«ՄԵՐ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆ Է ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՉԱՐՏՕՆԵԼ, ՈՐ ՀԱՅԵՐՈՒՆ ԵՒ ՍՈՒՐԻԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՏԱՌԱՊԱՆՔՆԵՐՈՒՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ԴԻՏՈՂԻ ԿԵՑՈՒԱԾՔԻ ՄԷՋ ՄՆԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ՔՆԵՍԵԹԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ
Իսրայէլի խորհրդարանի` Քնեսեթի նախագահ Ռէովեն Ռիվլին Քնեսեթին առջեւ իր արտասանած խօսքին ընթացքին յայտնեց, որ «իրաւունք չունինք այլ ժողովուրդներու, ինչպէս` հայերուն, սուրիացիներուն կամ այլոց տառապանքները ժխտել»:
Ան աւելցուց, որ «մեր բարոյական պարտականութիւնն է աշխարհին չարտօնել, որ այդ տառապանքներուն նկատմամբ դիտողի կեցուածքի մէջ մնայ»:
CATEGORIES Հայկական

