ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ՖՐԱՆՍԱՅԻ նախագահ Նիքոլա Սարքոզի իր երկրին դիւանագիտական անձնակազմին հետ հանդիպումին ընթացքին շեշտեց, որ Փարիզ մնայուն կերպով պիտի զօրակցի Լիբանանին` աւելցնելով, որ Ֆրանսա բարեկամ է բոլոր լիբանանցիներուն, առանց խտրութեան:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Քաթարի իշխանին հետ իր ունեցած հանդիպումը եղած է մտերմիկ ու դրական: Ան բարձր գնահատեց Քաթարի յանձնառութիւնը, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ 2008-ին Լիբանանը յարանուանական սադրանքներէ փրկել:

ՊԷՅՐՈՒԹԻ ընդհանուր դատախազ Ժորժ Քարամ Ֆասսուհի մէջ փուլ եկած շէնքին սեփականատէրերը` Միշել եւ Քլոտ Սաատէն ամբաստանեց անտարբերութեան պատճառով արձանագրուած մահերու յանցանքով: Դատախազ Քարամ այդ թղթածրարը փոխանցեց Պէյրութի աւագ քննիչ դատախազ Ղասսան Օուէյտաթի:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Պշարա Ռայի պատրիարքը իր այցելուներուն հետ ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին շեշտած է, որ ընտրական օրինագիծին փոփոխութիւնը անհրաժեշտ է:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի Լիբանան պիտի վերադառնայ 14 փետրուարէն առաջ եւ ներկայ պիտի գտնուի իր հօր սպանութեան Է. տարելիցին առիթով կազմակերպուելիք յիշատակի ձեռնարկին:

ԸՍՏ «Ժումհուրիա» օրաթերթին, Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլիի` լիբանանցի ղեկավարներուն կատարած այցելութիւնները կը միտին ամերիկեան վարչակազմին որդեգրած ուղղութիւնները փոխանցել անոնց:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ վարչական նշանակումները կը կարօտին նախարարներուն աշխատանքին ամբողջացման: Նախարարը անուղղակիօրէն նկատել տուաւ, որ կան որոշ նախարարներ, որոնք տակաւին չեն ներկայացուցած նախարարութիւններուն մէջ թափուր մնացած պաշտօնները:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Ֆարես շեշտեց, որ Լիբանան պէտք է յստակ կեցուածք մը ճշդէ Սուրիոյ մէջ պատահած իրադարձութիւններուն առնչութեամբ:

«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, Պենետիկտոս ԺԶ. Պապին Լիբանան կատարելիք այցելութիւնը պիտի ըլլայ կարճ այցելութիւն մը, որ տեղի պիտի ունենայ Ս. Խաչի տօնէն ետք, այսինքն` 14 սեպտեմբեր 2012-էն ետք:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Մոհամետ Սաֆատի յայտնեց, որ լիբանանեան պետութեան պարտականութիւնն է աշխատանքի առիթներ ստեղծել եւ ոչ թէ զանոնք ջնջել:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարեկարգում պլոքի անդամ երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստին չմասնակցող կողմը պիտի ստանձնէ երկրին մէջ սաստկացող լարուածութեան պատասխանատուութիւնը:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Հասսան Տիապ նշեց, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի Լիբանան կատարած այցելութիւնը ցուցանիշ է, որ ան նախանձախնդիր է Լիբանանի ապահովական կայունութեան, յատկապէս հարաւային Լիբանանի խաղաղութեան պահպանումին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ երեսփոխանական պլոքի անդամ Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Հըզպալլա Լիբանանը կ՛օգտագործէ իբրեւ իրանեան խաղաքարտ եւ այլոց հաշիւները մաքրելու դաշտ:

ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ Քազեմ Խէյր յայտնեց, որ լիբանանեան-սուրիական սահմանամերձ շրջանին մէջ կացութիւնը լարուած է եւ որեւէ ատեն կրնայ պայթիլ:

ՎԱՐՉԱՊԵՏԱՐԱՆԻՆ մօտիկ աղբիւրներ քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Քլէյաաթի օդակայանը վերանորոգելու եւ զայն բանեցնելու առումով կառավարութեան տուած որոշումը զուտ տնտեսական եւ բարգաւաճման նպատակներ կը հետապնդէ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Խալետ Տահեր յայտնեց, որ սուրիական վարչակարգը Լիբանանի մէջ սպանութիւններ կը գործէ, իսկ Լիբանանի կառավարութիւնը իր լռութեամբ կը հովանաւորէ այդ արարքները:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Տորի Շամուն յայտնեց, որ այս հանգրուանին անհաւանական է, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն եւ Հըզպալլայի միջեւ երկխօսութիւն կատարուի:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան նախագահ Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ Լիբանանի ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին քննարկուելիք հիմնական հարցը պիտի ըլլայ Հըզպալլայի ապազինման թղթածրարը:

ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներու համաձայն, կը նախատեսուի, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի Ֆրանսա այցելութիւնը կատարուի 6-12 փետրուարին:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա Սուրիայէն ստացած է ցամաքային հեռահաս հրթիռներ: Նոյն օրաթերթը նկատել տուած է, որ Սուրիոյ իրադարձութիւնները օժանդակած են, որ Հըզպալլա աւելի եւս զինուի:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Զահրաման քուէյթեան «Սիասա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ իրենք վերատեսութեան պիտի ենթարկեն պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսընի տրուած վստահութեան քուէն:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան կողմէ աշխատավարձերը սրբագրելու որոշումին հիմնական նպատակը եղած է կառավարութեան փրկութիւնը:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ կառավարութիւնը պիտի չարտօնէ, որ Լիբանանը օգտագործուի իբրեւ թիրախ Սուրիան հարուածելու: Ան աւելցուց սակայն, որ կառավարութիւնը ուշացած է պետական նշանակումները կատարելու:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի շաբաթավերջին ընդունեց Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի դեսպաններ Թոմ Ֆլեչըրը եւ Տընի Փիեթոնը, որոնց հետ քննարկեց երկկողմանի գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները:

 

 

Share this Article
CATEGORIES