ՍԻԼՎԻՕ ՊԵՐԼՈՒՍՔՈՆԻ ԿԸ ՄՏԱԾԷ Ա. ՍԷ. ՄԻԼԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԿՈՒՄԲԸ ԾԱԽԵԼ
Իր լուրերը քաղելով Pravda.ru կայքէջէն` PanARMENIAN.Net լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ Իտալիոյ նախկին վարչապետ Սիլվիօ Պերլուսքոնի կը մտածէ Ա. Սէ. Միլան ֆութպոլի ակումբը ծախել:
Կը կարծուի, որ Պերլուսքոնիի ռուս բարեկամները պիտի գնեն Ա. Սէ. Միլանը, որուն սեփականատէրն է ան 26 տարիէ ի վեր:
Ըստ շրջան ընող տարաձայնութիւններուն, ան այդ քայլին դիմելով կ՛ուզէ ձերբազատիլ ակումբին անմխիթար տնտեսական վիճակէն: Կը կարծուի, որ Ա. Սէ. Միլանի պարտքերը որոշ գնահատականներով տարեկան կը կազմեն 75-110 միլիոն եւրօ:
CATEGORIES Մարզական

