Ֆարրաժ` 32 կէտ եւ 5 էսիսթ: Ապա յաջորդաբար` Մարիօ Ապպուտ (14 կէտ եւ 6 ռիպաունտ), Երուանդ Աւագեան (11 կէտ եւ 9 էսիսթ), Էլի Ասմար (9 կէտ) եւ Սեւակ Քեթենճեան (4 կէտ եւ 8 էսիսթ):

Օրուան իրաւարարներն էին` Ֆաուզի Աշքութի, Փոլ Սքայեմ եւ Հալիմ Մանսուր:

ՀՄԸՄ-ի տղոց յաջորդ մրցակիցն է Ֆէյթրուն: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 23 յունուարին, երեկոյեան ժամը 19:30-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:

 

Share this Article
CATEGORIES