50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (26 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)
ՄԱԼԽԱՍԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻ
ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ
Տիկին Մալխասի Միացեալ Նահանգներ վերադարձի առթիւ, Համազգայինի Կեդր. վարչութեան հրաւէրով, տեղի ունեցաւ վաստակաւոր գրագէտ Մալխասի նուիրուած յիշատակի ոգեկոչումի հաւաքոյթ մը, շաբաթ, 20 յունուարի երեկոյեան, Ճեմարանի «Յ. Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ: Նկատի ունենալով պարագաները, հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ շատ սեղմ շրջանակի մը մէջ` մասնակցութեամբ Համազգայինի մասնաճիւղերու եւ թատերասէրներու միութեան վարչութեանց եւ ճեմարանի ուսուցչական կազմին: Ներկայ էր նաեւ հիւրաբար քաղաքս գտնուող տիկին Գասպար Իփէկեան: Ոգեկոչելով անհետացած վաստակաւոր գրագէտին յիշատակը` Ճեմարանի տնօրէն Սիմոն Վրացեան ներկաները հրաւիրեց արտայայտուելու Մալխասի եւ անոր գրական վաստակին մասին: Ծանօթ արուեստագէտ քեմանչիստ Ռուբէն նուագեց Մալխասի սիրած աշուղական երգերէն` յուզելով ներկաները: Խօսք առին` Վ. Փափազեան, Կ. Սասունի, Հ. Իփէկեան եւ ուրիշներ: Բոլոր խօսողները շեշտեցին նաեւ տիկին Մալխասի դերը` Մալխասի գրական աշխատանքներու մէջ: Յաւուր պատշաճի արտասանեց Գ. Էմմիեան:
Վերջին խօսքը տրուեցաւ տիկին Մալխասի, որ ըսաւ.
«Մալխասի եւ իմ տարիներու երազը եղած էր այցելել Լիբանան: Ան եկաւ 1956-ին. ինծի դժբախտաբար չվիճակուեցաւ այդ բախտը` քաղաքական դէպքերու բերումով: Հիմա ահաւասիկ երկուքս ալ հոս ենք…
«Մալխասի հանդէպ ձեր ցոյց տուած յարգանքն ու համակրանքը` թէ՛ այդ շրջանի ձեր կազմակերպած հանդիսաւոր յոբելեանով եւ թէ՛ ներկայ փառաշուք յուղարկաւորութեամբ, զիս ծայր աստիճանի երախտապարտ կը ձգեն ձեզի, Պէյրութի եկեղեցական եւ ազգային մարմիններուն ու հայ ժողովուրդին ընդհանրապէս:
«Որքան ալ ինծի համար դժուար ըլլայ անոր մարմինը ձգել այս հեռաւոր ափերը, հեռու` իր հարազատներէն եւ հակառակ մեր որոշումին, ի յայտ եկած ընդհանուր գուրգուրանքը յուզումով կը համակէ զիս եւ ես տեղի կու տամ: Ան առ այժմ կը մնայ հոս, ձե՛ր մէջ, ձե՛ր գուրգուրանքին առարկայ: Թերեւս ի՛ր ալ ներքին փափաքը այդ` եղած ըլլայ, որ այնքան աճապարանք ունէր եւ հեւ ի հեւ եկաւ Լիբանան:
«Սրտանց շնորհակալ եմ Համազգայինի եւ բոլոր ներկաներուն` այս հանդիպումին համար. վստահ եղէք, որ խոր յուզումով է, որ հրաժեշտ կ՛առնեմ ձեզմէ: Ինչ կը վերաբերի ինծի ուղղուած գնահատական խօսքերուն, չեմ գիտեր, թէ որքան արժանի եմ անոնց: Եթէ երբեք որեւէ աջակցութիւն ունեցեր եմ Մալխասի գրական գործերուն, թող ան ալ ըլլայ իմ համեստ լուման մեր գրական գանձանակին մէջ»:
Սիմոն Վրացեան իր փակման խօսքին մէջ բոլորին կողմէ բարի ճանապարհ մաղթեց տիկին Մալխասին, որ երկուշաբթի առաւօտ վերադարձաւ Միացեալ Նահանգներ:
Վ.
ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՔՈԼԵՃԻ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
ԲԱՆԱՍՏԵՂԾ Մ. ԻՇԽԱՆ ԺԹ. ԴԱՐՈՒ
ԶԱՐԹՕՆՔԻ ՄԱՍԻՆ
Տօներու առթիւ մէկ ամսուան ընդմիջումէ մը ետք, Հայկազեանի հայագիտական դասախօսութիւնները վերսկսան: Այս շաբթուան դասախօսն էր բանաստեղծ Մուշեղ Իշխան, Ն. Փալանճեան ճեմարանի փոխտնօրէն եւ վաւերական գրող մը:
Հսկայ նիւթ մըն էր ընտրուածը, որ պէտք էր տալ մէկ ժամուան ընթացքին: Այս դժուար գործը յանձն առնելով` Մ. Իշխան կրցաւ շատ դիւրահասկնալի կերպով յստակ պատկեր մը տալ այն իրողութեանց, որոնք ազդած էին ԺԹ. դարու գրական եւ մշակութային զարթօնքին:
Մեր պատմութեան մէջ ԺԹ. դարու զարթօնքը միակը չէ, այլ ուրիշ քանի մը զարթօնքներու գծին շարունակութիւնն է:
Ռուսական յառաջխաղացքը դէպի հարաւ, մէկ կողմէն Արեւելահայաստանը գրաւելով, իսկ միւս կողմէն ալ սուլթանին վրայ ազդելով` քաղաքական նպաստաւոր պայմաններ ստեղծեց մշակոյթ կերտելու համար: Միւս կողմէն` տակաւ զարգացող քաղաքակրթութիւնը եւ նիւթական բարօրութիւնը ուրիշ երկու կարեւոր ազդակներ էին: Ազգային սահմանադրութիւնը եւ լրագրութիւնը երկու առանցքներ էին այդ զարթօնքին:
Պոլսոյ մէջ միջակ մտաւորականութիւն մը, իսկ Արեւելահայաստանի մէջ ալ դուրսէն եկող, սակաւաթիւ, բայց որակաւոր մտաւորականութիւն մը եղան մշակոյթի մշակները:
Թարգմանական գրականութիւնը, լրագրութիւնը եւ դպրոցներու մեծ ցանցը կազմաւորեցին մեր աշխարհաբարը:
Բաղդատաբար արեւելահայ զարթօնքը աւելի դանդաղ ընթացաւ, քան` արեւմտեանը:
Զարթօնքի շրջանին գրականութիւնը կը յատկանշուի իր ազգասիրական եւ վիպապաշտական նկարագրովը:
Գ. ԱԲԷԼԵԱՆ

