ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՄԱՆՍՈՒՐԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԱՐԱԲ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

Նախագահ Սլէյման եւ նախարար Մանսուր

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուրը, որուն հետ քննարկեց Արաբական լիկայի կեդրոնին մէջ կայացած արաբ արտաքին գործոց նախարարներու նիստին արդիւնքները:

Քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի յատուկ դիւանագիտական անձնակազմին անուանացանկը ամբողջացնելու քայլերը:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ֆայսալ Քարամէ` ընկերակցութեամբ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զայտ Խիամէի եւ Քաթարի մէջ արաբական զանազան մարզաձեւերու մրցաշարքերու մասնակցած եւ մետալներ ստացած լիբանանցի մարզիկներու:

Նախարար Քարամէ նախագահ Սլէյմանին շնորհակալութիւն յայտնեց` մարմնակրթութեան մարզին նկատմամբ անոր ցուցաբերած մնայուն զօրակցութեան համար:

Նախագահ Սլէյման իր կարգին շնորհաւորեց մարզիկները, որոնք իրենց արձանագրած յաղթանակներով Լիբանանի անունը բարձր պահած են. ան հանրապետութեան նախագահութեան անունով ոսկի մետալներ յանձնեց մարզիկներուն:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրի, նախարար Մարուան Խէյրէտտին, նախկին նախարար Նաժի Պուսթանի, ինչպէս նաեւ ընդհանուր անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ:

Share this Article
CATEGORIES