ՏԵՍԱԿԷՏ. ԺԱՄԱՆԱԿԻ ՎԱՏՆՈՒՄ ՄԸ
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Թուրքիոյ պետական «Թէ.Ռէ.Թէ.» պատկերասփիւռի կայանը հինգշաբթի, 26 յունուարին, հրէական Ողջակիզումի յիշատակի օրուան նախօրեակին սկսաւ սփռել Ողջակիզումին մասին 9 ժամ տեւողութեամբ ֆրանսական վաւերագրական ժապաւէն մը` այդպիսով ըլլալով իսլամական առաջին երկիրը, որ զայն կը սփռէ: «Շոա» խորագիրով վաւերագրական ժապաւէնը նախապէս ալ Թուրքիոյ մէջ ցուցադրուած էր, սակայն թրքական շարժանկարներու փառատօնի մը ընթացքին` սահմանափակ թիւով դիտողներու համար: Իսկ այսօր ինչո՞ւ կը ներկայացուի լայն հասարակութեան:
Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ռանըլտ Ռիկըն կը նշէ, որ «քաղաքականութեան մէջ ոչինչ պատահաբար կ՛ըլլայ. եթէ պատահի, կրնաս գրաւ դնել, թէ այդպէս ծրագրուած էր»: Այս առումով Թուրքիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանին նշեալ վաւերագրական ժապաւէնը սփռելու որոշումը եւս պատահական չէ: Անիկա քաղաքական որոշում մըն է եւ տրուած է մղուած երեք ազդակներէ` 1) Հրէական կազմակերպութիւններու կողմէ Թուրքիոյ մէջ հակասեմականութեան աճումին մասին զգուշացումները, 2) Թուրքիա-Իսրայէլ լարուած յարաբերութիւնները եւ 3) Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրումը:
1) Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը փորձեն աշխարհի տարածքին հրէական ազդեցիկ կազմակերպութիւններուն եւ ընդհանրապէս միջազգային հասարակութեան համոզել, որ Թուրքիան հանդուրժողականութեան օրրան մըն է, որուն պետական պատկերասփիւռի կայանը իրերայաջորդ օրերու վրայ հանգրուանաբար կը ցուցադրէ հրէական Ողջակիզումին մասին 9 ժամ տեւող վաւերագրական ժապաւէն մը: Ինչ որ աչքի փոշի ցանելու ի զուր փորձ մըն է. պատկերասփիւռի պաստառը չի կրնար ծածկել կամ նոյնիսկ շպարել գետնի վրայ եղող տգեղ իրականութիւնը:
2) Տաւոսի մէջ Իսրայէլի նախագահին նկատմամբ Թուրքիոյ վարչապետին ցուցաբերեած կեցուածքէն, անոր իրերայաջորդ ամբոխավարական յայտարարութիւններէն եւ «Մաւի Մարմարա»-ի միջադէպէն ետք, Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւնները յայտնուած են խորխորատին մէջ, եւ վաւերագրական ժապաւէնի մը ցուցադրութիւնը, որքան ալ երկարաշունչ ըլլայ ան, չի կրնար զանոնք բարելաւել:
3) Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը փորձեն նաեւ Փարիզը նեղի մատնել` ցոյց տալով, որ մինչ Ֆրանսա Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելով «խօսքի ազատութիւնը կը սահմանափակէ», Թուրքիա իր պետական պատկերասփիւռէն կը ցուցադրէ Ողջակիզումին մասին վաւերագրական ժապաւէն մը` հակառակ Իսրայէլի հետ լարուած յարաբերութեանց: Անոնք այդ քայլին կը դիմեն նաեւ մեկնելով իրենց այն հիւանդագին ու անհիմն պնդումէն, թէ Ողջակիզումը պատմական փաստ մըն է, իսկ Հայոց ցեղասպանութիւնը` վիճելի իրադարձութիւն մը:
Թուրք վերլուծաբաններու եւ յօդուածագիրներու վկայութեամբ իսկ «շոգեկառքը քալած է», եւ Թուրքիա ոչինչ կրնայ ընել զայն կասեցնելու համար: Հայոց ցեղասպանութիւնը այսօր ճանչցուած է իբրեւ պատմական անհերքելի փաստ, իսկ եթէ կարգ մը երկիրներ եւ ղեկավարներ առայժմ կը զգուշանան այդ մասին բարձրաձայնելէ կամ զայն հայ-թրքական յարաբերութեանց ծիրին մէջ քննարկելի հարց մը կը նկատեն, ատիկա քաղաքական հաշիւներու արդիւնք է միայն, ուստի Թուրքիոյ իշխանութիւնները պէտք է դադրին մանկական խաղերով ժամանակ վատնելէ եւ իրենց երկրին պատմութեան սեւ էջերուն հետ հաշուի նստելու քաջութիւնը ունենան:

