ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՔՈՆԿ ՖՈՒԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ

Լիբանանի քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնը գումարեց իր տարեկան համագումարը Պուտտա ակումբին մէջ` գլխաւորութեամբ նախագահ Ժորժ Նասիրի, ֆետերասիոնի անդամներուն եւ 15 ակումբներէն 10-ին նեկայացուցիչներուն, որոնք քուէարկելու իրաւունք ունին:

Այդ 10-ին ներկայութիւնը արդէն իսկ բաւարար էր, որ ժողովը սկսի քննարկելու օրակարգին վրայ դրուած հարցերն ու քննարկումի առարկայ եղող նիւթերը` նկատի ունենալով, որ ժողովը կը նկատուէր օրինական:

Ներկաներուն ուղղած բարի գալուստի իր խօսքէն ետք, նախագահ Նասիր շեշտեց այն կարեւոր կէտը, որ 2011 տարեշրջանը եղաւ մեծապէս արդիւնաւէտ` նկատի ունենալով, որ տեղի ունեցած մրցաշարքերը եղան բազմաթիւ, իսկ մասնակցողներուն թիւը` գերգնահատելի:

Ան փափաք յայտնեց, որ ֆետերասիոն-ակումբներ կապը ըլլայ միշտ սերտ:

Իր խօսքին վերջին բաժինին մէջ ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Պուտտա» ակումբին, որ հիւրընկալեց այս համագումարը:

Այնուհետեւ ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Պասսամ Նոհրա կարդաց ֆետերասիոնի 2011 տարուան գործունէութեան տեղեկագիրը, որ վաւերացուեցաւ բոլորին կողմէ: Ապա ան ներկաներուն փոխանցեց 2012 տարեշրջանի յայտագիրը:

Share this Article
CATEGORIES