«ՍԱՈՒԹ ԻՐԱՔ» ԿԱՅՔԷՋԻՆ ՎՐԱՅ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱԾ Է ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ ՄԸ
Իրաքի քիւրտերուն պատկանող «Սաութ Իրաք» կայքէջը երեքշաբթի, 24 յունուարին զետեղած է Զուհէյր Շընթաֆի «Թուրքիա պէտք է հայերուն հատուցում կատարէ» խորագիրով յօդուած մը:
Յօդուածագիրը կը գրէ, որ Ֆրանսայի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքի որդեգրումէն ետք հայերուն դիմաց Թուրքիայէն հատուցում պահանջելու ճամբան հարթուած է: Ան աշխարհի հայկական կազմակերպութիւններուն կը յորդորէ հատուցում ստանալու նպատակով Ֆրանսայի մէջ Թուրքիոյ դէմ դատական հայցեր ներկայացնելու:
Յօդուածի վերջաւորութեան ան հարց կու տայ. «Արդեօք առանց հայերուն դէմ իրենց գործածին համար ներում հայցելու թուրք քաղաքագէտներու Ֆրանսա մուտք գործելը արգիլող նոր որոշում մը պիտի տեսնե՞նք»: Յօդուածագիրը փափաք կը յայտնէ, որ հայկական կազմակերպութիւնները այդ ուղղութեամբ աշխատանք տանին:
CATEGORIES Հայկական

