ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԻ ՆԻՍՏԷՆ ԵՏՔ ԶՕՐ. ԱՈՒՆ ՊԱՇՏՊԱՆԵՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ՊԱՍԻԼԸ ԵՒ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ՑՈՅՑԻ
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ կէսօրէ ետք Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:
Նիստէն ետք զօր. Աուն յայտնեց, որ 2008-ին խորհրդարանը մերժեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի մշակած օրինագիծը վաւերացնել կամ բարեփոխել եւ ուղղուեցաւ դէպի այլ կառավարութիւն մը կազմելու:
Ան ընդգծեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը կը գտնուի Լիբանանի մէջ բարեկարգումի ծրագիրներ գործադրելու սեմին: Ան շեշտեց, որ իրենց հիմնական նպատակն է փտածութեան վերջ տալ եւ պետութիւնը բարեկարգել:
Այս շրջագիծին մէջ, զօր. Աուն կոչ ուղղեց ելեկտրականութեան հոսանքի իրենց տուրքերը կանոնաւոր կերպով վճարող քաղաքացիներուն մասնակցելու խաղաղ ցոյցի մը, որուն ընթացքին պիտի կատարուի քայլարշաւ մը` դէպի յարմար վայր մը, որպէսզի «լիբանանեան իշխանութեան պատասխանատուներուն յայտնենք, թէ իրենք պէտք է լրջօրէն գործեն»:
«Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ներկայացուցիչ այս տղաքը նպատակներ ունին եւ ծրագիրներ կը հետապնդեն: Ոչ ոք եւ ոչ մէկ խոչընդոտ կրնայ կասեցնել անոնց աշխատանքի կամքը: Մենք ո՛չ անձնատուր կ՛ըլլանք եւ ո՛չ ալ փախուստ կու տանք», ըսաւ զօր. Աուն:
Միւս կողմէ, Ռապիէի մէջ զօր. Աուն ընդունեց Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան նախագահ Ֆուատ Մախզումին, որուն հետ քննարկեց երկրին ներքին հարցերը:
Հանդիպումէն ետք Մախզումի շեշտեց, որ նման պարագաներու ընթացքին կառավարութեան միասնականութիւնը անհրաժեշտութիւն է:
Զօր. Աունի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն, որ նշեց, թէ զօր. Աունի հիմնական նպատակն է լիբանանցիներուն բարօրութիւն եւ հանգիստ կեանք ապահովել:


