ՕՀԱՆԵԱՆ ԵՒ ԼԵՖՈՐ ԿԱՐԵՒՈՐ ՆԿԱՏԵՑԻՆ ՇՓՄԱՆ ԳԻԾԻՆ ՎՐԱՅ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԱԶՈՒՄԸ
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան երէկ ընդունեց Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լեֆորը եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման եւ պաշտպանութեան մարզին մէջ Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան առնչուող հարցեր:
Երկու կողմերը կարեւոր նկատեցին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի ուժերու շփման գիծին վրայ լարուածութեան նուազման ուղղուած գործողութիւններու, մասնաւորաբար, փոխադարձ վստահութեան ամրապնդման նախաձեռնութիւններու ձեռնարկման անհրաժեշտութիւնը: Նշուեցաւ, որ այդպիսի արդիւնաւէտ միջոցառում կրնայ ըլլալ առաջնային գիծին վրայ զինադադարի խախտման պատահարներու անաչառ հետաքննութեան միջազգային մեքանիզմներու ներդրումը:
Օհանեան եւ Լեֆոր արձանագրեցին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ պաշտպանութեան մարզին մէջ համագործակցութիւնը զարգացնելու հաւանական հեռանկարներ:


