«ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԸ ԱՅԼԸՆՏՐԱՆՔ ՉՈՒՆԻ» Կ՛ԸՍԷ ՖԻԼԻՓ ԼԵՖՈՐ

Ֆիլիփ Լեֆոր եւ նախագահ Սարգսեան

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Եւրոպական Միութեան Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լեֆորը:

Զրուցակիցները քննարկեցին Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն եւ համագործակցութեան զարգացման վերաբերող հարցեր:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին վերջին զարգացումներուն եւ շրջանային խնդիրներուն:

Ներկայացնելով Եւրոպական Միութեան դիրքորոշումը` Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լեֆոր ընդգծեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծումը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի շրջագիծին մէջ այլընտրանք չունի, եւ բանակցութիւններու ձեւաչափի փոփոխութիւնը չի կրնար արդիւնաւէտ ըլլալ:

Միւս կողմէ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նախանցեալ օր ընդունեց Ֆիլիփ Լեֆորը:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան առնչուող բազմաթիւ հարցեր:

Կողմերը միտքեր փոխանակեցին Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրի ծիրին մէջ ընկերակցութեան համաձայնագիրին շուրջ բանակցային հոլովոյթին, մուտքի արտօնագրային դրութեան դիւրացման, խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտիի ստեղծման բանակցութիւններու սկզբնաւորման վերաբերեալ:

Էդուարդ Նալբանդեան եւ Ֆիլիփ Լեֆոր անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման հոլովոյթի վերջին զարգացումներուն եւ Սոչիի մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած եռակողմանի վեհաժողովի արդիւնքներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES