ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ ԷՐՏՈՂԱՆԻՆ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ՍԱՐՔՈԶԻԻ ՆԱՄԱԿԸ «ԱՆՕԳՈՒՏ» ԿԸ ՆԿԱՏԷ
Թրքական «Թուտէյզ Զաման» օրաթերթի կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին առնչութեամբ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին ուղղուած Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի նամակը «անօգուտ» որակած է:
«Որեւէ կարծիք, որեւէ նամակ պիտի չփոխէ այդ հարցին վերաբերեալ մեր տեսակէտը», ըսած է Տաւութօղլու` աւելցնելով, որ Ֆրանսայի օրէնսդիր մարմինին կողմէ վերոնշեալ օրէնքի քննարկումն ու որդեգրումը «երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն երրորդ կողմի մը միջամտութեան թոյլատրելի սահմանը անցնելու մասին կը վկայէ»:
Սարքոզի պատասխան նամակ ուղարկած էր Էրտողանի այն նամակին, որուն մէջ վերջինս «զգուշացուցած էր», թէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի վերջնական որդեգրումը երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն համար ծանր հետեւանքներ պիտի ունենայ:
Սարքոզի իր նամակին մէջ նշած էր, որ Թուրքիան Ֆրանսայի կարեւոր գործընկերն ու դաշնակիցն է, այդ իսկ պատճառով որոշումներ կայացնելու ատեն, այս կամ այն քայլին դիմելու ատեն պէտք է բանականութեան վրայ հիմնուիլ: «® Գիտեմ, որ դժուար է պատմութեան դէմ յանդիման կանգնիլ, սակայն Ֆրանսա կրցաւ ատիկա ընել, ճանչցաւ Համաշխարհային Բ. պատերազմի տարիներուն երկրին մէջ բնակող հրեաները գերմանական համակեդրոնացման ճամբարներ ուղարկելու գործին մէջ իր դերը: Ես 2007-ին անձամբ դատապարտած եմ այդ ամբողջ սարսափը, որ ապրած են ալճերիացիները ֆրանսական գաղութատիրութեան ժամանակ® Կը փափաքիմ, որ դուք գիտնաք, թէ այդ օրինագիծին որդեգրման առնչութեամբ ձեռնարկուելիք խիստ քայլերը մեծ վնաս պիտի հասցնեն երկու երկիրներու բազմակողմ յարաբերութիւններուն եւ սարսափելի հետեւանքներ պիտի ունենան: Իսկ ատոր պատասխանատուութիւնը նման քայլերու ձեռնարկած կողմին վրայ պիտի ըլլայ», նշուած էր Սարքոզիի նամակին մէջ:

