ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ
Դժուար է ընդունիլ, թէ կորսնցուցինք քեզ: Հիմա խոր կսկիծը համակած է մեզ: Ատիկա մեր իրաւունքն է հարկաւ: Եւ ինչպէ՞ս կսկիծ չունենանք, երբ դուն, իբրեւ գրիչի տէր մարդ, գիր ու գրականութեան, պատմութեան ու մշակոյթի համար հոգի տուող քու հայրենակիցներուդ հպարտութիւնն ու պարծանքն էիր: Թուաքանակով շատ փոքր ենք, բայց աշխարհն ենք գրաւած: Ամէն տեղ քեսապցի կայ: Այնճարի մէջ դո՛ւն էիր մեր ներկայացուցիչը: Սակայն այլ միջավայրերու հետ բաղդատած` միակ այն տարբերութեամբ, որ Այնճարն ալ նոյնքան Քեսապ է, ինչպէս Քեսապն ալ որոշակի կերպով` Այնճար: Թուրքը քեսապցին ու մուսալեռցին աշխարհագրականապէս բաժնեց իրարմէ, դուն Այնճարն ու Քեսապը շաղկապեցիր գիրով ու գիրքով: Ասկէ ետք քու ներկայացուցիչի դերը ո՞վ պիտի կատարէ այստեղ:
Չենք ընդունիր, թէ երգդ երգուած է, որովհետեւ հաւատացած ենք, որ երթդ պիտի շարունակուի, ինչպէս «Մաքարոնի թիլէկ-թիլէկ»-ը` իբրեւ պար ու գիրք:
Թոյլ տուր, որ երախտագիտական զգացումներով, քեսապցիին ու այնճարցիին միարմատեան պատկանելիութեան խորհուրդով, Քեսապէն բերուած ափ մը պարարտ հողով գնահատենք հայ գրականութեան, հայ գիւղին ու գիւղացիին հանդէպ քու տածած սէրդ, յարգանքդ եւ վաստակդ:
Վարձքդ կատար, սիրելի՛ ընկեր:
ՀՅԴ ՔԵՍԱՊԻ ԿՈՄԻՏԷ

