ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԲԱԺԱԿԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄԸ` ԳԻՒՄՐԻԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԱԾ ՄԱՐԶԱԴԱՇՏԻՆ ՎՐԱՅ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը հաղորդեց, որ 29 ապրիլին նախատեսուած Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 2011-2012 տարեշրջանի աւարտական հանգրուանի մրցումը տեղի պիտի ունենայ Գիւմրիի քաղաքային վերանորոգուած մարզադաշտին վրայ:

Նշենք, որ նոյն օրը տեղի պիտի ունենայ նաեւ մարզադաշտին պաշտօնական բացումը:

Նշենք, որ նախապէս այլ առիթներով աւարտական մրցումները տեղի ունեցած են նաեւ Աբովեանի եւ Իջեւանի մէջ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES