ՏԵՍԱԿԷՏ. «ԹՐՔԱԿԱՆԸ» ԵՒ ՄԵՆՔ

Ա. ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ   

Ժայթքող լաւայի նման, ատենը մէյ մը, եւ գլխաւորաբար երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու նախաձեռնութեամբ, պայքարը կը սրի «թրքականին» դէմ: Ժողովուրդին կոչ` թրքական արտադրութիւն չգնելու, պատի յայտարարութիւններ, թերթիկներ, ազդարարութիւններ, եւ ապա… լռութիւն: Ժամանակ մը ետք,  կրկին ժայթքում, կրկին բորբոքում, յայտարարութիւններ, պաստառներ,  բողոքի խօսքեր, յախուռն  ելոյթներ, եւ … կրկին քար լռութիւն:

Անդին` ականջիդ հասնող լորձնաշուրթն արտայայտութիւններ. «Մեր վաճառած պղպեղի մածուկը Այնթապէն է», «ծիրանաչիրը` Մալաթիայի գործ», «չամիչը` Իզմիրի», «այս գիշերանոցները` Պոլիսի արտադրութիւն», իսկ «կօշիկներուն մո՞րթը` թրքական զուտ կաշի. ձեռքովս ընտրած բերած եմ» հաստատումները, հակառակ տարուող հակաքարոզչութեան,  ընդհանրապէս ո՛չ  յօնքերու պռստումի կ՛արժանանան, ո՛չ համապատասխան կեցուածքի, ո՛չ ալ պոյքոթի: Սակաւաթիւ մարդիկ միայն կտրականապէս կը մերժեն «թրքականը», մինչ մնացեալը արտասովոր ոչինչ կը գտնէ այդ արտադրութիւններու օգտագործման մէջ:

Այստեղ փակագիծ մը բանալով, պէտք է ըսել, որ թրքական արտադրութիւնը ամէն տեղ է: Թրքական ժապաւէնը հեռատեսիլի մեր արբանեակներու տրամադրութեան ներքոյ, թրքական չիրն ու չամիչը խանութպաններու քաղցր ժպիտներու կողքին կանգնած, թրքական կօշիկը, պայուսակը, հագուստն ու  ոսկեղէնը վաճառատուներու  ցուցափեղկերու լոյսերուն տակ պլպլուն, թրքական գարեջուրը պարարտ բազմած թրքական պահածոներու կողքին` պահեստանոցներու դարաններուն: Եւ տակաւին երկար է շարքը: Թրքական օդանաւի ընկերութիւնն ու թրքական զբօսաշրջական վայրերը մնայուն ինքնագովերգի մէջ են ամէն ճակատի վրայ, իսկ թրքական միջին ու ծանր ճարտարարուեստի արտադրանքները գրաւած են միջազգային շուկաները: Այցելեցէ՛ք ուտեստեղէնի, հիւսուածեղէնի, կաշեգործութեան ցուցասրահները` Եւրոպայէն մինչեւ Միջին Արեւելք, Ասիա ու Ամերիկաներ եւ պիտի տեսնէք, որ թրքական տաղաւարները մնայուն ներկայութիւն են այնտեղ` մեծաթիւ ու կազմակերպ մասնակցութեամբ: Նոյնիսկ Թուրքիոյ դիմագրաւած տնտեսական սուր տագնապներու օրերուն անոնք հոն էին` իրենց կառավարութեան նիւթական նեցուկը վայելելով:

Իսկ մե՞նք: Մենք (իմա՛ Հայաստանն ու հայկական արտադրանքները) մնայուն բացականերն ենք միջազգային այդ ցուցահանդէսներէն: Տարիներ շարունակ, մոմով անգամ, կարելի չէր եղած  հայկական նոյնիսկ մէկ տաղաւար ճարել հազարաւոր մասնակիցներու մէջ` Եւրոպա թէ այլուր: Հայկական արտադրութիւնները չկային, իշխանութիւնները անտարբեր կը մնային եւ ոչ մէկ ճիգ կը թափուէր հայկական արդիւնաբերութիւնը միջազգայնացնելու:

Վերադառնանք սակայն մեր թեմային: Որպէսզի «թրքականին» դէմ պայքարը արդիւնաւորուի եւ հոսանքն ի վեր թիավարումը վախճանական նպատակ ունենայ, պէտք է նուազագոյնը երկու ճակատներու վրայ մղել մարտը:

Մէկը` հայ անհատի մտածելակերպի փոփոխման ու յաւելեալ քաղաքականացման հարցն է: Հայու ուղեղը  պէտք է շարունակ մրճահարուի այն գաղափարով, թէ «թրքականին» դէմ կեցուածքը սկզբունքային խնդիրի վերածուի, եւ թէ` կարելի չէ մէկ կողմէ ազգային պահանջատիրութիւն ունենալ եւ, միւս կողմէ, Անթալիա արձակուրդի երթալ: Թէ կարելի չէ մէկ կողմէ մեր հողերը պահանջել ու, միւս կողմէ, Թուրքիա մեկնիլ առեւտուրի ու,  թրքական արտածումները քաջալերել: Թէ կարելի չէ մէկ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն նահատակներու արեան հատուցումը սեղանի վրայ ունենալ ու միաժամանակ հացի սեղանի վրայ թրքական արտադրանք ճաշակել: Այլ խօսքով, հայը պարտի համոզուիլ, որ «թրքականի» մերժումը առայժմ կը մնայ ռազմավարական խնդիր եւ քաղաքականութեան որեւէ փոփոխութիւն պէտք է պայմանաւորուի հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու ձեռքբերմամբ միայն: Այս պէտք է իմանան նաեւ Հայաստանի իշխանաւորները եւ հայրենաբնակ «հայեւթուրք պիզնեսի» ջատագովները:

