ԼՈՒՐԵՐ ԴՊՐԵՎԱՆՔԷՆ. ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ԲԱՐԵԿԱՄՆԵՐՈՒՆ ԱԶՆԻՒ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ

Սիրելի բարեկամներ,

Բարձրօրէն կը գնահատենք ձեզ` դպրեվանքին հանդէպ ձեր ունեցած հետաքրքրութեան համար:

Դպրեվանքի բարեկամներ եւ դպրեվանք կապը առաւել ամրապնդելու առաջադրանքով` կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները գրեթէ ամէն ուրբաթ եւ շաբաթ (երբեմն ալ միւս օրերուն), ժամը 19:00-20:00, դպրեվանքի մէջ տեղի ունեցող արտադասարանային ձեռնարկներուն:

Փետրուարին նախատեսուած են հետեւեալ ձեռնարկները.

1.- Ուրբաթ, 3 փետրուար, ժամը 19:00, Ճորճ սրկ. Լէյլէկեան, «Առաքելական եկեղեցիները եւ ազատ եկեղեցիները այսօր», ուսանողական խորհուրդի կազմակերպութեամբ:

2.- Ուրբաթ, 10 փետրուար, ժամը 19:00, Տիրայր արք. Փանոսեան, Լիւսի Թիւթիւնճեան, Զաւէն Խտըշեան, Մկրտիչ Մազմանեան, Յարութիւն Նագուլեան, Գրիգոր Նորիկեան, Հուրի Շեքերճեան եւ Լենա Քելեկեան: Հայ արուեստագէտներու հաւաք-զրոյց, «Ի՞նչ է սրբանկարչութիւնը, եւ ո՞վ է սրբանկարիչը». զրոյցը պիտի վարէ Մովսէս Հերկելեան, նկարչական եւ ձեռային աշխատանքներու խմբակի կազմակերպութեամբ:

3.- Շաբաթ, 11 փետրուար, ժամը 19:00, տոքթ. Ժիրայր Մալաճանեան, «115-ամեակ ծննդեան եւ 75-ամեակ մահուան Եղիշէ Չարենցի», գրական խմբակի կազմակերպութեամբ:

Առաւել, կը հրաւիրենք ձեզ դպրեվանքին հետ ըլլալու ուրբաթ, 24 փետրուար, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Պուրճ Համուտի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Մեծ պահքի հսկումի ժամերգութեան, որ պիտի կատարուի մեր սաներուն կողմէ, եւ որուն ընթացքին պիտի քարոզէ Զօհրապ Աւագ սրկ. Աշըգեան:

Կամքէ անկախ պատճառներով ձեռնարկները կրնան փոփոխութեան ենթարկուիլ կամ յետաձգուիլ: Անպատեհութիւններու առաջքը առնելու համար, ձեռնարկներուն ամբողջական տեղեկութիւնները կրնաք քաղել Հայր Ստեփանոսէն` հեռաձայնելով 04-983634 եւ 03-674954 թիւերուն:

ՏԵՍՉՈՒԹԻՒՆ

28 յունուար 2012

ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՀԵՏ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանեցիներուն ձայնը մեր ժողովուրդին հասանելի դարձնելու առաջադրանքով, դպրեվանքը, «Վանայ ձայն»-ի տնօրէնութեան հետ գործակցաբար, «Վանայ ձայն»-էն յունուարէն յունիս ամիսներուն հետեւեալ չորս յայտագիրները պիտի ներկայացնէ.

Առաջին, «Աստուածպաշտութիւնը եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ս. պատարագը» նիւթը ընդգրկող հաւաքական խորհրդածութեան շարք, որ հինգ մասերէ պիտի բաղկանայ եւ պիտի սփռուի յունուարէն մայիս, իւրաքանչիւր ամսուան վերջին չորեքշաբթի օրը, իրիկուան ժամը 7:00-7:30: Շարքին առաջին խորհրդածութիւնը սփռուեցաւ չորեքշաբթի, 25 յունուարին: Խորհրդածութիւնը պիտի վարէ դպրեվանքի տեսուչ սրբազան հայրը` Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, մասնակցութեամբ դպրեվանքի շրջանաւարտ վեց աւագ սարկաւագներուն:

Երկրորդ, Մեծ պահքի ընթացքին, դպրեվանքի սարկաւագները պիտի ներկայացնեն 14 խորհրդածութիւններ, որոնք պիտի սփռուին փետրուարէն ապրիլ, ամէն չորեքշաբթի եւ ուրբաթ առաւօտները` ժամը 7:00-7:30, արեւագալի ժամերգութեան ընթացքին: Խորհրդածութիւններուն նիւթերն են. «Պահքը եւ Մեծ պահքը», «Անհատական եւ հաւաքական աղօթքը», «Ողորմութիւն», «Ապաշխարութիւն», «Հաւատք», «Յոյս», «Միջինք», «Սէր», «Աւագ երկուշաբթի», «Աւագ երեքշաբթի», «Աւագ չորեքշաբթի», «Աւագ հինգշաբթի», «Աւագ ուրբաթ» եւ «Աւագ շաբաթ, Ս. յարութիւն (զատիկ)»:

Երրորդ, «Եկեղեցին հայկական» յայտագիրէն երեք հարցազրոյցներ տեղի պիտի ունենան դպրեվանքի տեսչութեան եւ ուսանողներուն հետ` դպրեվանքի առօրեային եւ առաքելութեան նուիրուած: Այս հարցազրոյցները պիտի սփռուին մարտ, ապրիլ եւ մայիս ամիսներուն, իրիկուան ժամը 7:00-8:00: Առաջին հարցազրոյցը տեղի պիտի ունենայ, հինգշաբթի, 8 մարտ, իրիկուան ժամը 7:00-ին: Հարցազրոյցները պիտի վարէ Գրիգոր սրկ. Ալլոզեան:

Չորրորդ, երկուշաբթի, 4 յունիսին, ուրբաթ, 8 յունիսին, չորեքշաբթի, 13 յունիսին եւ շաբաթ, 16 յունիսին գիշերային եւ առաւօտեան ժամերգութիւններ պիտի սփռուին Պիքֆայայի դպրեվանքի Ս. Աստուածածին մատուռէն, առաւօտեան ժամը 7:30-8:00:

Կը հաւատանք, որ այս միջոցաւ դպրեվանքը առաւել ներկայութիւն պիտի դառնայ մեր ժողովուրդի հաւաքական կեանքին մէջ եւ մեր ժողովուրդը ինքզինք աւելի մօտ պիտի զգայ դպրեվանքի աստուածահաճոյ եւ ազգանուէր առաքելութեան:

Share this Article
CATEGORIES