50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (24 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)

ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԸ ՔԱՐԱՆԹԻՆԱՅԻ ՄԷՋ

Անցնող տարուան դեկտեմբեր ամիսը անկիւնադարձ մը կազմեց Պէյրութի Քարանթինա թաղի Ազգային Մեսրոպեան վարժարանի կեանքին մէջ: Արդարեւ, այս շրջանին արտակարգ եռուզեռ կը տիրէր դպրոցին եւ իր շրջանակին մէջ: Ազգային Մեսրոպեան վարժարանի շրջանաւարտ սան-սանուհիներու սրտին շատ մօտիկ եղող եւ ամէնուն կողմէ բաղձացուած Շրջանաւարտից միութիւնը կազմուեցաւ, որուն գլխաւոր դարբինները հանդիսացան անկասկած թաղիս Թաղական խորհուրդը, դպրոցի տնօրէնութիւնը եւ վարակիչ խանդավառութեամբ լեցուած Մեսրոպեան վարժարանի նախկին սաները:

Արդարեւ, հինգշաբթի, 14 դեկտեմբեր 1961-ին, Ազգային Մեսրոպեան վարժարանի թաղականութիւնն ու տնօրէնութիւնը խորհրդակցական ժողով մը ունեցան դպրոցին հին ու նոր շրջանաւարտներուն հետ, վարժարանիս մէջ: Շուրջ 30 շրջանաւարտներ ներկայ էին այդ ժողովին, ուր քննուեցաւ շրջանաւարտից միութիւն մը կազմելու կարելիութիւնը:

Մեծապէս գնահատելի էր արդիւնքը տարուած աշխատանքին, քանի մը վերոյիշեալ խորհրդակցական ժողովէն միայն երեք օր ետք աւելի քան 70 երկսեռ շրջանաւարտներ փութացեր էին ներկայ գտնուելու անդամական Ա. ընդհանուր ժողովին, ուր ընտրեցին նորակազմ միութեան վարչութիւնը, որ ընտրեց իր դիւանը եւ որոշեց պատրաստել ներքին ծրագիր-կանոնագիրը:

Միութեան առաջին ձեռնարկը` Կաղանդի առթիւ կազմակերպուած խրախճանքը` պսակուեցաւ կատարեալ յաջողութեամբ: Այս առիթով կիրակի, 31 դեկտեմբեր կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, ներկայ էին Թաղական խորհուրդի անդամները, տնօրէնուհին Վարդիթեր Մկրտիչեանը եւ մօտ 100 երկսեռ շրջանաւարտներ: Հրաւիրեալները հիւրասիրուեցան թէյով եւ կարկանդակով: Վարչութեան ատենապետ Եփրեմ Զէքեանի բացման խօսքէն ետք գործադրութեան դրուեցաւ կոկիկ յայտագիր մը, որուն մաս կազմեցին շրջանաւարտներէն, Արաքսի Պարսամեան եւ Էլիզ Տոմպուլեան` արտասանութեամբ Անայիս եւ Տիգրանուհի Տեմիրճեաններ` մեներգներով, ուսուցչական կազմէն Նուարդ Մախտումեան եւ Արաքսի Քիւփէլեան` դարձեալ  մեներգներով, իսկ Րաֆֆի Գահրամեան կարդաց իր գրած մէկ շատ գեղեցիկ բանաստեղծութիւնը` Կաղանդին նուիրուած:

Այս հանդիպումին վերջաւորութեան խօսք առաւ տնօրէնուհին եւ շեշտեց, թէ անհատի մը կեանքին մէջ անմոռանալիօրէն դրոշմուած կը մնան իր նախկին դպրոցէն մնացած քաղցր յիշատակներ եւ անոր հոգին դպրոցին մէջ է, որ կը յղկուի: Յետոյ խօսքը ուղղելով բոլոր ներկաներուն, մաղթեց, որ նոր տարին բերէ իրեն հետ ժպիտի եւ ուրախութեան օրեր: Բոլորին սրտին խօսող իր վերջին  մաղթանքն էր` ունենալ բախտաւորութիւնը տօնելու յառաջիկայ Նոր տարին նոր շէնքի մը սրահին մէջ:

Հանդէսի փակումէն առաջ եղան հետեւեալ սրտաբուխ նուիրատուութիւնները. թաղականներէն Ա. Պապայեան` 25 լիբ. ոսկի, Յ. Սահակեան եւ Պետրոս Քէշիշեան` 10 լիբ. ոսկի, շրջանաւարտներէն Պերճուհի Մահսերեճեան, օրդ. Ո. Էկիւլեան, Յ. Գոճայեան, եւ Ա. Մկրտիչեան` 5-ական ոսկի:

* * *

Վարժարանիս Ամանորի հանդէսը տեղի ունեցաւ Քարանթինայի Օգնութեան խաչի սրահին մէջ, երկուշաբթի յունուար 1-ին, կէսօրէ ետք ժամը ճիշդ 5-ին, հովանաւորութեամբ Լիբանանի  հայոց առաջնորդ Խորէն  արքեպիսկոպոսին: Յայտագրին գործադրութեան մէջ իրենց բաժինները բերին մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բոլոր դասարաններու աշակերտները:

Եղան անհատական եւ խմբական երգեր եւ պարեր: Իսկական վայելք մըն էր դիտելը նախակրթարանի Ա., Բ., Գ. եւ Դ. դասարաններու աշկերտներուն կողմէ կատարուած հայկական պարը` ինքնավստահ եւ ճկուն խաղարկութեամբը բոլոր պարողներուն:

Հանդէսին վերջաւորութեան առաջնորդ սրբազանը հրաւիրուեցաւ բեմ, որպէսզի ընէ փակման խօսքը:

«Նոր տարուան սեմին,- ըսաւ սրբազան հայրը,- մեր առաջին խօսքը պիտի ըլլայ շնորհաւորել բոլորդ եւ մաղթել բարի տարի մը, խաղաղութեան, միաբանութեան, բարօրութեան եւ սիրոյ տարի մը, որովհետեւ այսպիսով է, որ կրնանք պահել մեր լեզուն, մեր ազգութիւնը եւ մեր հայեցի դիմագիծը»:

Շարունակելով` ըսաւ.  «Նոր տարուան հետ նոր էջ մըն ալ բացինք մեր կեանքին մէջ: Պէտք է փոխուինք հոգիով ու սիրտով միշտ դէպի լաւը: Որոշենք չկրկնել  վատը, այլ արձանագրել լաւը` այդ մաքուր էջերուն վրայ: Նորոգուինք հոգիով ու սիրտով, որպէսզի  կարենանք Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ մեր սիրտերը օթեւանը շինել մեր Փրկիչին»:

Շնորհաւորութեան եւ օրհնութեան իր խօսքերը ուղղեց թաղականութեան եւ կրթական մշակներուն, որոնց ձեռքը յանձնուած է ապագայի հայ մարդը:

Կը շնորհաւորենք Ազգային Մեսրոպեան վարժարանի պատկան մարմինները, ինչպէս նաեւ` շրջանաւարտից նորակազմ միութիւնը եւ սրտանց կը մաղթենք իրենց յաջողութիւն` իրենց բոլոր ձեռնարկներուն մէջ: Մասնաւորաբար կը շնորհաւորենք թաղականութիւնն ու տնօրէնութիւնը, որոնք շրջանաւարտից միութիւն մը հիմնելու այս շատ գեղեցիկ գաղափարին  նախաձեռնողները եղան եւ ոչինչ ժամանակի մը մէջ հիմնեցին այնքան անհրաժեշտ եղող այս միութիւնը` խանդավառ գործակցութեամբը բոլոր շրջանաւարտներուն, որոնք ջանք չեն խնայեր սատարելու վարժարանին բարօրութեան, որպէսզի ան դառնայ տիպար կրթական վառարան մը:

Գ. Ս. Կ.

Պէյրութ

Share this Article
CATEGORIES