ՀԱՅՐԵՆԻ ԿԵԱՆՔ

«ԱՐՄՄՈՆՕ» ԹԱՏԵՐԱԿԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆԸ
ՊԻՏԻ ՍԿՍԻ ԱՊՐԻԼ 3-ԻՆ

Երեւանի մէջ ապրիլ 3 – 8 տեղի պիտի ունենայ «Արմմոնօ» մենաներկայացումներու թատերական միջազգային փառատօնը տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի հովանիին տակ եւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան եւ Թատերական գործիչներու միութեան աջակցութեամբ:

Փառատօնի մամուլի պատասխանատու Վլադ Մուրատեան նշած է, որ այս տարի փառատօնի շրջանակներուն մէջ պիտի ցուցադրուի 17 ներկայացում` Ռուսիայէն, Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն, Իսրայէլէն եւ Եգիպտոսէն հրաւիրուած դերասաններու մասնակցութեամբ: Փառատօնին պիտի մասնակցին նաեւ հայ դերասաններ, իսկ փառատօնին բացումը պիտի կատարուի գերմանացի նշանաւոր դերասան Ֆիլիփ Հոխմէյրի «Վերթեր» մենաներկայացումով:

Հայաստանեան ծրագիրի շրջանակներուն մէջ հանդէս պիտի գան Արամ Յովհաննիսեանը` «Արա գեղեցիկ», Սամուէլ Բաղինեանը` «Ֆիէսթա», Մարիամ Ղազանճեանը` «Մարսել», Յասմիկ Վերդեանը` «Սեւիլուհին…», Ռոպերթ Յակոբեանը` «Ձեզ եմ դիմում…», Կրեթա Մեճլումեանը` «Ծառերը», «Միհր» թատրոնը` «Փիեսներ մահուան մասին շարք» մենաներկայացումներով:

Փառատօնը իրենց ներկայութեամբ պիտի պատուեն մենափառատօներու ղեկավար-տնօրէններ:

Յիշեցնենք, որ «Արմմոնօ» միջազգային փառատօնը առաջին անգամ տեղի ունեցած է 24 սեպտեմբեր 2003-ին: Փառատօնին հիմնադիրն է Հայաստանի թատերական գործիչներու միութեան նախագահ Յակոբ Ղազանճեան:

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱԾ Է «ԻՄ ԱՌԱՋԻՆ ԳԻՐՔԸ» ՇԱՐՔԻՆ
ՀԱՅԵՐԷՆ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

«Խօսենք հայերէն» մշակութային քարոզարշաւը մեկնարկած է Տորլինկ Քինտրսլիի «Իմ առաջին գիրքը» շարքին հայերէն հրատարակութիւնները: Այս առիթով 22 փետրուարին տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին խօսք առին «Վէմ» հրատարակչութեան ղեկավար Մեսրոպ քահանայ Արամեանը, «Խօսենք հայերէն» մշակութային քարոզարշաւի մասնակից եւ «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:

Նկատի ունենալով, որ Հայաստանի մէջ գործածուող օտար բառերը բազմացած են, այս հրատարակութիւններուն նպատակներէն է վերականգնել հայերէն լեզուի բիւրեղութիւնը եւ լայն շրջանառութեան մէջ դնել առօրեայ ձեւով գործածուող բառերու հայերէն իմաստները: Լեզուն հիմքն է մտածողութեան, մշակոյթի, աշխարհընկալման եւ հոգեւոր գիտակցութեան: Երեխային անաղարտ ներաշխարհին մէջ սերմանուող ամէն բառ ունի սրբազան նշանակութիւն, ուստի առանց աղաւաղման պէտք է փոխանցել անոր հայ լեզուն: Այս նպատակով «Վէմ» հրատարակչատունն ու «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»ը նախաձեռնած են «Խօսենք հայերէն» քարոզարշաւի:

