ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄԻՒՖԹԻՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԱԹԱՐ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԸ
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի շաբաթավերջին Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը` ներկայութեամբ Իսլամ-քրիստոնեայ երկխօսութեան ազգային յանձնախումբի ընդհանուր քարտուղար Հարես Շեհապի:
Հանդիպումին ընթացքին Մաթար եպիսկոպոս յայտնեց, որ ինք մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ գործուղուած է` միւֆթի Քապպանիին յանձնելու Մար Մարոնի տօնին առիթով մատուցուելիք պատարագին ներկայ գտնուելու հրաւէր մը:
Մաթար եպիսկոպոսը մաղթեց, որ Լիբանանի բոլոր հոգեւոր պետերը ճիգ չխնայեն երկրին մէջ պահպանելու համար համախոհութիւնն ու ազգային միասնականութիւնը:
CATEGORIES Լիբանանեան


