ԸՆԴ ԵՂԵԳԱՆ ՓՈՂ ԲՈՑ ԵԼԱՆԷՐ

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Չինական օրացոյցով, Վիշապի տարին նոր սկսաւ: Հոյակապ զուգադիպութեամբ մը, հայոց ազգային, հայոց դիւցազուն բանակի օրը յիշատակելու համար, վիշապաքաղ, պատերազմի ու քաջութեան աստուած Վահագնի ուղղութեամբ գացին մեր մտորումները:

Բանակի օրուան առթիւ աւելի քան պատշաճ է վկայակոչել մեր պատմահայր Մովսէս Խորենացիի գրիչով յաւերժացած` Վահագնի ծնունդը աւետող դիւցազներգութիւնը.

«Երկնէր երկին, երկնէր երկիր,
Երկնէր եւ ծովն ծիրանի,
Երկն ի ծովուն ունէր եւ զկարմրիկն եղեգնիկ.
Ընդ եղեգան փող ծուխ ելանէր,
Ընդ եղեգան փող բոց ելանէր,
Եւ ի բոցոյն վազէր խարտեաշ պատանեկիկ.
Նա հուր հեր ունէր,
(Ապա թէ) Բոց ունէր մօրուս,
Եւ աչկունքն էին արեգակունք»:

Հայոց բանակի մէն մի զինուոր, մեզի համար դիւցազնածին Վահագն մըն է` կրակի ու սուրի ընդմէջէն ծնած, Հայոց զինուած ուժերու մէն մի մարտիկ առասպելական արարած մըն է, որուն բազուկի ուժէն կը սարսափի թշնամին:

Իբրեւ աստուածային էակ, իւրաքանչիւր զինուոր նաեւ մեր սիրոյն, մեր գուրգուրանքին, մեր պաշտամունքին արժանի է, ու անոր կեանքը սրբազան արժէք է:

Այս առասպելականի ու աստուածայինի համեմատութիւնը աւելի եւ աւելի կ՛արդարանայ մեզի յատկապէս, երբ գիտենք, որ ճակատի վրայ, մեր զինուորին դիմաց կանգնած թշնամին, զինավարուած է գերարդիական ամէն տեսակի ու հզօրութեան զէնքերով:

Փա՛ռք մեր բանակին, փա՛ռք մեր զինուորին, փա՛ռք մեր առասպելական ծնունդներ յղացող մայրերուն, փա՛ռք մեր հայրենասիրութիւնն ու հայրենանուիրումը իրենց երակներէն զաւկին փոխանցող հայերուն:

Փա՜ռք յաղթական Հայոց Բանակին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES