ՄԱՄՈՒԼԻ ՀԱՒԱՔԱԾՈՆԵՐ` «ԱԶԴԱԿ»-Ի ԳՐԱԴԱՐԱՆԻՆ
«Ազդակ»-ի գրադարանը Ճիպելեան ընտանիքէն ստացաւ «Ազդարար» շաբաթաթերթի 1942 եւ 1943 տարիներու թիւ 1-էն մինչեւ թիւ 104, ինչպէս նաեւ «Ազդակ» շաբաթօրեակի 1944 թիւ 1-52 եւ 1945 թիւ 53-104 օրինակներու հաւաքածոները:
«Ազդակ»-ի տնօրէնութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Ճիպելեան ընտանիքին, մամուլի այս հաւաքածոներու նուիրատուութեան համար:
CATEGORIES «Ազդակ»ի ֆոնտ

