«ՀՅԴ ՄՏԱԴԻՐ Է ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻՆ ՄԷՋ ԼՍՈՒՄՆԵՐՈՒ ՆԱԽԱՁԵՌՆԵԼ ՀԱՄԱՄԱՍՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐԱԿԱՐԳԻՆ ԱՆՑՆԵԼՈՒ ՇՈՒՐՋ» Կ՛ԸՍԷ ԼԻԼԻԹ ԳԱԼՍՏԵԱՆ
ՀՅԴ խորհրդարանական խմբակցութեան պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան «Առաւօտ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ՀՅԴ-ն եւ Ժառանգութիւն կուսակցութիւնը յառաջիկային հանդէս պիտի գան 100 առ հարիւր համամասնական ընտրակարգին անցնելու խնդիրին վերաբերեալ խորհրդարանական լսումներ կազմակերպելու նախաձեռնութեամբ:
Ըստ Լիլիթ Գալստեանի, թէեւ իշխանական կուսակցութիւններուն դիրքորոշումը այս հարցին մէջ յայտնի է, բայց խորհրդարանական ընդդիմութիւնը պիտի փորձէ այդ խնդիրը քննարկման առարկայ դարձնել նաեւ քաղաքական այդ բեմին վրայ` Ազգային ժողովին մէջ: Ան նշեց, որ իշխանութիւնները հիմնականին մէջ կը խօսին այս հարցին թեքնիք անկարելիութեան մասին, բայց Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ, որ ատիկա քաղաքական կամքի խնդիր է: Դաշնակցական պատգամաւորը նշեց նաեւ, որ այդպիսի լսումներ կազմակերպելու լիազօրութիւնը Ազգային ժողովին մէջ ունին միայն խորհրդարանի նախագահը եւ հարցին համար գլխադասային` այս պարագային պետական-իրաւական հարցերու մնայուն յանձնախումբը:
Ան նաեւ աւելցուց, որ Դաշնակցութիւնը մտադիր է այդ հարցը արտահերթութեան կարգով` իբրեւ հրատապ խնդիր, Ազգային ժողովի օրակարգ մտցնել` խնդիրին կարեւորութիւնը անգամ մը եւս շեշտելու եւ զայն քննարկելու համար: «Ատիկա մեզի համար ուղղակի հարցը քաղաքական ձեւաչափով մը եւս քննարկելու եւ բարձրաձայնելու տարբերակ է, որովհետեւ պարզ է, որ Դաշնակցութեան եւ Ժառանգութեան միացեալ օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը խորհրդարանին մէջ ընդունելու համար ընդդիմութիւնը համապատասխան քանակի «կոճակներուն» չի տիրապետեր», յայտնեց պատգամաւորը:
ԲԱՐԳԱՒԱՃ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՄԻԱՑԱՒ ՀՅԴ-ԻՆ ԵՒ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ
Երէկ Ժառանգութիւն, ՀՅԴ եւ Բարգաւաճ Հայաստան խմբակցութիւնները միացեալ` նոյն բովանդակութեամբ նամակներով դիմեցին Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահին եւ պետական-իրաւական հարցերու մնայուն յանձնախումբի նախագահին` ամբողջութեամբ համամասնական ընտրակարգով ընտրութիւններ կատարելու հարցին վերաբերեալ խորհրդարանական լսումներ հրաւիրելու խնդրանքով:


