ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ՊԼՈՔԻ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄԻ ԱՌԱՐԿԱՅ ԴԱՐՁՈՒՑ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՆԵՐՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ
Հայկական երեսփոխանական պլոքի քաղաքական խորհուրդը երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեանի: Ժողովին ներկայ էին հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան, պետական նախարար զօր. Փանոս Մանճեան, երեսփոխան Արթիւր Նազարեան, նախկին նախարարներ Շահէ Պարսումեան, Սեպուհ Յովնանեան, Ալեն Թապուրեան եւ Աբրահամ Տէտէեան, նախկին երեսփոխաններ Նուրիճեան Տեմիրճեան եւ Ճորճ Գասարճի, ինչպէս նաեւ Կրեկուար Գալուստ:
Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը նախ լայն զեկուցում տուաւ անցնող օրերուն Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութեան լիբանանցի քաղաքական եւ կրօնական ղեկավարներու կատարած այցելութեանց մասին, ապա քննարկուեցան երկրին մէջ հրապարակի վրայ եղող զանազան հարցերը, ինչպէս նաեւ շրջանային իրավիճակն ու անոր անդրադարձը Լիբանանի վրայ:
Կառավարութեան անդամ նախարարներ Սապունճեան եւ Մանճեան ներկայացուցին կառավարութեան գործունէութեան տարբեր երեսները, միաժամանակ ներկայացնելով կառավարութեան մէջ տիրող ընդհանուր մթնոլորտը:
Երեսփոխան Բագրատունի անդրադարձաւ խորհրդարանական գործունէութեան, ինչպէս նաեւ Երեսփոխանական գրասենեակի աշխատանքներուն ու դիմագրաւած հարցերուն:
Տեղի ունեցաւ կարծիքներու լայն փոխանակում: Ժողովականները շեշտեցին յարաբերութիւններն ու տեսակցութիւնները շարունակելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ չափաւորութեան, երկխօսութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ քաղաքական զգօնութեան սկզբունքներու ամրապնդումն ու տարածումը:
Կոչ ուղղուեցաւ նաեւ, որ կառավարութիւնը յաւելեալ բծախնդրութեամբ եւ արագութեամբ հետաքրքրուի ժողովուրդի ընկերային ու կենցաղային արդար պահանջներով առաջքը առնելու համար նոր բարդութիւններու եւ ժողովրդային պոռթկումի:

