«ԿԵԴՐՈՆԱՑԷ՛Ք ՖՈՒԹՊՈԼԻ ՎՐԱՅ»
Պարսելոնայի գլխաւոր մարզիչ Կուարտիոլա վերջերս արգիլեց խումբի յետսապահ Տանի Ալվեսին` մասնակցելու էքսպոքս 360 տեսախաղի բացման արարողութեան եւ քարոզարշաւին: 30 յունուարին Տանի Ալվես պէտք է ներկայ ըլլար այդ հանդիսութեան, սակայն մարզիչին պահանջով չմասնակցեցաւ:
Կուարտիոլա կ՛ըսէ, որ ներկայիս բոլոր ֆութպոլիստները պէտք է կեդրոնանան միայն ֆութպոլի վրայ: Այդ իսկ պատճառով, մարզիչը մէկի փոխարէն օրական երկու փորձ կը նախատեսէ:
Յիշեցնենք, որ 28 յունուարին Սպանիոյ ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանին Վիարէալի դէմ մրցումին, Պարսելոնա միայն մէկ կէտ շահեցաւ եւ պարագլուխի դիրքը գրաւող Ռէալ Մատրիտէն այժմ ետ կը մնայ 7 կէտով:
Սպանիոյ բաժակի կիսաւարտականի առաջին հանդիպումին, երթին, Պարսելոնա իր ուժերը պիտի չափէ Վալենսիայի հետ, իսկ քանի մը օր ետք, 4 փետրուարին, Սպանիոյ ախոյեանութեան մրցումներու ծիրին մէջ պիտի ճակատի Ռէալ Սոսիետատի հետ:


