ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ. ԼԷՅՔԸՐԶ ՅԱՂԹԵՑ ՎՈՒԼՎԶԻ. ՊՐԱՅԸՆԹ ՆՇԱՆԱԿԵՑ 35 ԿԷՏ

Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան ութ ճակատումներ:

Տալաս Մավըրիքս – Սան Անթոնիօ Սփըրզ մրցումը միակն ըլլալով աւարտեցաւ երկարաձգման ընթացքին` ի նպաստ առաջինին` 101-100 արդիւնքով:

Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 106-101 արդիւնքով յաղթեց Մինեսոթա Վուլվզի: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քոպի Պրայընթ նշանակեց 35 կէտ եւ 11 ռիպաունտ:

Նոյնքան կէտ նշանակեց Լեպրըն Ճէյմս, երբ անոր կազմը` Մայեմի Հիթ, 97-93 արդիւնքով յաղթեց Շիքակօ Պուլզի: Վերջինիս մարզիկներէն Տերիք Ռոզ նշանակեց 34 կէտ:

Ստորեւ կու տանք երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

 

Մայեմի Հիթ – Շիքակօ Պուլզ 97-93
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Պոսթըն Սելթիքս 88-87
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Նիւ Ճըրզի Նեթց 94-73
Ինտիանա Փէյսըրզ – Օրլանտօ Մեճիք 106-85
Տալաս Մավըրիքս – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 101-100
Աթլանթա Հոքս – Նիւ Օրլինզ 94-72
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Մինեսոթա Վուլվզ 106-101
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Տենվըր Նակեթց 109-105

Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.

Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Օրլանտօ Մեճիք
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Շիքակօ Պուլզ
Մայեմի Հիթ – Նիւ Օրլինզ
Հիուսթըն Ռոքեթց – Մինեսոթա Վուլվզ
Միլուոքի Պաքս – Տիթրոյիթ Փիսթընզ
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ
Ֆէոնիքս Սանզ – Տալաս Մավըրիքս
Եութա Ճեզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Օքլահոմա Սիթի

 

 

Share this Article
CATEGORIES