ՄԻՔԱԹԻ ՔԱՄԵՐՈՆԷՆ ՍՏԱՑԱՒ ՆԱՄԱԿ ՄԸ

Միքաթի կը կարդայ Քամերոնի նամակը

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որ Միքաթիին յանձնեց Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնէն նամակ մը, որուն նպատակն էր Մեծն Բրիտանիոյ կողմէ Լիբանանի կայունութեան եւ բարեկարգումին զօրակցութեան նոր հանգրուան մը սկսիլը:

Ֆլեչըր նշեց, որ Լոնտոն պիտի բազմապատկէ լիբանանեան բանակին տրամադրած իր մարզումները` նշելով, որ Լիբանան յանձնառու պիտի մնայ միջազգային իր պատասխանատուութիւններուն:

Վարչապետ Միքաթիի այցելեցին նաեւ Թրիփոլիի նախարարներ Մոհամետ Սաֆատի, Ահմետ Քարամէ, Նիքոլա Նահհաս եւ Ֆայսալ Քարամէ, որոնք վարչապետին հետ քննարկեցին Թրիփոլիի եւ յատկապէս հիւսիսային Լիբանանի մէջ բարգաւաճման ծրագիրներու իրագործման վերաբերող հարցեր:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ զբօսաշրջութեան նախարար Ֆատի Ապպուտ, որ Միքաթիի հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող շարք մը խնդիրներ:

Հանդիպումէն ետք Ապպուտ շեշտեց, որ Լիբանան կորսնցուցած է 300 հազար զբօսաշրջիկ, որոնք ամէն տարի ցամաքային ճամբով Լիբանան մուտք կը գործէին:

 

Share this Article
CATEGORIES