«ԵԹԷ ՖՐԱՆՍԱ ԻՆՔԶԻՆՔ ԿԸ ՅԱՐԳԷ, ՊԷՏՔ Է ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ԿԱԶՄԷՆ ԴՈՒՐՍ ԳԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ՔԸԼԸՃ
Ազրպէյճանական «1նիուզ.ազ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հուլուսի Քըլըճ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 20-ամեակին նուիրուած խորհրդաժողովին ընթացքին յայտարարած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին որդեգրումով Ֆրանսա իր անարդար դիրքորոշումը ցոյց տուաւ:
Քըլըճ աւելցուցած է, որ Փարիզ առայժմ ոչ թէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի կազմին մէջ միջնորդ է, այլ` «հակամարտող երկիրներէն մէկուն աջակցող կողմ»: «Իսկ ատիկա որեւէ միջնորդական դիւանագիտութեան մէջ անթոյլատրելի է», ընդգծած է ան:
Քըլըճ նշած է, թէ մօտ օրէն Թուրքիա ԵԱՀԿ-ի, ինչպէս նաեւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու ծիրին մէջ միջնորդական առաքելութեան կազմին մէջ Ֆրանսայի գործունէութեան դադրեցման հարցը պիտի բարձրացնէ:
«Մենք աշխատանք պիտի տանինք այդ ուղղութեամբ: Եթէ Ֆրանսա ինքզինք կը յարգէ, պէտք է ի՛նք մտածէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի կազմէն դուրս գալու մասին», յայտարարած է Թուրքիոյ դեսպանը:
22 դեկտեմբերին Ֆրանսայի Ազգային ժողովին կողմէ Ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրումէն ետք, թրքական եւ ազրպէյճանական կողմերէն բազմաթիւ անգամներ կարծիքներ հնչած են, թէ Ֆրանսա չի կրնար ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին մէջ «չէզոք կերպով գործել», ուստի պէտք է խմբակին մէջ իր գործունէութիւնը դադրեցնէ:
Ազրպէյճանական «Թրենտ.ազ» կայքէջը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յոյսով է, որ ֆրանսացի ժողովուրդը Ֆրանսայի ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու մասին օրինագիծին դէմ պիտի կանգնի:
«Լուսաւորութեան դարաշրջանին Ֆրանսան իբրեւ ամէն ինչի հիմք ընդունեց բանականութիւնը: Սարքոզիի դարաշրջանի Ֆրանսան կը յենի վարդապետութիւններու, նախապաշարումներու եւ անհեթեթութիւններու վրայ: Թուրքիա յոյսով է, որ ֆրանսացի ժողովուրդը պիտի ընդդիմանայ այդ ամէնուն», յայտարարած է Էրտողան:
«Ֆրանսայի խորհրդարանին եւ ծերակոյտին որդեգրած օրինագիծը մեզի համար ոչ մէկ ուժ ունի: Սարքոզիի Ֆրանսան, խորհրդարանին մէջ պատմութիւն գրելու փորձ ընելով, կը բանայ շատ վտանգաւոր ժամանակաշրջանի մը դուռը: Այդ պատճառով մենք Ֆրանսային կոչ կ՛ուղղենք, որ Ֆրանսայի մէջ բողբոջող այս թունաւոր ծաղիկը աւելի շատ չջրեն: Ֆրանսայի մեր բարեկամներէն, ֆրանսացի ժողովուրդէն կը սպասենք, որ իրենց ձայնը բարձրացնեն: Այս հանգրուանին` օրինագիծին դէմ քուէարկած ծերակուտականներուն հետ պիտի աշխատինք օրինագիծը Սահմանադրական խորհուրդ ուղարկելու: Կը հաւատամ, որ Ֆրանսայի մէջ խելքը գլուխ անձեր վերջ պիտի դնեն Սարքոզիի գլխաւորած ցեղապաշտական եւ խտրական հոլովոյթին: Այսպիսով վերջ դրած պիտի ըլլան նաեւ Թուրքիոյ դէմ թշնամութեան: Թուրքիա մեծ երկիր է, իր մեծութեան համաձայն ալ պիտի շարժի: Դէպքերու զարգացման հետ մենք մեր պատժամիջոցները հանգրուանային ձեւով գործադրութեան պիտի դնենք», ըսած է Էրտողան:


