«ԵՍ ՄԻՆՉԵՒ ՎԵՐՋ ՊԻՏԻ ՊԱՅՔԱՐԻՄ» Կ՛ԸՍԷ ՎԱԼԵՐԻ ՊՈՒԱՅԷ

Վալերի Պուայէ

Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի հեղինակ Վալերի Պուայէ Դիմատետրին վրայ իր զետեղած հաղորդագրութեան մէջ կը յայտնէ, որ ինք զարմացած չէ այս օրինագիծին դէմ Սահմանադրական խորհուրդ դիմելու որոշ ֆրանսացի ծերակուտականներու որոշումէն:

Երեսփոխանը կը յայտարարէ. «Հիասթափուած եմ անկէ, որ որոշ խորհրդարանականներ օրինականութիւնը կը գերադասեն մարդասիրութենէն: Հակառակ անոր որ կը յարգեմ անոնց որոշումը, որովհետեւ անիկա անոնց իրաւունքն է, ես միեւնոյն ատեն կը կիսեմ Ցեղասպանութեան զոհերու ընտանիքներուն ցաւը»:

Ան կը նշէ, որ որեւէ պետութեան կողմէ ճնշումը չի կրնար մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան վերաբերեալ իր որոշումին վրայ ազդել` աւելցնելով. «Ես պայքարը մինչեւ վերջ պիտի շարունակեմ»:

Ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթը կը գրէ, որ երեսփոխան Պուայէ յայտնած է, որ «ինծի համար օտար պետութեան ճնշումը չի կրնար ազդել Մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան եւ Ֆրանսայի վեհութեան վրայ: Սակայն առաքելութիւնը տակաւին աւարտած չէ: Այժմ սահմանադրականները պէտք է ներկայացնեն իրենց փաստերը, եւ գիտեմ, որ անոնցմէ շատեր օրէնքի բնագիրին սահմանադրականութիւնը կը պաշտպանեն»:

Օրաթերթը կ՛աւելցնէ նաեւ, որ ծերակուտականները եւ երեսփոխանները Ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը կը բողոքարկեն ի երջանկութիւն Անգարայի եւ ի տխրութիւն Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիի:

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսացի այլ խորհրդարանական մը` Նաթալի Կուլէ յայտարարած է. «Ես շատ ուրախ եմ օրինագիծի բողոքարկման առնչութեամբ: Խորհրդարանին կողմէ այսպիսի օրինագիծի որդեգրումը սխալ էր, եւ մեր այս որոշումով մենք մեր խիզախութիւնը ցոյց տուինք»:

Ամերիկեան ազդեցիկ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը կը գրէ, որ «Սարքոզի յարձակումի կ՛ենթարկուի թրքական կառավարութեան կողմէ, որ կը պնդէ, թէ մէկ դար առաջ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հարիւր հազարաւոր հայերու մահը ցեղասպանութիւն չէ, կեցուածք մը, որ կը հակասէ պատմաբաններու եզրակացութեանց եւ միջազգային կարծիքին»:

 

Share this Article
CATEGORIES