«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» ՕՐԱԹԵՐԹԻՆ ՀԵՏ ԻՐ ՈՒՆԵՑԱԾ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԻՆ ՄԷՋ «ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒՆ ՄԵՏԱԼԻ ՄԸ ՏԻՐԱՆԱԼԸ ԵՐԱԶՍ Է» Կ՛ԸՍԷ ԴՈՒԻՆ ՄՈՒՄՋՈՂԼԵԱՆ
Նախորդ շաբաթավերջին, «Մուսթաքպալ» օրաթերթը, հարցազրոյց մը ունեցաւ ՀՄԸՄ Պէյրութի եւ Լիբանանի փինկ փոնկի ազգային խումբին մաս կազմող Դուին Մումջողլեանի հետ, որ վերջերս ապահովեց 2012-ի Լոնտոնի Ամառնային ողիմպիական խաղերուն իր տոմսը:
Ստորեւ կու տանք այդ հարցազրոյցին շահեկան բաժինները.
«Չեմ կրնար բացատրել իմ ունեցած զգացումներս` Ողիմպիական խաղերուն գծով իմ տոմսս ապահովելու գծով: Այդ մէկը բնականաբար ինծի եւ Լիբանանի համար մեծ պատիւ մըն է: Ատոր ընդմէջէն, իրականացուցած եղայ նաեւ հօրս երազը, որ անցեալին մեծապէս կ՛երազէր Ողիմպիական խաղերուն մասնակցիլ:
«Ողիմպիական խաղերուն մետալի մը տիրանալը երազս է, այնպէս ինչպէս իւրաքանչիւր մասնակցող այդ երազը ունի: Եթէ պատահի, որ մետալի մը տիրանամ, այդ մէկը նախ եւ առաջ պիտի նուիրեմ Լիբանանի, ապա` հօրս, որ միշտ իմ կողքիս կը կենայ: Անոր զոհողութիւններուն շնորհիւ է, որ ես այս յաջողութիւնը կրցայ ձեռք ձգել:
«Բնականաբար, այդքան ալ դիւրին պիտի չըլլայ Անգլիոյ մէջ Ողիմպիականի մետալի մը տիրանալը, ուր անուանի մարզիկները անհամար են: Սակայն կարելիս պիտի ընեմ բարձր պահելու համար Լիբանանի անունը եւ մետալով մը վերադառնալու», ըսած է Մումջողլեան:


