«ԱԶԴԱԿ»-Ի ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆԸ
ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ
«… Կարելի՞ բան է, որ կուսակցութիւն եւ ազգային իշխանութիւններ իրարու ընդելուզուած փոքր պետութեան մը տարողութեամբ գաղութներու ղեկավարման դիրքի մէջ գտնուին երկար տարիներ եւ քննադատութեան արժանի սխալներ չգործեն…»:
(Երիտասարդուհիի մը մէկ յօդուածէն)
«Ազդակ»-ի տարեվերջի խմբագրականը իր հաշուետուական եւ մանաւանդ ինքնաքննադատական բովանդակութեամբ թելադրական է եւ օրինակելի, յատկապէս` ազգային, կուսակցական ու միութենական պատասխանատու կառոյցներուն համար, որոնք այսպէս թէ այնպէս, ուղղակի թէ ուղեկիցի հանգամանքով կը հովանաւորեն սփիւռքի հայկական մամուլը:
Թելադրական է անոր համար, որ (հայ իրականութեան մէջ հազուադէպ պարագայ) հաշուետուութեան մէջ համեստօրէն ներկայացուցած է անցնող տարուան աչքառու իր իրագործումները եւ հակադարձաբար` շեշտը դրած չկատարածներուն վրայ, որոնք, ըստ իրեն, կատարուած պէտք էր ըլլային:
Օրինակելի է անոր համար, որ աւելորդ համարած է յամենալը արդէն իսկ ամէնքէն տեսանելի, այլեւ իրեն հպարտանալու իրաւունք տուող յաջողութիւնները բարձրաձայնելու եւ, ընդհակառա՛կն, ուզած է տեսանելի դարձնել թերթին զանցառումները, թերութիւնները, խստապահանջ ընթերցողին ակնկալութիւններուն գոհացում չկարենալ տալու իր անձկութիւնը:
Արդէն աւելի առաջ, 4 մայիս 2011-ին, մամլոյ ազատութեան միջազգային օրուան առիթով ըսելիքը առանց ծամծմելու կ’արձանագրէր, որ` «…հայկական մամուլը հեռու է իշխանութեան չորրորդ յենասիւնը նկատուելէ…»: Աւելի՛ն. թէ` «հանրային կարծիքի ազդեցիկութիւնը` հիմնական որոշումներու կայացման գործընթացին վրայ խիստ խնդրոյ առարկայ է»:
Ինքնաճանաչման խոստովանութենէն ետք, ահա տարեվերջի իր խմբագրականը, որ այդ «Խիստ խնդրոյ առարկայ»-ն յեղաշրջելու եւ հանրային կարծիքին ուժականութիւնը արժեցնելու կամքը եւ առաջադրանքի խոստումը տողատակի կը հասկցնէ ընթերցողներուն: Եւ բնականաբար «Ազդակ»-ի նման առաջատար թերթի մը տուած թէկուզ տողատակի խոստումը կ’ընկալուի արժանահաւատութեամբ:
Հաստատումը հին օրակարգ է, նոյնպէս ալ կացութիւնը բարեփոխելու անհրաժեշտութիւնը` բազմիցս կրկնուած բաղձանք: Գէթ դաշնակցական մամլոյ խորհրդաժողովներուն շեշտակի դրուած-ծեծուած գլխաւոր հարցերէն է եւ տեղ գտած` եզրափակիչ յայտարարութեանց մէջ այն յստակութեամբ, որ մամուլի դերը արժեւորելու, ազգային-գաղութային աշխուժութիւններուն մղում տալու եւ հանրային կեանքի յոռի երեւոյթները վերացնելու համար պայման են քննադատական մատնանշումները` արձանագրուած թերութիւններուն եւ բացթողումներուն: Այսինքն, լաւին դրական, վատին` բացասական անդրադարձի արձագանգը:
Բառացի չեմ յիշեր, բայց կասկած չունիմ յայտնուած մտածումին վրայ այն թելադրանքին, որ երկու-երեք տարի առաջ կը կատարէր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը մամլոյ պատասխանատուներուն ուղղած իր խօսքին մէջ, թէ` «Դուք կոչուած էք առաջնորդելու նաեւ մեզ` ձեր գրիչով, մատնանշումներով, առաջարկներով եւ քննադատութիւններով, նոյնիսկ` ներկուսակցական խնդիրներու կապակցութեամբ…»:
Հակառակ միահամուռ արտայայտուած այս հաստատումին եւ մամուլը աւելի ուժական դարձնելու բարձրաձայնուած կամքին, բանաձեւուածը գործադրելու փորձին դիմաց միշտ կը ցցուի արգելիչ կանխահոգութիւնը գրեթէ միեւնոյն պատճառաբանութեամբ. «Մենք ալ կը դատապարտենք եղածը, բայց ճիշդ չենք գտներ մեր դժգոհութիւնը հրապարակել, որպէսզի անտեղի զգայնոտութիւններ գրգռելով` հաւասարակշռութիւնները չխանգարուին»: Եւ պատճառաբանութեան իբրեւ յենարան յառաջ կը քշուի խարխուլ հիմնաւորումը, թէ` գործող ամէն մարմին ունի իր գերադասը կամ գերագոյն ժողովը, որոնք իրաւասու կերպով կը քննարկեն-կը տնօրինեն հարկն ու պատշաճը… եւ այլն, եւ այլն: Մերկ խոստովանութիւնն է սա «հոգիս յօժար է, բայց մարմինս` տկար» ասացուածքին, միաժամանակ` կամակոր համակերպութիւնը, որ մարմին(ներ)-ը միշտ մնայ… տկար: Յայտնի չէ նաեւ, թէ «գերադաս»-ին ու «գերագոյն ժողով»-ին միջեւ ո՞րն է դերը ընթերցողին եւ ո՞ւր է տեղը շարքային հայ մարդոց, որոնք իրենց տեսակէտներով, առաջարկներով կամ քննադատութիւններով կ’ուզեն մասնակից դառնալ հանրութեան համար առնուած-առնուելիք նախաձեռնութիւններուն: Մինչդեռ անոնց այդ մասնակցութեամբն է, որ կը ստեղծուի եւ… կը փրկուի հանրային կարծիքի հանդէպ յարգանքի մշակոյթը:
Փորձով մեր գիտցածը չգիտցող չկայ, որ քննադատական հրապարակումներու նկատմամբ չափազանցեալ վերապահութիւնը համատարած մտայնութիւն է, որ տարիներու ընթացքին վերածուած է համոզումի, վարքագծի: Գաղութային կեանքի որեւէ արձագանգ բացառուած է, որ չկրէ դրականին, նոյնիսկ գովազդի շեշտը, յաճախ` զաւեշտային ըլլալու չափ: Ահա թէ ինչո՛ւ որոշ ժամանակ առաջ երիտասարդուհի մը իր մէկ յօդուածին մէջ զարմանքով թէ ընդվզումով արդարօրէն հարց կու տար. «Կարելի՞ բան է, որ կուսակցութիւն եւ Ազգային իշխանութիւններ իրարու ընդելուզուած փոքր պետութեան մը տարողութեամբ գաղութներու ղեկավարման դիրքի մէջ գտնուին երկար տարիներ եւ քննադատութեան արժանի սխալներ չգործեն…»:
Խմբագրականը անդրադառնալէ ետք հինէն ժառանգուած կարգ մը զանցառութիւններու, ի վերջոյ խտացեալ ձեւով կը յստակացնէ, թէ ո՛ւր կը գտնուի… «շան գլուխը», ինչպէս որ կը սիրէր ըսել սիրեցեալ ընկեր Հրայր Մարուխեան: Կը կարդանք. «Թերթը տակաւին չէ յաջողած բաւարարել տեղին կատարուող քննադատութեան մը ստեղծած անտեղի զգայնութիւնները հաշուի չառնելու պահանջը»:
Ինչպէս թուանշաններն են, նոյնպէս եւ ըսուածը հոմանիշ չունի: Պարզ է եւ հասկնալի:
Զգայնութիւններու դէմ տկարանալը միայն թերթի խնդիր չէ, այլ անցեալին թէ ներկայիս եղած է մղձաւանջը հայ կեանքի ղեկավար տարրին, նոյնիսկ` անոր լայնամիտ ու կարծրատիպերու չհանդուրժող անդամներուն…
Ամէն պարագայի, հրապարակային քննարկումներուն նկատմամբ հանդուրժող ըլլալու անհրաժեշտութիւնը ճիշդ չէ սահմանափակել ներազգային նախաձեռնութիւններու կամ մշակութային ձեռնարկներու մէջ: Օգտակար է, որ անիկա տարածուի նաեւ քաղաքական մարզին վրայ:
Թապու չէ մտատանջ քննարկումը քաղաքական մեր կողմնորոշումներուն, կեցուածքներուն եւ նախաձեռնութիւններուն, որոնց առնչութիւնը անկասկած է յատկապէս միջինարեւելեան հայ համայնքներուն ներկային, ապագային ու անվտանգութեան հետ:
Անկարելի չէ, որ քաղաքական դէպքերուն հետեւող, բայց դէպքերու ճնշումէն զերծ խոկացող մարդիկ, տունը նստած, աւելի ճիշդ հաշուարկումներ կատարեն, քան` անդուլ ժողովներու եւ քաղաքական հանդիպումներու մէջ թրծուած անձեր: Ի վերջոյ, վնասակար չէ մեր ունեցածէն տարբեր տեսակէտներու ալ ծանօթանալը: Անշուշտ ասիկա շատ զգայուն հարց մը ըլլալուն` պայման է զսպուածութիւնն ու շրջահայեացութիւնը` արտայայտութեանց մէջ: Կողմնակի` թերեւս այս կ’ուզէ հասկցնել «Ազդակ»-ի խմբագրականը, երբ կը բաւարարուի տեղ մը արձանագրելով` «Այլընտրանքային մտածողութիւնը անուղղակի է» նշումը: Թերեւս:
«Տեղին կատարուող քննադատութեան» սիւնակ տրամադրելը եթէ երէկուան զանցառուած անհրաժեշտութիւնն էր, այսօրուան օրահրամանն է անիկա գրաւոր մամուլին համար, որ գոյակռիւի իր գալարումներուն մէջն է հեռատեսիլի ու մանաւանդ համացանցի դէմ, որոնց շնորհիւ գաղափարներու անարգել շրջագայութիւնը լոյսի արագութիւնը ստացած է այլեւս:
Յամենայն դէպս. ըստ ամենայնի ողջունելի է «Ազդակ»-ի տարեվերջի խմբագրականը: Հայկական մամուլին առջեւ նորովի հուն բանալու, որով եւ ինքզինք սրբագրելու առաջադրանքը դիւրին պիտի չըլլայ իրեն եւ թերթը հովանաւորողներուն համար, որոնք ծանր պարտականութիւնը պիտի վերցնեն տարիներու մտայնութիւնը յեղաշրջելու:
Պիտի կարենա՞ն զգայնութիւնները հաշուի առնելու մղձաւանջը թօթափել իրենց վրայէն:
Կ’ապրինք, կը տեսնենք:

