ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ՔԼԻՆԹԸՆԸ
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը խստօրէն քննադատեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի կողմէ հինգշաբթի, յունուար 26-ին կատարուած այն յայտարարութիւնը, թէ Ուաշինկթընի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը «շատ վտանգաւոր դուռ մը պիտի բանայ»` պատասխանելով Ֆրանսայի խորհրդարանին եւ ծերակոյտին կողմէ Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծին մասին հարցումի մը: Քլինթըն կրկնեց, թէ ասիկա պէտք է պատմական քննարկումի նիւթ դարձնել:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչը խստօրէն քննադատեց Քլինթընի այս յայտարարութիւնը` զայն Թուրքիոյ կողմէ շարունակուող ուրացման քաղաքականութեան մեղսակցութիւն նկատելով, յիշեցնելով, թէ նոյնինքն Քլինթըն, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա եւ Ճօ Պայտըն, նախքան ներկայ վարչակազմին գլուխը անցնիլը, հաստատած էին, թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը պատմական իրողութիւն մըն է եւ խոստացած էին զայն ճանչնալ իշխանութեան գլուխ գալէ ետք:
Հայ դատի յանձնախումբը նաեւ դատապարտած է այն իրողութիւնը, որ Քլինթըն մօտիկ կապեր ունի Թուրքիոյ համար լոպիական աշխատանք կատարողներու հետ եւ ցարդ մերժած է ամերիկահայութեան հետ հանդիպելու դիմումները:

