ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԻ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ` ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒԻ ԼԻԲԱՆԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու, որ 14 եւ 15 յունուարին այցելեց Լիբանան, հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան երեք պետերուն, ինչպէս նաեւ քաղաքական անձնաւորութիւններու եւ հոգեւոր պետերու հետ:
Լիբանանցի քաղաքական պատասխանատուներուն հետ Տաւութօղլուի ունեցած հանդիպումներուն պարագային ակներեւ դարձաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ անոր ունեցած «պաղ» հանդիպումը:
Շատ աւելի աչքառու էր, սակայն, Հըզպալլայի երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի հետ թուրք դիւանագէտին հանդիպումը, որուն աւարտին երեսփոխան Ռաատ պաշտօնապէս յայտնած էր, թէ իրենք տարակարծիք են որոշ հարցերու պարագային, յատկապէս` Սուրիոյ թղթածրարին առումով:
Քաղաքական հանդիպումներու շրջագիծին մէջ, լիբանանեան եւ արաբական օրաթերթերը լուսարձակի տակ առած են Տաւութօղլուի եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլի միջեւ հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ Պոլսոյ մէջ միջինարեւելեան մակարդակի իսլամ- քրիստոնեայ խորհրդաժողով մը կայացնելու նախաձեռնութիւնը:
Տեղական եւ արաբական մամուլը նոյնքան կարեւորութեամբ արտայայտուեցաւ նաեւ լիբանանցի հոգեւոր պետերուն, յատկապէս քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն հետ Տաւութօղլուի հանդիպումներուն:
«Սաֆիր» օրաթերթի յօդուածագիր Էտմոն Սաապ Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետին Լիբանան կատարած պաշտօնական այցելութեան մէջ կը կեդրոնանայ անոր Պքերքէ այցելութեան վրայ:
Ան կը շեշտէ, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երբեք չէ զարմացած Տաւութօղլուի Պքերքէ կատարած այցելութեան համար եւ մարոնի պատրիարքութեան հոգեւոր պետին հետ դիւանագիտական բառամթերքով անոր ունեցած զրոյցով:
«Միւս կողմէ, մեզի յստակ է նաեւ Ռայի պատրիարքին մտավախութիւնները, որ յեղափոխութիւններ ապրող արաբական երկիրներուն մէջ ծայրայեղական իսլամ խմբակներ կրնան իշխանութեան հասնիլ, յատկապէս` այն երկիրներուն մէջ, ուր քրիստոնեայ համայնքը որոշ կշիռ մը կը ներկայացնէ: Այս իրականութիւնը մեր յիշողութեան մէջ կ՛արթնցնէ կարգ մը ծայրայեղ սուլթաններու օրով քրիստոնեաներուն հանդէպ Օսմանեան կայսրութեան վարուելակերպին քստմնելի պատկերները, որոնք յատկապէս կը վերաբերին հարկային դրութիւններու պարտադրանքին (սուխրային) եւ լեռներէն դէպի քաղաքները փոխադրութեան ընթացքին անոնց նկատմամբ ցուցաբերուած վարմունքին:
«Այս բոլորը կը յիշեցնեն նաեւ պատմութեան այն էջերը, որոնց մէջ նշուած է թուրք սուլթաններուն եւ անոնց զինուորներուն դերակատարութիւնը` Լեռնալիբանանի մէջ սադրանքներ նախապատրաստելու եւ քրիստոնեայ ու տիւրզի համայնքները իրարու դէմ հրահրելու առումով: Օրին թրքական դերակատարութիւնը հասած է նաեւ մինչեւ քրիստոնեայ եւ տիւրզի համայնքներուն զէնք հայթայթելու, ինչ որ պատճառ դարձած է սպանդներու, որուն իբրեւ հետեւանք` օտար միջամտութիւններ կատարուած են պաշտպանելու համար քրիստոնեաները եւ տիւրզիները:
«Անհրաժեշտ է աւելցնել, որ մարոնի պատրիարքութեան մօտ կը գտնուին Լիբանանի մէջ օսմանցիներուն օրով արձանագրուած բոլոր իրաւազրկումներուն, սովին, բերքի գրաւման, պարտադիր զինուորագրումին եւ անվերադարձ մեկնումին` «Սաֆար պարլիք»-ի բոլոր փաստաթուղթերը: Այդ փաստաթուղթերը եւ այլ մանրամասնութիւններ Էլիաս Հուայէք պատրիարքին կողմէ յղուած են 1919-ին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած Խաղաղութեան վեհաժողովին, որուն ընթացքին բացայայտուած է, թէ Օսմանեան կայսրութիւնը լիբանանցիներուն մէկ երրորդին սպանութեան պատասխանատու է, ինչպէս նաեւ ազատութիւն եւ անկախութիւն պահանջողները կախաղան բարձրացուցած է Ալէյի Ահմեթ փաշայի կեդրոնին առջեւ եւ Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ:
«Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը հետեւած էր Տաւութօղլուի քաղաքական գործունէութեան եւ այն յայտարարութիւններուն, թէ արաբական յեղափոխութիւնները, որոնք իսլամականները դէպի իշխանութիւն կը մղեն, Թուրքիոյ առաջնորդած սիւննիականութեան զարթօնքին սկիզբը կը նկատուին եւ Իրանի ղեկավարած շիիականութեան զարթօնքին վերջը: Ահա այնպիսի կեցուածք մը, որ Լիբանանի եւ այլ շջրաններու մէջ կը բռնկեցնէ սիւննի-շիի լարուածութիւնը, որ կը ծառայէ ամերիկեան-իսրայէլեան ծրագիրին, շրջանը կը պառակտէ եւ Օսմանեան կայսրութեան մնացորդացը մեծ պետութիւններուն միջեւ բաժնելու արարքը կը վերյիշեցնէ: Արարք մը, որ փորձանք էր արաբներուն եւ իսլամներուն, որովհետեւ անոր իբրեւ հետեւանք` Պաղեստինի սիրտին մէջ հիմնուած էր իսրայէլեան պետութիւնը:
«Հետեւաբար Ռայի պատրիարքին հարցումը պիտի ըլլար այն, թէ ի՞նչ կրնայ ըլլալ, եթէ Թուրքիա ամերիկեան, իսրայէլեան եւ թերեւս նաեւ Ծոցի երկիրներու զօրակցութեամբ, շրջանին մէջ վերահաստատէ սուլթաններու ծրագիրը: Ըստ երեւոյթին, Ռայի պատրիարքը չէ համոզուած կրօնական ներումի մասին Տաւութօղլուի տեսութիւններուն, որոնք կը վերաբերին այնպիսի երկրի մը, ուր 500 տարի շարունակ օսմանցի սուլթաններ իշխած են եւ տակաւին կը կրեն անոնց հետքերը: Աւելի՛ն. անոնք ստեղծած են պառակտուած ընկերութիւն մը, որ համերաշխ չէ, հասարակ յայտարարներ չունի, այլ մասնատուած է պետութիւններու համազօր համայնքներու, որոնք նուիրուած են իրենց նեցուկ կանգնող օտար պետութիւններու: Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը յստակ էր, երբ իր կեցուածքներուն մէջ յայտնած էր հետեւեալը. «Թուրքերուն եւ ֆրանսացիներուն կողմէ մեզի կտակուած երկիրը ամբողջական եւ միացեալ չէ, այլ տարբեր պետութիւններու բաժնուած է եւ անոր հաստատութիւններուն եւ հարստութեան կը տիրեն որոշ պատասխանատուներ: Այս բոլորը կ՛ըլլան լիբանանցի ժողովուրդին ապրուստին եւ արժանապատիւ կեանքին հաշուոյն: Հետեւաբար կոչ կ՛ուղղեմ ամուր եւ միասնական երկրի մը, որուն պէտք է նուիրուիլ»», ընդգծեց Էտմոն Սաապ:
«Տիար» լիբանանեան օրաթերթին մէջ լոյս տեսած, Մոհամետ Պաքեր Շըրրիի ստորագրութիւնը կրող վերլուծական յօդուած մը նկատել կու տայ, որ Լիբանան պէտք է զգուշանայ Թուրքիայէն, յատկապէս` Սուրիոյ հանդէպ անոր կեցուածքներուն համար:
«Տաւութօղլու պէտք էր ուղղուէր Նահատակաց հրապարակ, ուր Ճեմալ փաշայի հրահանգով, կախաղան բարձրացուած էին օսմանեան իշխանութեան ընդդիմադիր լիբանանցի հերոսները: Լիբանանցիները այդ կախաղանները կոչած էին «Հերոսներուն օրօրոցը: Միւս կողմէ, սակայն, կարգ մը լիբանանցիներ, որոնք կը փափաքէին վայելել «ամերիկեան դարձած» եւ դաւադրութեամբ լեցուն Թուրքիոյ բարեկամութիւնը, ճիգ չխնայեցին վերջ տալու Նահատակաց հրապարակին վրայ գտնուող այն երեւոյթներուն, որոնք կը յուշէին Օսմանեան կայսրութեան գործած սպանութիւնները: Նահատակաց հրապարակին վրայ գտնուող այդ խորհրդանիշները փճացնելու նպատակն էր ջնջել Թուրքիոյ հետ բարեկամութիւնը ամրապնդող որեւէ խոչընդոտ»:
«Այնուամենայնիւ Թուրքիա վերահաստատեց Իսրայէլի հետ իր դաշինքը եւ Սուրիոյ դէմ իր ցուցաբերած թշնամական մօտեցումներով հրահրեց Իսրայէլի ատելութիւնը` արաբներուն դէմ: Հակառակ այս բոլորին, Իսրայէլ տակաւին կը յուսայ, որ Թուրքիա իսլամական իր ինքնութիւնը օգտագործելով եւ ամերիկեան հովանաւորութիւն վայլելով պիտի կարենայ արաբներուն եւ Իսրայէլի միջեւ հարցերուն լուծում մը գտնել», նշեց Շըրրի:
«Տիար» օրաթերթի այլ յօդուածագիր մը` Իսքանտար Շահին լուսարձակի տակ կ՛առնէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի արտասանած այն խօսքը, որուն համաձայն, շրջանին մէջ ոչ մէկ վարչակարգ կրնայ փարատել տարածաշրջանի փոքրամասնութիւններուն մտահոգութիւնը:
«Պըրրի այս յայտարարութիւնը կատարեց Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած Իսլամները եւ քրիստոնեաները` շրջանին մէջ կատարուող փոփոխութիւններուն առընթեր» խորագիրը կրող խորհրդաժողովի մը ընթացքին :
Նոյն խորհրդաժողովին ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ շրջանին մէջ գտնուող փոքրամասնութիւնները Միջին Արեւելքի մէջ պայմաններու բերմամբ յայտնուած ժողովուրդներ չեն, այլ` Միջին Արեւելքի բաղկացուցիչ հիմնական տարրերէն, որոնց արմատները շատ աւելի խոր են, քան` իսլամները, որոնք ներխուժած են «Արաբական գարնան» մաս կազմող շատ մը երկիրներուն խորհրդարանները եւ քաղած` իրենց յեղափոխութեան պտուղները: Իսկ Տաւութօղլու լիբանանցի պատասխանատուներուն հետ իր հանդիպումներուն ընթացքին հաստատեց, որ Արաբական գարունը սկսած է Լիբանանէն», կը շեշտէ Շահին:
Շարունակելով Տաւութօղլուի այցելութիւններուն իր անդրադարձը, Շահին կը հաստատէ, որ հակառակ Պքերքէ իր կատարած այցելութեան` Սուրիոյ իրադարձութիւններուն մասին Տաւութօղլուի կեցուածքները ոչ մէկ ձեւով երաշխիքներ կու տան Պքերքէի, թէ Սուրիոյ մէջ քրիստոնեայ համայնքը ապահով է:«Անհրաժեշտ է աւելցնել նաեւ, որ Թուրքիա ոչ ոքի ապահովութիւնը կրնայ երաշխաւորել, նկատի ունենալով իր պատմութիւնը եւ իրեն հանդէպ անվստահելիութիւնը` Հայոց ցեղասպանութեան հարցով: Թուրքիա եւ անոր իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը մնայուն կերպով կ՛ուրանան Հայոց ցեղասպանութիւնը, որուն ժխտումը քրէական ոճիրի համազօր դարձած է ֆրանսական իշխանութիւններուն կողմէ», կ՛ըսէ Շահին:
«Նահար» օրաթերթի յօդուածագիր Ռոզանա Պու Մունսեֆի համաձայն, Լիբանանի մէջ Տաւութօղլուի ունեցած հանդիպումներէն բխող հիմնական պատգամը եղած է այն, որ քրիստոնեաները շրջանին մէջ օտարներ չեն. անոնք եղած են շրջանը բաղկացնող հիմնական տարրերը, ինչպէս նաեւ կը նկատուին շրջանին բազմազանութիւնը եւ իւրայատկութիւնը ապահովող գոյութիւն մը:
«Տաւութօղլու հաստատեց նաեւ, որ քրիստոնեայ դերակատարութիւնը աւելի մեծ թափ ստացած է Լիբանանի մէջ, քան` արաբական այլ երկիրներու: Քրիստոնեաները ամէն ջանք ի գործ դրած են պահպանելու համար Լիբանանը: Իսկ ներկայիս Թուրքիա, իր ունեցած արաբական թէ շրջանային բոլոր յարաբերութիւններուն զուգահեռ, պիտի չընդունի, որ հին թէ նոր վարչակարգերուն իբրեւ արդիւնք` շրջանին մէջ քրիստոնեայ գոյութիւնը, իրաւունքներն ու շահերը ազդուին: Ան շեշտեց, որ քրիստոնեաներուն գոյութիւնը պէտք չէ վտանգել յատկապէս Լիբանանի մէջ, նկատի ունենալով քրիստոնեայ համայնքին կարեւորութիւնը, Լիբանանը բռնարարքներէ փրկելու անհրաժեշտութիւնը եւ այն նախազգուշութիւնները, որոնք պէտք է առնուին կանխարգիլելու համար սուրիական իրադարձութիւններուն Լիբանան տեղափոխումը»:
Տաւութօղլու հաստատեց, որ Լիբանան շրջանին հայելին է ու խորագիրը: Եթէ Լիբանանի մէջ յարանուանական եւ համայնքային բախումներ բռնկին, ապա անոնք պիտի տարածուին ամբողջ շրջանին մէջ: Մինչդեռ Լիբանանի մէջ նման լարուածութիւններուն զսպումը, թէեւ վերջ մը չի դներ շրջանին մէջ տիրող համայնքային ու յարանուանական լարուածութեան, սակայն այդ լարուածութիւնը լուսարձակի տակ չ՛առներ եւ ինքնաբերաբար զայն կը պահէ հակակշիռի տակ: Համայնքային ու յարանուանական գրգռութիւններուն անդրադառնալով` Տաւութօղլու շեշտեց, որ յատկապէս սիւննի-շիի լարուածութիւնն է, որ պէտք է հակակշռել, զայն պահելով տարակարծութիւններու սահմաններուն մէջ», կը գրէ Պու Մունսեֆ:
Լիբանանեան «Ժումհուրիա» օրաթերթի Պոլսոյ թղթակից Սամիր Սալհայի համաձայն, Տաւութօղլուի Լիբանան կատարած այցելութեան հիմնական նպատակը եղած է պահպանել լիբանանեան-թրքական յարաբերութիւնները եւ Լիբանանը զերծ պահել` այլոց պատերազմներուն գինը վճարելէ:
Ըստ Սալհայի, Տաւութօղլու յայտնած է, թէ ինք բծախնդրութեամբ կը վարուի Լիբանանի հետ, որ իւրայատուկ պարագայ է:
«Հակառակ անոր որ Տաւութօղլու հիւսիսային Լիբանան չէ այցելած եւ տակաւին չէ որոշած հանդիպիլ լիբանանահայ պատասխանատուներու հետ, ան փափաքած է այդ պարտականութիւնը վստահիլ անոնց, որոնք տանտէրերն են, ինչպէս Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը», կ՛աւելցնէ Սալհա:
«Լիուա» օրաթերթի յօդուածագիր Հիւսէյն Զալղութ անդրադառնալով Լիբանանի մէջ Տաւութօղլուի ունեցած հանդիպումներուն, լուսարձակի տակ կ՛առնէ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլի հետ անոր ունեցած հանդիպումը:
Զալղութ կը նշէ, որ ժեմայէլ եւ Տաւութօղլու լրջօրէն քննարկած են շրջանային իրավիճակը` մեկնակէտ ունենալով յառաջիկայ հանգրուանին շրջանին մէջ իսլամ – քրիստոնեայ գործակցութեան հեռանկարները:
«Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են նաեւ յառաջիկայ ամիսներուն Թուրքիոյ հիւրընկալելիք իսլամ- քրիստոնեայ շրջանային բարձր մակարդակի խորհրդաժողովին հնարաւորութիւնները: Այս շրջագիծին մէջ հարկ է նկատի ունենալ, որ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը իր կարգին կը փափաքի շրջանային մակարդակի վրայ իսլամ-քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու խորհրդաժողով մը կազմակերպել` հիմնական մտահոգութիւն ունենալով Իրաքի քրիստոնեայ համայնքին ճակատագիրը, Սուրիոյ մէջ քրիստոնեաներուն դէմ սպառնալիքները եւ Եգիպտոսի մէջ ղպտիներուն պարզած իրավիճակը», նշեց Զալղութ:
Ան յայտենեց, որ շրջանի իրադարձութիւններուն հետեւող աղբիւրներ կը հաստատեն, որ շատ մը տուեալներ ցոյց կու տան, թէ յառաջիկայ հանգրուանին Լիբանան պիտի վերահաստատէ ինքզինք իբրեւ շրջանային եւ միջազգային հաւասարակշռութիւնները վերադասաւորող երկիր մը: Նոյն աղբիւրները հարց կու տան սակայն, որ վերոնշեալ իրականութենէն մեկնելով` լիբանանցիները ինչպէ՞ս պիտի վարուին Լիբանանը չէզոք երկիր յայտարարելու Ռայի պատրիարքին կոչին հետ:
Զալղութ հիմնուելով իր աղբիւրներուն վրայ` կը շեշտէ, որ Լիբանանի համար հազուադէպ եւ պատմական առիթ մը կայ` փաստելու համար, որ ինք պատգամի երկիր է եւ իր կարեւորութիւնն ու արժանիքը այն է, որ ինք կը զգուշանայ սադրանքներու տիղմին մէջ խրելէ:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ լոյս տեսնող «Խալիժ» օրաթերթին համաձայն, Տաւութօղլուի Լիբանան կատարած այցելութեան նպատակն էր սուրիական վարչակարգին հետ Թուրքիոյ ունեցած բախումի ընթացքը փոխադրել Պէյրութ:
«Խալիժ»-ի մէջ նշուած է նաեւ, որ Տաւութօղլու լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններուն հետ իր ունեցած բոլոր հանդիպումներուն աւարտին շեշտած է, թէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ մերժած է Թուրքիոյ կողմէ կատարուած օժանդակութեան փորձերը եւ այդ պատճառով է, որ Սուրիոյ տագնապը աւելի եւս բարդացած է:
ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
Պէյրութ 23 Յունուար 2012

