9 ՄԱՅԻՍԻՆ ԶՕՐԱՀԱՆԴԷՍ` ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՄԷՋ
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակի կազմաւորման եւ Շուշիի ազատագրման 20-ամեակին առիթով 9 մայիսին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ տեղի պիտի ունենայ զօրահանդէս:
Ըստ «Ռեկնում» լրատու գործակալութեան, Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար Մովսէս Յակոբեան յայտնեց, որ զօրահանդէսին պիտի մասնակցին բանակի, ինչպէս նաեւ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, ոստիկանութեան, փրկարար ծառայութեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ազատամարտիկներու միութեան ներկայացուցիչներ, Համաշխարհային Բ. պատերազմի վեթերաններ:
Պիտի ներկայացուին բանակի զօրանոցին մէջ գտնուող հրետանին եւ զինամթերքը` 2 անգամ աւելի շատ, քան ցուցադրուած էր վերջին` 2007-ին տեղի ունեցած զօրահանդէսին:
Ձեռնարկին պիտի մասնակցին նաեւ տարբեր երկիրներէ հիւրեր:
CATEGORIES Հայկական


