ՀՅԴ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ` ՄԱՐՈՆԻՆԵՐՈՒ ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՀԵՏ
Լիբանանցի քաղաքական եւ կրօնական ղեկավարներու հետ հանդիպումներու ծիրին մէջ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց մարոնի համայնքի հոգեւոր պետ Պշարա Ռայի պատրիարքին: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան եւ երեսփոխաններ Յակոբ Բագրատունի եւ Արթիւր Նազարեան:
Նախ եւ առաջ պատուիրակութիւնը Ռայի պատրիարքին նուիրեց հայկական գրաւուած հողերն ու եկեղեցիները ներկայացնող «Երկիր» հատորն ու Ֆրանսական համալսարանի հրատարակութեամբ հայոց տարագրութիւնը պատող «Գաղթականներ» արաբերէն հատորը:
Ապա, 45 վայրկեան տեւողութեամբ երկարատեւ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ պատուիրակութեան եւ պատրիարք հօր միջեւ: Քննարկումի նիւթ դարձաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի տեսակցութիւնը Ռայի պատրիարքին հետ, ուր ան անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան եւ այս իմաստով արդարութիւն կատարելու անհրաժեշտութեան: Ռայի պատրիարք խօսած է նաեւ հատուցումի եւ հայկական եկեղեցապատկան կալուածներուն մասին:
Արծարծուեցան նաեւ լիբանանեան ներքին կեանքը յուզող հարցեր, որոնց կարգին` երկխօսութեան, կառավարութեան աշխատանքին, քրիստոնեայ կողմերու գործակցութեան եւ ընտրական արդար օրէնքի մը մշակման անհրաժեշտութեան մասին:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն եւ քրիստոնեաներու իրավիճակին մասին:


