ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ պանդոկներու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Փիեռ Աշքար շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական ապակայուն մթնոլորտը երկրին մէջ ի վերջոյ պիտի յանգի տնտեսական եւ քաղաքական ապակայունութեան, որովհետեւ արդէն իսկ երկրին մէջ սկսած են ապահովական խախտումներ արձանագրուիլ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Աաուար շեշտեց, որ վերջերս Լիբանանը հարուածած ապահովական միջադէպերուն ետին կը կանգնի Իսրայէլը:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան պլոքի անդամ, երեսփոխան Էլի Մարունի շեշտեց, որ ապահովական ուժերը պէտք է յստակ կեցուածք որդեգրեն եւ ապահովական խախտումներուն դրդապատճառները բացայայտեն:
Ասորի ուղղափառ համայնքի Զահլէի առաջնորդ Պուլոս Սաֆար եպիսկոպոս շեշտեց, որ Զահլէի ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ դէմ գործուած պայթումը կրնայ կրկնուիլ, որովհետեւ անոր նպատակն է երկրին մէջ լարուածութիւն հրահրել:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Օքապ Սաքըր յայտնեց, որ Սուրիան Եգիպտոս չէ եւ ոչ ոքի շահերուն կը ծառայէ Սուրիոյ վարչակարգին փլուզումը:
ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, երեսփոխան Մոհամետ Քապպարա եւ Նաժի Քանաան Լիբանանի մէջ բնակող սուրիահպատակ աշխատաւորներէ պահանջած են սուրիական իշխանութիւններուն դէմ ցոյցեր կատարել:
«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա պիտի մերժէ մաս կազմել այնպիսի կառավարութեան մը, որուն Ֆայսալ Քարամէ մաս չի կազմեր:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին քննադատեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախարարները` զանոնք կոչելով ձախող նախարարներ:
ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ կառավարութեան վարչապետ Սաատ Հարիրի նախանցեալ օր այցելեց Քաթար, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանի իշխանին հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը եւ լիբանանեան շարք մը այլ հարցեր:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Հաարեց» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի հետ որեւէ այլ բախումի պարագային` Իսրայէլ Լիբանանի դէմ ցամաքային հսկայ յարձակում մը պիտի սանձազերծէ:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Զիատ Պարուտ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք երկրաշարժի մասին տուեալներ չկան, սակայն անհրաժեշտ է նախազգուշութիւններու դիմել:
ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ կառավարութեան պետական նախարար Ատնան Քասսար շեշտեց, որ Սուրիա իր տագնապը պիտի յաղթահարէ` աւելցնելով, որ Սուրիոյ ապահովական կայունութիւնը Լիբանանի կայունութեան իսկական երաշխիք է:
ՄԱՐՈՆԻՆԵՐՈՒ Պշարա Ռայի պատրիարքը յառաջիկայ 11 ապրիլին պիտի այցելէ Վատիկան: Կը նախատեսուի, որ Ս. Պետրոս տաճարին մէջ ան մատուցէ շնորհակալութեան պատարագը:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը երէկ ոտնձգութիւններ գործեց Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ` թռիչքներ գործելով հարաւային Լիբանանի Ռըմէյշ եւ Ալմա Շաապ գիւղաքաղաքներուն վերեւ: