ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ 15 ՕԳՈՍՏՈՍԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԻԵԼՈՌՈՒՍԻԱ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԲԱՐԵԿԱՄԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄ` ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Պիելոռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի Ա. փոխնախագահ Սերկէյ Սաֆարեան կը յայտնէ, որ յառաջիկայ 15 օգոստոսին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստան – Պիելոռուսիա մրցումը: Այս տեղեկութիւնը կը փոխանցէ PanARMENIAN.Net հայկական լրատու գործակալութիւնը:
Նախապէս կը ծրագրուէր այս մրցումը կատարել 29 փետրուարին` Թուրքիոյ մէջ. այս առաջարկին համաձայն չգտնուեցաւ Հայաստան: Առաջարկ ներկայացուեցաւ մրցումը կատարելու Կիպրոսի մէջ, որուն սակայն այս անգամ համաձայն չգտնուեցաւ Պիելոռուսիա:
Նշենք, որ յառաջիկայ ամիս Հայաստան ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Քանատայի հետ, մինչ Պիելոռուսիա` Մոլտաւիոյ դէմ:
CATEGORIES Մարզական

