ՏԵՍԱԿԷՏ. ԹՐՔԱԿԱՆ ԽՈՐԱՄԱՆԿՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած «Ժամանակակից աշխարհի մէջ Թուրքիոյ նախաձեռնողական քաղաքականութիւնը» միջազգային խորհրդաժողովին ընթացքին յայտարարած է, որ մօտ օրէն Թուրքիան Ֆրանսայի մէջ դեսպան պիտի նշանակէ թրքահայ գիտնական մը: Ան աւելցուցած է, որ խնդրոյ առարկայ անձին թեկնածութիւնը ներկայացուած է Թուրքիոյ նախագահին ու վարչապետին, որոնք իրենց հաւանութիւնը տուած են:

Հայրենի «Ազգ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Աւետիքեան, որ մասնակցած է վերոնշեալ խորհրդաժողովին, լաւատեղեակ շրջանակներէ լսած է, թէ թեկնածուն ամերիկեան «Էմ.Այ.Թի.» համալսարանի տնտեսագիտական բաժանմունքի վարիչ եւ առնուազն երկու անգամ նոպելեան մրցանակի թեկնածու տնտեսագէտ Տարօն Աճեմօղլուն է: Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը վերջերս հաղորդեց, որ Տաւութօղլու Աճեմօղլուն Թուրքիա հրաւիրած է ոչ միայն ակադեմական հետազօտութիւններ իրականացնելու, այլ նաեւ Թուրքիոյ տնտեսութեան մարզին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ստանձնելու համար: Ան օրաթերթին հաստատած էր, որ մօտիկ ապագային Թուրքիա պիտի վերադառնայ:

Անկախ Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ հայ դեսպանին ինքնութենէն, Միացեալ Նահանգներու մէջ ուսում ստացած թրքահայու մը` Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դեսպան նշանակումը կ՛իյնայ սփիւռքի նկատմամբ Անգարայի որդեգրած նոր քաղաքականութեան մը ծիրին մէջ: Դեկտեմբեր 2010-ին Տաւութօղլու յայտարարած էր, որ «Թուրքիա պիտի փոխէ հայկական սփիւռքին նկատմամբ իր թշնամական վերաբերմունքը»:

Փետրուար 2011-ին թրքական «Սապահ» օրաթերթը հաղորդած էր, որ Անգարա կը պատրաստուի նշել 24 ապրիլը եւ աւելցուցած.«Հասկնալով, որ անցեալ իրադարձութիւններուն հետ կապուած հոգեխեղումը կարելի չէ դիւրութեամբ յաղթահարել, Անգարա ձեռնարկած է որոշ քայլերու, որոնց իրականացումը պիտի նպաստէ հոգեբանական պատնէշներու յաղթահարման»: Եւ այդ մէկը կատարելու ի՞նչ աւելի լաւ միջոց, քան Թուրքիոյ հայ դեսպանի մը նշանակումը:

«Սապահ» կը հաղորդէր նաեւ, որ Թուրքիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին որոշում տրուած է այդ նպատակով կապեր հաստատելու հայկական սփիւռքի, յատկապէս ամերիկաբնակ հայերու հետ, ինչպէս նաեւ մասնակցիլ սփիւռքի ներկայացուցիչներուն կողմէ այդ օրերուն կազմակերպուելիք ձեռնարկներուն: Օրաթերթը կ՛աւելցնէր, որ հայ ժողովուրդին հասնելու համար սփիւռքի հետ երկխօսութիւն պէտք է ծաւալել: Սփիւռքահայութեան հետ կապ հաստատելու աւելի լաւ ի՞նչ միջոց կայ, քան Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու մէջ պաշտօնավարող եւ սփիւռքի հայութեան հետ վստահաբար արդէն իսկ որոշ կապեր հաստատած հայու մը ճամբով: Հետաքրքրական է, որ վերջերս «Թրքիշ Էն.Ուայ.» կայքէջը հաղորդեց, որ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած «Փոփոխութեան ղեկավարներու գերաստիճան» խորհրդաժողովին ծիրին մէջ Տաւութօղլու հանդիպում ունեցած է խորհրդաժողովին մասնակիցներէն Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու հայոց թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեանի հետ:

Վերոնշեալ բաժինին մէջ հաստ գիրերով նշուած բաժինները հասարակաց գիծ մը մատնացոյց կ՛ընեն եւ ցոյց կու տան, թէ հայկական սփիւռքին նկատմամբ Անգարայի ճշդած քաղաքականութիւնը արդէն իսկ մուտք գործած է գործադրութեան հանգրուան: Կը մնայ տեսնել, թէ Թուրքիոյ հայ դեսպանը 24 ապրիլէն առա՞ջ պիտի ստանձնէ իր պաշտօնը, թէ՞ ետք: Յամենայն դէպս, եթէ ոչ այս տարի, ապա յառաջիկայ տարի ան հայ ըլլալու իր իրաւունքը օգտագործելով կրնայ փորձ կատարել առանց հրաւէրի ներկայանալ ոչ միայն Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման, այլեւ որեւէ հայկական ձեռնարկի:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES