ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԹՈՒՐՔԻԱ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ ՄԸ

«Լը Մոնտ Տիփլոմաթիք» իր 26 յունուարի թիւին մէջ լոյս ընծայեց Վիգէն Չեթերեանի «Թուրք-հայկական ձախողած հաշտութիւնը» խորագիրով յօդուածը, որ բարեփոխուած օրինակն է Վիգէն Չեթերեանի 8 նոյեմբեր 2011-ին «Հայաթ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած արաբերէն, իսկ 30 դեկտեմբեր 2011-ին «Օփըն Տեմոքրասի» կայքէջին վրայ զետեղուած անգլերէն յօդուածին:

Յօդուածագիրը կը մէջբերէ «Ազդակ»-ի Երեւանի աշխատակից Թաթուլ Յակոբեանը, որ բացատրելով հաշտութեան ձախողութեան պատճառները, կը նշէ, որ երկու կողմերուն սպասումները սխալ հաշուարկներու վրայ հիմնուած էին` հայկական կողմը կը կարծէր, թէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութեան մէջ սթաթիւս քոն կարելի է փոխել առանց Լեռնային Ղարաբաղի սթաթիւս քոն փոխելու, Թուրքիա կը կարծէր, որ երկխօսութիւնը Հայաստանը պիտի մղէր Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին մէջ զիջումներ կատարելու, իսկ միջազգային ընտանիքը մանրամասնութեանց ուշադրութիւն չդարձուց:

Share this Article
CATEGORIES