Գիրքերուն շարքը հայերէնի թարգմանած է «Վէմ» հրատարակչութիւնը: Գիրքերուն հայացման աշխատանքը տարած են բազմաթիւ մասնագէտներ: Հայերէնով լոյս տեսած է «Իմ առաջին գիրքը» շարքին 10 գիրքերը` նախատեսուած նախադպրոցական տարիքի երեխաներու բառապաշարը զարգացնելու համար: Շարքը կը ներառէ հետեւեալ գիրքերը,- «Ագարակ», «Բառեր», «Բեռնատարներ», «Գոյներ», «Թիւեր», «Կենդանիներ», «Հականիշներ», «Մարմին», «Շարժուող առարկաներ», «Տնային կենդանիներ»: Գիրքերուն մէջ ամփոփուած է շուրջ հազար բառ, դիտել տուաւ Ռ. Եիրիկեան:

Հանրայայտ Տորլինկ Քինտրսլի հրատարակչութեան «Իմ առաջին գիրքը» շարքի նկարազարդ ու գունաւոր գիրքերու միջոցով տարբեր ժողովուրդներու միլիոնաւոր երեխաներ կը ճանչնան իրենց մայրենի լեզուն ու շրջապատող աշխարհը: Բառերու ընտրութիւնը, անոնց համադրումը եւ լուծումները եղած են այնպէս, որ գրաւեն երեխային ուշադրութիւնը եւ զայն տրամադրեն սորվելու:

ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻ ՆՈՐ ՄԱՍՆԱՇԷՆՔԻՆ ՇԻՆԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ
ՀԱՄԱՐ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԱԾ Է ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 11 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ

Մատենադարանի հիմնադրամին հանգանակուած է 11 միլիոն 120 հազար տոլար: Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է «Մատենադարան» հիմնադրամի տնօրէն Յովհաննէս Չեթճեան: Ըստ անոր, ամէնէն մեծ բարերարը դարձած է Մոսկուայի «Մոնարխ» կազմակերպութեան ղեկավար Սերգէյ Համբարձումեանը, որ նուիրած է 7 միլիոն 120 հազար տոլար, երկրորդ բարերարն է Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային գործարանը, որ նուիրած է 2 միլիոն 840 հազար տոլար:

Հիմնադրամը ստեղծուած է 2008-ին` Մատենադարանի մասնաշէնքի շինարարութեան աջակցելու նպատակով:

Մատենադարանի նոր մասնաշէնքի գլխաւոր ճարտարապետ Արթուր Մեսչեան հանրապետութեան նախագահին ներկայացուցած է Մատենադարանի նոր մասնաշէնքին կարելիութիւնները: Նշուած է, որ նոր մասնաշէնքը նախատեսուած է գիտահետազօտական գործունէութեան, ձեռագիրներու, արխիւային փաստաթուղթերու եւ գրադարանային ֆոնտերու պահպանութեան, վերականգնման, գիտաշխատողներու սպասարկման համար եւ յագեցուած է նորագոյն համակարգերով: Նոր մասնաշէնքին մէջ կառուցուած է նաեւ դահլիճ` տեսահամակարգով եւ 4 լեզուներու թարգմանութեան կարելիութեամբ: «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու զարգացման համահայկական բարեգործական հիմնադրամին Մատենադարանին համար նախատեսած ծրագիրներու շրջանակին մէջ նորակառոյց մասնաշէնքը պիտի  կահաւորուի եւ ձեռք բերուի վերականգնողական եւ թուայնացման աշխատանքներուն իրականացման համար անհրաժեշտ սարքերով եւ սարքաւորումներով:

Նշենք, որ նոր մասնաշէնքին ընդհանուր մակերեսը կը կազմէ 11 հազար 358 քառ. մեթր, ծաւալը` 54 հազար 462 խորանարդ մեթր: Նոր մասնաշէնքը շահագործման պիտի յանձնուի 2011-ի օգոստոսին:

«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԸ ԼԵՌՆԱՅԻՆ
ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԱԴՐՈՒԹԻ ՇՐՋԱՆԻ ԴՐԱԽՏԻԿ ԳԻՒՂԻՆ ՄԷՋ
ԿԱՌՈՒՑԱԾ Է ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶ

Դրախտիկ գիւղին մէջ մանկապարտէզի կառուցումը «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի երրորդ ծրագիրն է: Այս ծրագիրը ֆինանսաւորուած է հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինին եւ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան կողմէ:

Մանկապարտէզին շինարարական աշխատանքները սկսած էին 2010 թուականի օգոստոսին: Մանկապարտէզը նախատեսուած է 50 մանուկի համար: Կառուցուած է տարբեր տարիքային մանուկներու համար առանձին ննջասենեակներ եւ խաղասենեակներ, ինչպէս նաեւ` մարմնամարզութեան եւ երաժշտութեան ուսուցման համար դասարաններ: Շէնքին մէջ պիտի տեղադրուին նաեւ ջեռուցման, օդափոխութեան եւ հակահրդեհային համակարգեր:

«Գիւղացիին կեանքի պայմաններուն բարելաւումը, վստահ եմ, գիւղացին պիտի կապէ իր հողին, իսկ մենատնտեսութեան զարգացումով պիտի բարելաւուի ընդհանուր տնտեսութեան վիճակը», յայտնած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան:

«Մանկապարտէզի կառուցումը «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին միակ ծրագիրը չէր Դրախտիկի մէջ. անոր ջանքերով համայնքը ունեցած է խմելու ջուր, իսկ գիւղին նուիրաբերուած արդիական մեքենաներէն գիւղացիները աւելիով օգտուած են իրենց հողերուն արդիւնաբերութենէն», նշած է Դրախտիկի գիւղապետ Նորայր Դաւթեան:

«Մեր մանուկները արժանի են, որ կրթուին եւ դաստիարակուին այնպիսի պայմաններու մէջ, ինչպէս կան Ֆրանսայի եւ Եւրոպայի այլ երկիրներու մէջ: 10 տարիէն աւելի է, որ ֆրանսահայ համայնքը իր միջոցներով կ՛օգնէ կառուցելու, վերակառուցելու եւ կահաւորելու Հայաստանի եւ Արցախի դպրոցներն ու մանկապարտէզները»: Այս խօսքերով իր գոհունակութիւնը յայտնած է հիմնադրամի տեղական մարմինի ատենապետ Պետրոս Թերզեան:

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԺԱՊԱՒԷՆԸ
ՍՏԱՑԱԾ Է ԱՏՈԼՖ ԿՐԻՄԷԻ ՄՐՑԱՆԱԿԸ

«Աղէտ. ցեղասպանութիւն» փաստագրական ժապաւէնը, որ կը ներկայացնէ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ստացած է գերմանական պատկերասփիւռին առաջին մրցանակը: Այս մասին գրուած է «Նուվել տ՛Արմէնի»ի մէջ, որմէ կ՛իմանանք, թէ Էրիք Ֆրիտլերի ժապաւէնը մրցանակ ստացած է «Տեղեկատուութիւն եւ մշակոյթ» անուանակարգին մէջ:

Ատոլֆ Կրիմէի մրցանակը նշանաւոր է: Անիկա կը շնորհուի գերմանական ժապաւէններուն, 1964-էն ի վեր:

ԼԱՐԱ ՖԱՊԻԱՆ ԵԼՈՅԹ ՈՒՆԵՑԱՒ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ աշխարհահռչակ ֆրանսացի երգչուհի Լարա Ֆապիանի հայաստանեան երգահանդէսը, որ իրականացուեցաւ Հայաստանի մէջ ֆրանսախօսութեան օրերու շրջանակներուն մէջ: Համերգին ներկայ գտնուած են` Հայաստանի Հանրապետութեան Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեան, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ եւ Նաթալիա Նալբանդեաններ, Հայաստանի վարչապետին կինը` Գոհար Սարգսեան, Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, դիւանագիտական ներկայացուցիչներ եւ արուեստասէր հասարակութիւն:

Երգահանդէսին երգչուհին մեկնաբանած է իր ամէնէն աւելի սիրուած երգերը, որոնք մեծ ոգեւորութեամբ ունկնդրուած են հասարակութեան կողմէ:

Յայտնենք, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ անուանի երգչուհին տուած է մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին նշած է, որ իրեն համար չափազանց մեծ հաճոյք եւ պատիւ է Հայաստանի մէջ գտնուիլը: «Արուեստագէտին համար միշտ ալ մեծ խանդավառութիւն է նոր աշխարհ, նոր հանդիսատես յայտնագործելը, մասնաւորաբար այնպիսի ժողովուրդի մը հետ շփուիլը, որ ունի մշակութային մեծ արժէքներ», շեշտած է Լարա Ֆապիան:

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ` ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ
Մ. ՄԱՇՏՈՑԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 1650-ԱՄԵԱԿԻՆ

Այս տարի կ՛ամբողջանայ հայ գիրերու գիւտի հեղինակ Մեսրոպ Մաշտոցի ծննդեան 1650-ամեակը, եւ այս ուղղութեամբ Մատենադարանը շարք մը անակնկալներ պատրաստած է: Մատենադարանի փոխտնօրէն Շուշանիկ Խաչիկեան նշած է, որ յոբելեանին առիթով պիտի կազմակերպուին շարք մը միջոցառումներ: Փոխտնօրէնը լրագրողներու համար ասուլիսի ընթացքին իր խօսքին մէջ յայտնած է, որ այդ բոլորին մէջ ամէնէն նշանակալին պիտի ըլլայ միջազգային գիտաժողովը, որ տեղի պիտի ունենայ սեպտեմբեր 22-ին: «Գիտաժողովը նուիրուած պիտի ըլլայ մեծ հանճարին կեանքին եւ գործունէութեան, որուն ընթացքին պիտի ներկայացուին 20-է աւելի զեկուցումներ»: Շ. Խաչիկեան տեղեկացուցած է, որ գիտաժողովին նախատեսուած է արտերկրէն շարք մը հայագէտներու մասնակցութիւնը:

Շ. Խաչիկեան նշած է, որ գիտաժողովի իրագործումը կարելիութիւն պիտի ընձեռէ բարձրաձայն արծարծելու Մաշտոցի հետ կապուած հարցերը եւ ընդհանրապէս ներկայացնել մեր ձեռագիրներուն գիտական բազմազանութիւնը:

Մատենադարանի փոխտնօրէնը հաղորդած է, որ պիտի կազմակերպուին շարք մը այլ ձեռնարկներ եւս:

ՄՐՑՈՅԹ` ԵՐԳԱՀԱՆՆԵՐՈՒ ԵՒ
ԵՐԱԺՇՏԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ

Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ Ռուսիոյ հայերուն նախաձեռնութեամբ Հայաստանի երաժշտագէտներու միութիւնը կազմակերպած է լաւագոյն երգահաններու եւ երաժշտագէտներու մրցում:

Ռուսիոյ հայերու միութեան եւ Համաշխարհային հայկական միութեան փոխնախագահ Վլատիմիր Աղայեան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին լրագրողներուն յայտնած է, որ մրցոյթին կրնան մասնակցիլ Հայաստանէն, ինչպէս նաեւ սփիւռքէն մինչեւ 35 տարեկան հայ երգահաններն ու երաժշտագէտները, որոնք ունին մասնագիտական երաժշտական կրթութիւն:

Ըստ փոխնախագահին, երգահանութեան բնագաւառին մէջ կրնան ներկայացուիլ գործիքային համոյթներու համար, երգի սիմֆոնիք, համերգային երաժշտութեան եւ խմբերգային երգ-գործիքային երաժշտութեան տեսակներուն մէջ գրուած ստեղծագործութիւններ:

Իսկ երաժշտագիտութեան բնագաւառին մէջ «Հայ երաժշտութեան զարգացման նոր հեռանկարներ» անուանակարգին մէջ կրնան ներկայացուիլ գիտական յօդուածներու ժողովածու, երաժշտական հրապարակախօսութիւն եւ մենագրութիւն: Ըստ Վ. Աղայեանի, մրցոյթին արտօնուած չէ ներկայացուիլ նախապէս մրցանակ շահած գործեր:

ՎԵՐՋԵՐՍ ՔՆՆԱՐԿՈՒԱԾ Է «ՆՌԱՆ ՀԱՏԻԿ» ՓԱՌԱՏՕՆԸ
ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴԱՐՁՆԵԼՈՒ ՀԱՐՑԸ

«Նռան հատիկ» մանկապատանեկան թատերական փառատօնին հանրապետական հանգրուանը պիտի սկսի 1 ապրիլին: Փառատօնի կազմակերպիչ կոմիտէի նախագահ Յասմիկ Կարապետեան նշած է, որ արդէն իսկ մասնակցութեան դիմումնագիրներ ստացած են` Գեղարքունիքի, Արարատի, Արմաւիրի մարզերէն:

Բոլոր թատերական խումբերու ներկայացումները դիտելէ ետք պիտի ընտրուին լաւագոյն խումբերը: Վերջիններն ալ հանդէս պիտի գան այլ երկիրներէ եկած թատերական խումբերու հետ: Նշենք, որ փառատօնը տեղի պիտի ունենայ հոկտեմբերին:

Ըստ Յասմիկ Կարապետեանին, քննարկուած է «Նռան հատիկ» մանկապատանեկան թատերական փառատօնը համահայկական դարձնելու հարցը: Ան նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ցանկութիւն յայտնած է փառատօնը հիւրընկալելու: «Փառատօնը կ՛իրականանայ 10 տարիէ ի վեր: Այս տարիներուն ձեռք բերուած է բաւական մեծ փորձառութիւն եւ անհրաժեշտ է համահայկական հնչեղութիւն հաղորդել անոր: Նշենք, որ փառատօնը համահայկական դարձնելու գաղափարը ողջունուած է Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան կողմէ: Այժմ կը քննարկուին անոր հետ կապուած հարցերը», շեշտած է Յ. Կարապետեան:

Առայժմ տեղի կ՛ունենայ փառատօնի հանրապետական հանգրուանը, իսկ երբ որոշում տրուի փառատօնը համահայկական դարձնելու մասին, մենք կը սկսինք աշխատանք տանիլ սփիւռքի հետ: Յ. Կարապետեան տեղեկացուցած է, որ արտերկրի թատերական խումբերը պիտի ընտրուին նախապէս ուղարկուած տեսաձայնագրութիւններու միջոցով: Փառատօնը, ինչպէս միշտ, պիտի մնայ ոչ մրցութային սահմաններուն մէջ եւ, այսպիսով, թատերական, մշակութային ուրախ տօնական մթնոլորտ պիտի ստեղծենք փոքրիկներուն համար: Այս տարուան փառատօնին ներկայացումներէն երկուքը պիտի մասնակցին մանկական գիրքի եւ երաժշտութեան շաբաթի շրջանակներուն մէջ կատարուելիք միջոցառումներուն: Անոնցմէ մէկը պիտի ցուցադրուի Համազգայինի պետական թատրոնին, միւսը` Երեւանի քաղաքապետարանի Պատանի հանդիսատեսի թատրոնին մէջ:

Յայտնենք, որ փառատօնը կը կազմակերպէ «Նախաբեմ կրթամշակութային ընկերային հասարակական կազմակերպութիւնը, որուն նպատակն է աջակցիլ մանկապատանեկան թատերական արուեստի զարգացումն ու աւանդոյթներու ձեւաւորումը, համախմբել եւ համակարգել գործող մանկապատանեկան թատերախումբերուն, աջակցիլ նորերուն ստեղծման եւ կայացման»:

«Նախաբեմ»ը կարեւոր կը համարէ նաեւ թատերական շարունակական կրթութեան զարգացման հիմնահարցերը: Նշենք, որ փառատօնը սկսած է իրագործուիլ 2000 թուականէն: 2004-ին «Նռան հատիկը» ընդգրկած է Հայաստանի կառավարութեան «Մանուկներու հետ տարուող աշխատանքներուն 2004-2012 թուականներուն ազգային ծրագիրին մէջ» եւ անիկա իրագործուած է Հայաստանի կառավարութեան եւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան հովանաւորութեամբ:

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES