ԿՈՐՍՈՒԱԾ ԿԱՄ ՄՈՌՑՈՒԱԾ ՄՇԱԿՈՅԹ
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
«Դարը փոխուած է», կ՛ըսենք օրն ի բուն: Կեանքի բնական ընթացքին կը վերագրուի այս բանաձեւը: Քարէ դարէն մինչեւ օրս ինչ-ինչ փոփոխութիւններ եղած են մարդկային կեանքին մէջ: Կենսաձեւ, մշակութային զանազան արտայայտութիւններ, որոնք երէկ կային, այսօր չկան: Արհեստները հապա՞: Այսօր կրնանք հաշուել բազմատեսակ արհեստներ, որոնք երէկ կային, այսօր չկան: Անցեալին ձեռքով իրագործուած աշխատանքները ներկայիս մեքենայացած են: Եթէ մէկիկ-մէկիկ թուենք կորսուած կամ մոռցուած արհեստները, էջերով գրականութիւն մը պիտի ստեղծուէր:
Ըսինք` կեանքի բնական ընթացքով կը զարգանայ գիտութիւնը, կու գայ նոր դարուն ստեղծած նորութիւնը, որուն կը հետեւին մարդը, ընկերութիւնը:
Փոխուած դարը մեզի ցոյց կու տայ նաեւ փոխուած սովորութիւններ, մոռցուած աւանդութիւններ, իւրաքանչիւր ազգ` իր ձեւով: Հայ ժողովուրդը անմասն չի մնար այս հոլովոյթէն, երբեմն ալ` յառաջ անցնելով, փոխանակ զգուշաւորութեամբ հետեւողի դիրքը որդեգրելու: Հայը արարչագործ է, ինքն ալ նորութիւններ, նոր գիւտեր կրնայ հնարել եւ յանձնել աշխարհին:
Ընտանեկան կեանքէն մինչեւ ընկերային եւ մշակութային կեանք, փոփոխութիւնները արագացնողը եղաւ անշուշտ համացանցի, համակարգչային դրութիւնը: Ամէն աշխատանք, ամէն իրագործում ներկայիս կը վստահուի պարոն Պիլ Կէյցին եւ իր գործակիցներուն հնարած գիւտերուն: Փոխանակ բարեկամութիւն կատարելու իրարու քով գալով զրուցելու, կը դիմենք մեր կայքէջին ցուցմունքին, կը փնտռենք նոր բարեկամներ` մոռնալով մեր կողքին նստողը: Չենք գիտեր ինքնութիւնը նոր փնտռուած անձին, կը հետեւինք անոր խօսքերուն, քանի որ սորված ենք միջազգային լեզու մը: Փա՜ռք անգլերէնին…
Փոխուած է մինչեւ իսկ մեր խոհանոցին համն ու հոտը. կը գերադասենք ամերիկեանը, եւրոպականը, չինականը եւ միւսները: Ո՞վ պիտի ուտէ մեր մայրերուն եփածները…
Ո՞ւր մնացին նամակաբերին բերած քարտերը: Նամակատան մեր տուփերուն մէջ քարտեր չենք գտներ: Քարտ վաճառողներ ալ չկան, մեքենան ձեզի կու տայ ձեր ուզածը: Նայուածք մը կը բաւէ տեսնելու համար ձեր հասցէին ուղղուած քարտը, անշուշտ նաեւ` նամակները: Քարտերու մշակոյթը ոչ եւս է, զարմանալու կամ ափսոսալու կարիք չկայ: Կը բաւէ հեռանալ հինէն, նախկինէն: Պէտք է հիանալ նորին, մեքենային ստեղծածին: Հոն կը գտնենք «անկեղծ» բարեկամները, հոն կը զարգացնենք հայոց լեզուն, հոնկէ կը ճաշակենք մեր սիրած ճաշերը, մաման կամ տանտիկինը չի յոգնիր, տելիվըրին ողջ մնայ:
Աւանդութիւն… Շատերուն համար այս բառը նշան է տգիտութեան, յետամնացութեան: Տակաւին ճշգրտօրէն չենք գիտեր այս բառին համարժէք իմաստը, որ խորքին մէջ կը նշանակէ «Ծանիր զքեզ»: Այսինքն մի՛ մոռնար ինքնութիւնդ, արմատներդ, ազգային հայակերտ դիմագիծդ:
Աչքերդ եւ ականջներդ տասը բաց, դիտէ, դատէ տեսածներդ: Նորագոյն գիւտերուն մէջ ո՞րն է քեզի օգտակարը, իւրացո՛ւր զայն, բայց միւս անպէտքը շպրտէ, հեռացո՛ւր քեզմէ, որովհետեւ մենք ունինք անկէ լաւը: Մի՛ մոռնար, որ մենք թագաւորութիւն ունեցած ենք արեւմտեան աշխարհներէն շա՜տ-շա՛տ առաջ: Այս տարի ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ տպագրութեան 500-ամեակը պիտի տօնենք, տեղեակ էք անշուշտ: Այդ օրերուն ո՞ւր էր Ամերիկան: Որդեգրած ենք անոր պայ-պայը, մոռցած ենք մեր աղօթաշունչ «մնաք բարով, երթաք բարով»-ները: Յո՞ երթաս, ժողովո՛ւրդ հայոց: Մշակոյթները մոռացութեան տալով` մենք կը կորսուինք: Տէր ըլլանք մեր մշակոյթին: Եթէ օր մը ելեկտրականութիւնը դադրի հոսանք տալէ, կը մարի օրտինաթէօրը, բայց մատիտը պէտք չունի ելեկտրականութեան, ոչ ալ` գիրք կարդալը: Կար ժամանակ` լուսնի լոյսով ալ կը կարդայինք: Հետեւինք բնութեան օրէնքներուն, մեր ազգային դիմագիծը եւ մեր լեզուն պահպանելու անհրաժեշտութեան:
Չկորսնցնենք մենք զմեզ…