Միւսը` «թրքականին» այլընտրանք ստեղծելու, ճարելու խնդիրն է: Եւ կարգ մը մարզերու մէջ կա՞յ աւելի լաւ ու գրաւիչ փոխընտրանք, քան` հայկականի ընտրանքը: Սկսինք զբօսաշրջութեամբ. Հայաստանը Միջին Արեւելքի հայուն լաւագոյն զբօսավայրին վերածելու գործին մէջ մեծ դերակատարութիւն պիտի ունենան Հայաստանի իշխանութիւնները եւ մասնաւորաբար զբօսաշրջութեան եւ սփիւռքի նախարարութիւնները: Յատկապէս Լիբանանէն եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի երկիրներէն Երեւան չուերթը հեգնականօրէն «թանկ հաճոյք» է (Պէյրութ-Փարիզ-Պէյրութը,  օրինակ, յաճախ աւելի նուազ կ՛արժէ, քան` Պէյրութ-Երեւան-Պէյրութը): Պիտի չքննենք պատճառները: Սակայն պիտի սպասենք, որ վերոնշեալ նախարարութիւնները գործնական քայլերու դիմեն` լուծելու համար այս թնճուկը: Տրամաբանութիւնը պարզ է. չուերթային նուազ արժեգին կը նշանակէ` աւելի մեծ թիւով դէպի Հայաստան  ճամբորդներ (այսինքն` զբօսաշրջիկներ), որոնք ինքնաբերաբար պիտի ծախսեն, սպառեն եւ զարգացնեն հայրենի շուկան ու սատարեն անոր տնտեսութեան զարգացման: Այսինքն, եկէք, ամէն միջոցի դիմենք, որպէսզի Պոլիսը, Մարմարիսն ու Անթալիան փոխարինուին Երեւանով, Սեւանով ու Ծաղկաձորով:

Անցնինք ուտեստեղէնին: Այսօր Հայաստանի մէջ կը գործեն արեւմտեան չափանիշներով պահածոներու, գինեգործութեան, պտուղի հիւթերու, քոնեաքի, գարեջուրի, հանքային ջուրերու, կաթնեղէնի ու պանրեղէնի, տուրմերու, չիրերու, ծխախոտի (երկար է շարքը)  արտադրութեան բազմաթիւ գործարաններ: Ճիշդ է, որ անոնց ղեկավարներէն ոմանք չունին արեւմտեան աշխարհի վաճառականներու ճկունութիւնն ու շուկայական փորձը, ճիշդ է, որ Հայաստանը կը համարուի շրջափակուած երկիր եւ ապրանքատարութիւնը յաճախ կը հանդիպի մեծ դժուարութիւններու, սակայն հոս եւս Հայաստանի առեւտուրի ու ճարտարարուեստի նախարարութիւնները բանալի դեր կրնան վերցնել, երբ արտածող ու ներածող կողմերու միջեւ յստակացուին գործակցութեան եզրերը: Պահը հասած չէ՞ միջինարեւելեան սպառողական շուկաները նաեւ հայկական արտադրութիւններով ողողելու եւ նորօրեայ օսմանցիներու գորշ գայլի ախորժակներուն սահման մը դնելու: Շատերու ակնոցով, Դաւիթի ու Գողիաթի կռիւ է, սակայն անհաւասար կռուի մէջ ալ կարելի է յաղթանակներ ապահովել:

Հայկական արհեստագիտութիւնն ու մանր ճարտարարուեստը այսքանով չեն  սահմանափակուիր անշուշտ, եւ բազմաթիւ այլ մարզերու մէջ եւս Հայաստան կրնայ մտնել մրցակցական շուկայ: Գորգագործութիւն, ասեղնագործութիւն, փայտագործութիւն, քարագործութիւն եւ այլ արհեստներ ու արտադրադաշտեր առեւտուրի շուկայ մուտքի  ու թրքականը փոխարինելու ազդանշանին  կը սպասեն:

Հայկական արդիւնաբերութեան ներածման ծրագիրներուն հանդէպ սփիւռքեան նախանձախնդրութիւնը թէեւ կրնայ ծառայել մէկ քարով երկու թռչուն որսալու, սակայն բնականաբար  չ՛ամբողջացներ «թրքականին» դէմ շղթայազերծուող արշաւի բոլոր նախապայմանները: Կը մնայ լրջօրէն քաջալերել տեղական արտադրութիւնները` այստեղ եւս հակակշռելու համար Թուրքիոյ արտածումները, ինչպէս նաեւ` այլ երկիրներէ ապահովել աւելի բարձրորակ ապրանքներ եւ ծառայութիւններ:

Հայաստանին աշխարհագրականօրէն մօտիկ միջինարեւելեան երկիրները կրնան նաեւ բախտաւորութիւնը ունենալ օգտուելու հայ մշակոյթի (դասական երաժշտութիւն, պարարուեստ, քանդակագործութիւն եւ այլն) ու հայ մտքի (ճատրակի դասաւանդում, համակարգչային ծրագիրներու պատրաստութեան ուսուցում, ուսանողներու փոխանակում) ընձեռած բարիքներէն: Կը մնայ մասնագիտական ու պետական մակարդակներու վրայ յառաջ տանիլ յարաբերութիւնները ու զարգացնել զանոնք:

Նման աշխատանքներու իրականացման պարագային, յանձնառու հայ երիտասարդութեան եւ ուսանողութեան աղաղակներն ու կեցուածքները չեն դատապարտուիր ամլութեան եւ կեանք ու ոգի կը ներշնչեն պայքարունակ հայ մտքին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES