50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (4 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 1962)

ԳՐԱԽՕՍԱԿԱՆ

«ԻՄ ԱՇԽԱՐՀԷՆ»
ՀԵՂԻՆԱԿ` ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Նոր տարուան հաճելի մէկ նուէրն է գեղարուեստական գրականութիւնը սիրող ընթերցասէր հասարակութեան` Շահանդուխտի «Իմ աշխարհէն» պատմուածքներու հատորը: Թէեւ վտիտ` իր ծաւալով, 130 էջնոց այս գիրքը չի պատկանիր շարքին այն հատորներուն, որոնցմով ողողուեցաւ հրապարակը վերջին քանի մը տարիներուն. հատորներ, որոնք գիրք են ի հարկէ, բայց որոնց պարունակութիւնը գեղարուեստական գրականութիւն չէ: Մասնաւորաբար անցնող տարին խիստ ժլատ եղաւ գեղարուեստական գրականութիւնը սիրողներուն հանդէպ, ու սակաւաթիւ նոր երկեր եկան ճոխացնելու արեւմտահայ գրականութեան գանձարանը: Հոս նկատի չունինք թարգմանական գրականութիւնը, ոչ ալ երկրորդ տպագրութեան արժանացողները, այլ` ինքնագիր այն նոր հրատարակութիւնները, որոնք մաս կը կազմեն գեղարուեստական գրականութեան կալուածին:

Այդ քիչերէն մէկն է Շահանդուխտի «Իմ աշխարհէն» հատորը, գեղատիպ եւ ընտիր թուղթի վրայ, ներկայանալի կողքով, զոր գծած է տաղանդաւոր երգիծանկարիչ Տիրանի շնորհալի դուստրը` Սիլվիա Տիրան` յայտնաբերելով գծանկարիչի ժառանգական թաքուն ձիրքը, որ վստահաբար շուտով պիտի զարգանայ իր ուսուցչին` Տիրանի հայրական հոգածութեամբ:

Հեղինակը` Շահանդուխտ, բուն անուամբ Սանդուխտ Պերթիզլեան, անծանօթ մը չէ գրասէրներուն, որոնք հայ մամուլի էջերէն, յատկապէս «Ակօս»-ի եւ «Այգ»-ի միջոցաւ իր գողտրիկ բանաստեղծութեանց եւ գրական փորձերուն ու պատմուածքներուն ընդմէջէն ծանօթացած են անոր: Ան հազուագիւտ խիզախումով մը կը թուի վճռած ըլլալ հետեւելու Սիպիլի, Սրբուհի Տիւսաբի, Զապէլ Եսայեանի, Զապէլ Ասատուրի փշոտ այլ լուսաւոր ուղիին` ընծայաբերուելու հայ գրականութեան բագինին, խառնուելով հոյլին մատի վրայ համրուող գրականութեան սպասարկու արդի հայ կին գրողներուն:

Շահանդուխտի այս գրքին մէջ տեղ գրաւած են 18 պատմուածքներ եւ գրողին «Տենչանքը» իբրեւ ընծայական: Հատորը նախապէս պարբերական մամուլի մէջ լոյս տեսած պատմուածքներու հաւաքածոն չէ: Անոր պարունակութիւնը կազմող բոլոր պատմուածքները առաջին անգամ լոյս կը տեսնեն:

Բոլոր պատմուածքներուն ալ նիւթը վերցուած է լիբանանահայ գաղութի մօտաւոր անցեալէն: Հարազատօրէն պատկերացուած կը գտնենք հոն այն միջավայրը, ուր ապրեցաւ ու տքնեցաւ յետպատերազմեան այն սերունդը, որ կայք հաստատեց այս ափերուն, ու նոր սերունդը, որ ծնողներու զոհաբերութեան միացուցած իր կամքն ու աշխատասիրութիւնը կրցաւ նուաճել բարձունքներ:

Շահանդուխտ` ինքն ալ մէկը, որ մաս կը կազմէ այն սերունդին, որուն մանկութիւնը զուգադիպեցաւ այն շրջանին, երբ լիբանանահայութիւնը իր երկրորդ հայրենիքին մէջ Մեծ եղեռնի ու գաղթականութեան ցնցումէն մասամբ կազդուրուած, սկսած էր շինարարութեան` ամէն ինչ ծայրէն սկսելով: Իրարու յաջորդող պատմուածքներու մէջ կը պատկերանան մասնաւորաբար հայ հիւղաւաններու եւ նոր կառուցուած Պուրճ Համուտի նեղ ու փոշոտ փողոցները` իրենց բնակիչներու կեանքէն զանազան դրուագներ ներկայացնելով:

Պատմուածքներուն նիւթը առնուած է իրական կեանքէն: Հերոսները, առանց բացառութեան, խոնարհներ են. ընդհանրապէս` գրողին մօտիկ շրջանակէն: Անոնց մէջ ներկայ է ինք` փոքր աղջնակ մը, իր ապրումներով եւ յուզումներով, երբեմն` պարմանուհիի իր խոկումներով եւ սէրերով:

Շահանդուխտին ոճը պարզ է ու վճիտ: Արուեստակեալ ոչինչ ունի. սակայն ունի արհեստը` հաճելի կերպով պատմելու, իրապաշտօրէն կեանքէն առնուած պատմուածքներ: Լիբանանահայը սոյն գրքի ընթերցումով պիտի ճանչնայ իր միջավայրը ու վերյիշէ գուցէ իր կեանքէն դրուագներ, որոնք տեղի ունեցած են այդ միջավայրին մէջ:

Արուեստով տրուած յուզիչ պատմուածքներ են «Կախարդական սնտուկը», «Այցելուն…», «Մենթարը», «Կապոյտ վերարկուն», «Քեռիիս ջութակը», «Մատամը տեսա՞ր», «Ամառանոց», «Մանկական մտածում», «Գրասեղաններու կեանքէն», «Արեւելեան բաղնիքներ», «Ուսուցչուհիս», «Ես չքնացայ, դո՞ւն…»: Վերոյիշեալ պատմուածքներուն մէջ կան յաջողապէս ներկայացուած տիպարներ եւ հարազատօրէն պատկերացուած միջավայրեր: Ցնցող տեսարաններ չկան, բայց կան յուզիչ պատկերներ եւ սքողուած թախիծ:

Գիրքը (կարգ մը գրողներու մօտ երեւցող թերութեան մը հակապատկեր) զերծ է օտար լեզուով մէջբերումներէ, բան մը, որ շատ բնական է եւ ատոր համար գնահատանք արձանագրելու կարիք չկայ, ինչպէս որ թատերական ներկայացման մը մասին գրելու ատեն կարիք չկայ նշելու, թէ յուշարարին ձայնը սրահին մէջ չէր լսուեր: Շահանդուխտին գրածը հասկնալու համար կարիք չկայ օտար լեզու գիտնալու: Նոյնիսկ ծայրայեղ բծախնդրութեամբ մը գաւառական լեզուով ըսուած, բայց հասկնալի քանի մը խօսքեր անհրաժեշտ նկատած է գրական լեզուի թարգմանել` աւելորդ կրկնութիւն մը ընելով:

Վստահօրէն այս հատորը իրապաշտ գրականութիւնը սիրող հասարակութեան ջերմ գնահատանքին կ՛արժանանայ` առիթ ընծայելով Շահանդուխտին, որ իր այս երախայրիքէն յետոյ լոյս ընծայէ իր բանաստեղծութեանց հատորը:

Կարելի չէ պատմուածքներուն վրայ մէկ առ մէկ կանգ առնել, սակայն ամփոփելով` բոլորի մասին կարելի է ըսել, թէ անոնց մեծ մասը եթէ կը դրսեւորէ աղքատ ըլլալու դառնութիւնը, սակայն երկու պատմուածքներ ցոյց կու տան նպաստընկալ ըլլալու ողբերգութիւնը. «Մատամը տեսա՞ր» եւ «Այցելուն» մեզի կը ներկայացնեն այդ ողբերգութիւնը: Զգալի է նպաստընկալին նուաստացումը, սակայն, հանդուրժելէ յետոյ այդ նուաստացումին, չկարենալ նպաստ ստանալը, երկրորդ ողբերգութիւնն է: Պէտք չէ մոռնալ, որ այդ պատմուածքները առնուած են իրական կեանքէն: Կարդալով զանոնք` յիշեցի «բարեսիրական» կազմակերպութեան մը պաշտօնաթերթին մէջ երեւցած խումբ մը մայրերու լուսանկարը իրենց երեխաներով եւ այն տուփ մը փոշի կաթով, որ իբրեւ նպաստ ստացած էին:

Շահանդուխտի սոյն գիրքը խոստում մը կը նկատենք ապագայի աւելի մեծ նուաճումներու:

Կ. ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES