«ՎԱՆԱՅ ՁԱՅՆ»-Ի ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆԻ ՀԵՏ` ՔՈՒԷՅԹԻ ՄԷՋ ԻՐ ԻՆԸ ՏԱՐՈՒԱՆ ՆՈՒԻՐԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻՆ ՄԱՍԻՆ
ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆ.- Անցնող 30¬40 տարիներու ընթացքին Սէուտական Արաբիոյ տարբեր քաղաքներուն մէջ ապրած են հայեր, որոնք կը զբաղին զանազան գործերով:
Նկատի ունենալով, որ թէ՛ քրիստոնէական հաւաքական պաշտամունքը եւ թէ՛ քրիստոնեայ հոգեւորականներու մուտքը այնտեղ խստիւ արգիլուած է, ուստի այնտեղ եւս երբեք չեմ կրցած այցելել: Այսուհանդերձ, երեք տարբեր առիթներով, երբ այցելած եմ Պահրէյն եւ յաջողած` տեղւոյն փոքրաթիւ հայութեան համար սուրբ պատարագ մատուցանել, Պահրէյնի սահմանակից Խոպար Սէուտի կոչուած շրջանին մէջ ապրող 50-60 հայեր` Պահրէյնն ու Սէուտական Արաբիան իրար կապող կամուրջը անցնելով` եկած են Պահրէյն: Անոնք մեծ ուրախութեամբ ներկայ եղած են սուրբ պատարագին եւ ապա Պահրէյնի հայութեան հետ մասնակցած են ընթրիք-խրախճանքին:
Քուէյթ եղած շրջանիս, վերջերս ունէի Սէուտական Արաբիա այցելութեան վերաբերեալ հետաքրքրական նոր ծրագիրներ, որոնց վրայ ներկայիս ալ կ՛աշխատիմ: Անոնց կ՛անդրադառնամ ապագային, երբ իրականութիւն դառնան:
Ինչպէս ըսինք, Պահրէյնի մէջ կ՛ապրին սահմանափակ թիւով հայեր: Իմ վերջին այցելութեան ընթացքին հինգ հոգիէ բաղկացած ժամանակաւոր Ազգային վարչութիւն մը կեանքի կոչած էի, որպէսզի սկսին կազմակերպչական աշխատանքի: Անոնք գործի նոր անցած էին, երբ, դժբախտաբար, անոնցմէ չորսը տեղափոխուեցան Պահրէյնէն ուրիշ քաղաքներ:
Ինչ որ ալ ըլլայ Պահրէյնի թագաւորութեան վիճակը ապագային, երկրին մէջ տարիներէ ի վեր գոյութիւն ունեցող դժգոհութիւնները ծաւալուն ցոյցերու վերածուելէ ետք, չեմ կարծեր, որ նոր հայեր մտածեն հաստատուիլ այնտեղ գործով:
Վերջապէս, քանի մը խօսք ալ` Քաթարի մասին, որ մինչեւ իմ` որպէս կաթողիկոսական փոխանորդ 2002¬ի մարտին Քուէյթ ժամանելս, թեմիս մաս չէր կազմեր, իսկ ներկայիս բաւական լաւ կազմակերպուած վիճակի մէջ է, նախ իմ կողմէս նշանակովի կեանքի կոչուած եւ ապա` ժողովուրդին կողմէ ընտրուած Ազգային վարչութեամբ եւ ենթայանձնախումբերով: Քաթարը, որպէս առանձին շրջան, ազգային կառոյցով օժտելու, այնտեղ հերթական պատարագներ կատարելու, միօրեայ վարժարանը վերականգնելու, կրօնական ու ազգային տօները ժողովուրդի մասնակցութեամբ կատարելու, քոյր եկեղեցիներու հոգեւորականներուն եւ պետական անձնաւորութեանց հետ կապեր ստեղծելու աշխատանքները իրագործեցինք նախքան իմ Անթիլիաս վերադառնալս:
Այսօր Քաթարը, Հիւսիսային Էմիրութեանց եւ Ապու Տապիի շրջաններու նման, արդէն պաշտօնապէս կը մասնակցի թեմական տարեկան ժողովներուն` իր լիազօր ձայնի իրաւունքով պատգամաւորով:
2003¬ին, երբ առաջին անգամ այցելեցի Քաթար, շուրջ 100 հայեր կային այնտեղ. այժմ այդ թիւը 400¬500 հասած է: Նկատի ունենալով երկրի բնական կազի հարուստ պաշարները, տնտեսական բարգաւաճ վիճակը, մենք կը նախատեսէինք, որ շուտով հայութեան թիւը այնտեղ պիտի աճի. առ այդ, ճիշդ ժամանակին կատարեցինք կազմակերպչական լուրջ աշխատանք, որուն շնորհիւ այնտեղ հիմա ունինք բաւական աշխուժ գործող ազգային կառոյցներ, որոնք ապագային կրնան ձեռնարկել շատ աւելի մեծ գործերու:
Քաթարի հայ համայնքի կեանքին մէջ անկիւնադարձային պարագայ պէտք է համարենք վերջերս` փետրուար 22-24 Արամ Ա. կաթողիկոսի, որպէս պետական հիւր, պաշտօնական այցելութիւնը Քաթար, որուն ընթացքին ան հանդիպումներ ունեցաւ նախ երկրի Էմիրին եւ ապա փոխվարչապետին հետ: Այդ առիթով վեհափառը խոստում ստացաւ Էմիրէն` շուտով օժտելու հայ համայնքը հողաշերտով մը, որուն վրայ պիտի կառուցուի հայ համայնքին եկեղեցին եւ կեդրոնատեղին:
Հ.¬ Կրկին շնորհակալութիւն` այս բոլոր տեղեկութեանց համար: Անշուշտ կարելի է շատ աւելի երկար խօսիլ իւրաքանչիւր շրջանի առանձնայատկութեանց, տեղւոյն կրօնական ու ազգային, մշակութային եւ կրթական մարմիններու, միութեանց ու կազմակերպութեանց մասին. սակայն այժմ, երբ դուք արդէն վերջնականապէս զերծ կացուցուած էք այդ թեմի կաթողիկոսական փոխանորդի պաշտօնէն, արդեօք ո՞վ փոխարինեց ձեզ, իսկ դուք ինչպէ՞ս կրցաք բաժնուիլ աշխարհագրականօրէն իրարմէ անջատուած երկիրներու մէջ ապրող, բայց եւ այնպէս ձեր թեմին մաս կազմող ժողովուրդէն: Որքան որ գիտենք, նախքան ձեր Անթիլիաս ժամանելը, ամիսներէ ի վեր ի պատիւ ձեզի հրաժեշտի հանդիսութիւններ տեղի կ՛ունենային, իսկ դուք ձեր Քուէյթէն վերջնականօրէն մեկնելէ 2¬3 օր առաջ տակաւին կը շարունակէիք ձեր հեւ ի հեւ գործունէութիւնը` ձեռնադրութիւններ, պարգեւաբաշխումներ, դրամական հանգանակութիւններ կատարելով: Արդեօք դժուար չէ՞ր ձեզի համար հրաժեշտ առնել ձեր գործակիցներէն ու սիրելի ժողովուրդէն:
ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆ.¬ Ինչպէս տեղեակ էք, արդէն վեհափառ հայրապետը ներկայիս դպրեվանքի տեսուչ, Շահէ եպս. Փանոսեանը նշանակած է որպէս կաթողիկոսական փոխանորդ, որ սակայն իր պաշտօնը պիտի ստանձնէ յունիս ամիսէն ետք: Ինչ կը վերաբերի ձեր երկրորդ հարցումին, անշուշտ որ դժուար եղաւ այդ բաժանումը, ինչպէս նաեւ` զգացականօրէն յուզումնալից: Իսկ հրաժեշտի պատարագներն ու ի պատիւ սրբազան հօր տրուած ողջերթի պաշտօնական ճաշկերոյթներուն եւ արտասանուած երախտագիտական խօսքերուն շարքը նաեւ եղաւ բաւական երկար:
Կը յիշեմ` նոյնը պատահեցաւ ճիշդ ինը տարի առաջ, նոյն ամիսներու ընթացքին, Պարսկաստանը վերջնականօրէն ձգելէս առաջ, յատկապէս Նոր Ջուղայէն բաժանումիս առիթով, ուր անշուշտ ծառայեր էի շատ աւելի երկար տարիներ, շուրջ քառորդ դար:
Երբ տարիներ կ՛ապրիս թեմի մը մէջ, նախ եւ առաջ կ՛ունենաս գործակիցներ, յաջորդական վարչական կազմերու անդամներ. զանազան միութեանց եւ կազմակերպութեանց պատասխանատու անձերու մտերմութիւնը: Անոնց կողքին կը ստեղծուին անձնական բարեկամութիւններ, անկախ այն իրողութենէն, որ անոնք ժողովակա՞ն են, թէ՞ ոչ, որեւէ պաշտօն կամ հանգամանք ունի՞ն, թէ՞ոչ: Աչքիդ առջեւ կը մեծնան հայոց դպրոցի աշակերտ¬աշակերտուհիները, եկեղեցւոյդ դպիր¬դպրուհիները: Օր մըն ալ կը նշմարես, որ երէկուան սիրունիկ մանուկները, արդէն աւելի գեղեցիկ ու խելացի պարման¬պարմանուհիներ են դարձեր:
Որպէս հոգածու հայր` համայնքիդ անդամներուն հետ կը բաժնես անոնց տխրութիւններն ու ուրախութիւնները: Ցաւակից կը դառնաս սգաւորին հետ, կ՛օրհնես պսակը երիտասարդ զոյգերու, յետոյ կը մկրտես անոնց զաւակները: Այս կերպով անձնական կապ մը կը ստեղծուի ժողովուրդին եւ առաջնորդին միջեւ, յատկապէս երբ առաջնորդը խոնարհ, համեստ եւ բնաւորութեամբ հաղորդական անձ մը ըլլայ:
Յետոյ կու գայ օր մը, երբ կը յայտնես, որ ժամանակը եկած է բաժնուելու իրենցմէ: Բնականաբար նախ դուն ինքդ կը տխրիս. այնքա՜ն յիշատակներ ու ծանօթութիւններ ունիս, մտերմութեան պահեր ապրած ես անոնց հետ, բնականաբար` որպէս հոգեւոր հայր, քեզի սիրով եւ յարգանքով կապուած անձինք կը յուզուին, ճիշդ այնպէս, ինչպէս կը յուզուին, երբ իրենց ընտանիքի անդամներէն մէկը պիտի հեռանար իրենցմէ:
Հաւատացեալներէն շատեր, որոնք առիթը չեն ունեցած անձնական մտերմութիւն ստեղծելու սրբազան հօր հետ, բայց ամէն շաբաթ եւ հաւանաբար տարիներ շարունակ քու քարոզներդ, դասախօսութիւններդ լսած են, զանազան հանդիսութեանց ընթացքին պատգամներուդ հաղորդակից դարձած են, քեզմով մխիթարուած, քաջալերուած ու ներշնչուած են, երբ կ’իմանան, որ իրենց սիրած սրբազան հայրը շուտով պիտի մեկնի, եւ երբ եկեղեցի մտնեն, այլեւս խորանին վրայ պիտի չտեսնեն զինք, շատ բնական է, որ յուզուին: Վերջին հրաժեշտի պատարագէս ետք, երբ աջահամբոյր տեղի կ’ունենար, ես շատերու աչքերուն մէջ արցունք տեսայ: Նախ, ի տես այդ երեւոյթին, քիչ մը զարմացայ, սակայն միաժամանակ հոգեկան բաւարարութիւնը ունեցայ, որ իմ էութենէս մասնիկ մը ձգած եմ ո՛չ թէ միայն իմ մտերիմներուս, այլ նաեւ ինծի անծանօթ հաւատացեալներու հոգիներուն մէջ…
Առանց մանրամասնութեանց մէջ մտնելու` յայտնեմ, որ Քուէյթէն Անթիլիաս վերադարձէս ամիսներ առաջ, սկսեալ Հոգեւոր եղբայրակցութենէն, ՀՕՄ¬ը, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ Տիկնանց յանձնախումբը, ՀՄԸՄ¬ը` բոլորն ալ իրենց սիրոյ, յարգանքի եւ երախտագիտութեան արտայայտութիւնները ունեցած էին իրենց կողմէ կազմակերպուած հրապարակային հանդիսութիւններով եւ յանձնած յուշանուէրներով:
Նկատի ունենալով, որ թեմը միայն Քուէյթը չէր, այլ կային շրջաններու համայնքները, ուստի այնպէս մը դասաւորած էի իմ ժամանակացոյցս, որ մօտալուտ Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը, որ միշտ կը կատարէի Քուէյթի մէջ, այս տարի տօնեմ Ծոցի երկիրներու համայնքներուն հետ, Շարժա¬Տուպայի, Ապու Տապիի եւ Քաթարի մէջ:
Ուստի Նոր տարին Քուէյթի մէջ անցընելէ, Նոր տարուան առաջին օրը Քուէյթի մէջ մատուցուած սուրբ պատարագին քարոզելէ ետք, 4 յունուարին մեկնեցայ Տուպայ: Յունուար 6-ի առաւօտեան, առաջին անգամ ըլլալով, Ս. Ծննդեան տօնին Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագեցի եւ յաւուր պատշաճի քարոզեցի` պաշտօնապէս հրաժեշտ առնելով ժողովուրդէն: Նոյն երեկոյ մեկնեցայ Ապու Տապի, յաջորդ օրը` ուրբաթ, 7 յունուարի առաւօտեան պատարագեցի եւ քարոզեցի Ապու Տապիի հայ համայնքի անդամներուն, որոնք հոծ թիւով ներկայ էին:
Յաւարտ սուրբ պատարագի տեղի ունեցաւ հրաժեշտի հիւրասիրութիւն եւ հանդիպում` ժողովուրդին հետ, որուն ընթացքին դարձեալ արտասանուեցան շնորհակալութեան եւ բարի մաղթանքներու անկեղծ խօսքեր` տեղւոյն Ազգային վարչութեան կողմէ:
Այնուհետեւ, 12 յունուարին Միացեալ Էմիրութեանց հոգեւոր հովիւ` Արամ քհնյ. Տէյիրմենճեանին հետ Տուպայէն մեկնեցանք Տոհա` Քաթար, ուր ըստ նախօրօք եղած կարգադրութեան, մատուցեցի իմ հրաժեշտի պատարագս տեղւոյն ղպտի համայնքին պատկանող նորակառոյց եկեղեցւոյ մէջ եւ իմ սրտի խօսքը փոխանցեցի մեր եկեղեցւոյ զաւակներուն:
Այս բոլոր շրջաններուն մէջ, տեղւոյն ազգային վարչութեանց կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցան, ազգային մարմիններու եւ ժողովուրդին մասնակցութեամբ ի պատիւ սրբազան հօր ճաշկերոյթներ, որոնց ընթացքին եղան ժողովուրդի զգացումներուն թարգմանը հանդիսացող երախտագիտութեան եւ մեծարանքի պաշտօնական արտայայտութիւններ` յանուն թեմական ժողովին եւ ազգային վարչութեանց եւ պատկան համայնքի անդամներուն:
Տուպայի մէջ կազմակերպուած ճաշկերոյթին նաեւ ներկայ էր Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Մելիքեանը, որ իր կարգին շնորհակալական եւ գնահատական խօսքը ուղղեց սրբազան հօր: Եղան ասմունքներ ու երգեր, պատմութեան համար առնուեցան խմբանկարներ եւ այլն: Վերջապէս եկաւ Քուէյթէն պաշտօնապէս հրաժեշտ առնելու պահը:
Յունուար 16-ին Տուպայէն վերադարձայ Քուէյթ, ուր հինգշաբթի, 20 յունուարի գիշերը, Քուէյթի Ազգային վարչութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Քուէյթի բոլոր ազգային մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ Հայաստանի դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլեանի մասնակցութեամբ ողջերթի պաշտօնական ընթրիքը, որուն ընթացքին թէ՛ դեսպանն ու անխտիր բոլոր մարմիններու ներկայացուցիչները արտասանեցին իրենց շնորհակալական, գնահատական եւ սիրոյ խօսքերը:
Ի պատասխան այդ բոլորին, մեր շնորհակալութիւնը յայտնեցինք բոլոր անոնց, որոնց հետ համագործակցելու պատիւը ունեցած էինք. իսկ ինչ կը վերաբերի իմ ունեցած ծառայութեան, ինչպէս իմ քարոզներուս մէջ ամէն տեղ, կրկին ու կրկին յիշեցուցած եմ ներկաներուն, այն, ինչ որ կատարած ենք, ըսի, անիկա լոկ մեր պարտականութիւնն էր, պարզապէս գործնական արտայայտութիւնն էր այն, սիրոյն եւ նուիրումին, որ մենք ունեցած ենք մեր խնամքին յանձնուած Հայ եկեղեցւոյ զաւակներուն նկատմամբ:
Նաեւ յայտնեցինք բոլորին, որ Անթիլիաս վերադառնալը հանգստեան կոչուիլ չի նշանակեր, այլ պարզապէս մեր ծառայութեան վայրն ու եղանակը պիտի փոխուին` միշտ հաւատարիմ մնալով Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան սրբազան առաքելութեան եւ մեր կատարած ուխտին:
Վերջապէս, արտասանուած մեծարանքի այդ բոլոր անկեղծ արտայայտութեանց մէջ ես զգացի` իմ անձիս ընդմէջէն մեր ժողովուրդի զաւակներուն, Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ հանդէպ ունեցած անփոխարինելի սէրն ու խորունկ յարգանքը, որ անցեալի դարերէն կու գայ եւ կրկին ու կրկին կը յայտնուի ներկայի մէջ:
Ես միշտ կը յիշէի Միսաք Մեծարենցի «Տուր ինծի, Տէր, ուրախութիւնն անանձնական», աղօթքի պէս արտասանուող քերթուածին բառերը. նոյնպէս կը վերյիշէի Վահան Թէքէեանի «Հաշուեյարդար» քերթուածին, «Կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց» խօսքերը. «Ի՛նչ որ տուի ուրիշին, տարօրինակ, այն միայն»:
Որքա՜ն ճշմարիտ էին բանաստեղծին խօսքերը, երբ կը զգայի, որ մեր ժողովուրդի զաւակներուն հանդէպ իմ տածած սէրս ու նուիրումս էր, որ բիւրեղացած եւ գեղեցկացած, այնքա՜ն անկեղծ եւ հարազատ ձեւով հիմա կը վերադառնար ինծի:
Չեմ կարծեր, որ ասկէ աւելի մեծ հոգեկան բաւարարութիւն կրնայ ունենալ ոեւէ հոգեւորական կամ աշխարհական գործիչ, երբ կը տեսնէ, որ իր անձը նշխարին նման բաշխած ըլլալով իր ժողովուրդի զաւակներուն` ինք աւելի հարստացած է, իսկ իր կեանքը` իմաստաւորուած:
Հ.- Որո՞նք են այն խնդիրները, որոնց լուծումով պէտք է զբաղի ձեզի յաջորդող կաթողիկոսական փոխանորդը կամ առաջնորդը:
ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆ.- Անշուշտ որ մենք ամբողջ թեմի տարածքին, իւրաքանչիւր շրջանի մէջ իրագործուելիք զանազան ծրագիրներ ունէինք: Ինչ կը վերաբերի անմիջականօրէն լուծման կարօտ խնդիրներուն, առաջին հերթին կայ Քուէյթի մէջ տարիներէ ի վեր գոյութիւն ունեցող եկեղեցւոյ եւ առաջնորդարանի կալուածին սեփականատէրը դառնալու խիստ կարեւոր խնդիրը: 2005 թուականէն սկսեալ այս հարցը խորապէս կը մտահոգէ բոլորս: Երկար աշխատանք կատարուած է այս ուղղութեամբ: Քուէյթի համայնքը եթէ օր առաջ այս կալուածը գնելու անհրաժեշտ գումարը չգոյացնէ, (որ երկուքուկէսէն մինչեւ երեք միլիոն տոլարի կը հասնի) եւ չգնէ այն, կրնայ պատահիլ, որ օր մըն ալ կորսնցնէ իր եկեղեցին, առաջնորդարանն ու անոր յարակից այն բոլոր յարմարութիւնները, որոնցմէ այժմ կ՛օգտուի ամբողջ Քուէյթի հայութիւնը:
Մենք յաջողեր էինք, շուրջ երկու տարի առաջ, երկար բանակցութիւններէ ետք, նախօրօք վճարուող վարձքի գումարը գրեթէ կրկնապատկելով` երկու տարուան համար նորոգել վարձակալութեան պայմանագիրը, որ արդէն 2011¬ի մարտին կը վերջանայ:
Երկրորդ հրատապ հարցը Ապու Տապիի մէջ կառուցուելիք եկեղեցւոյ եւ անոր կից միօրեայ հայկական դպրոցի, քահանայ հօր յարկաբաժինի, յարակից այլ շէնքերու եւ հանդիսութեանց մեծ սրահի շինարարական ծրագիրն է: Արդէն շուրջ հինգ տարի է, որ Ապու Տապիի գահաժառանգը, ինչպէս քրիստոնէական այլ համայնքներու, մեզի եւս տրամադրած է շուրջ 2500 քառ. մեթր հողամաս մը: Ապու Տապիի մեր համայնքին մէջ յառաջացած անիմաստ վէճեր, պառակտումներ եւ հակամարտութիւններ այնքա՜ն ձգձգեցին այս հարցին լուծումը, որ երբ վերջապէս բոլոր քարտէսները պատրաստուեցան եւ քաղաքապետարան ղրկուեցան շինարարութեան արտօնութիւն ստանալու համար, պետական պատկան մարմինները սառեցուցին արտօնութիւն տալու խնդիրը: Ափսո՜ս է, այնքան ջանք ու ճիգ, աշխատանք է թափուած այս նպատակի իրագործման համար, մինչեւ իսկ` մեր գալէն մէկ տարի առաջ, կեանքի կոչեցինք շինարարական յանձնախումբ մը, սակայն դժբախտաբար այդ եկեղեցւոյ հիմնօրհնէքը, վեհափառ հայրապետի նախագահութեամբ, կատարելու ուրախութիւնը չտրուեցաւ մեզի:
Ինչ կը վերաբերի Շարժա¬Տուպային, այնտեղ գլխաւոր մտահոգութիւններէն մէկը Տուպայի մէջ ապրող հայութեան հաւաքատեղի մը չունենալու ցաւն է, ինչպէս Շարժայի մէջ ունինք Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրը: Իսկ մեծագոյն մարտահրաւէրը Շարժայի աւելի քան 150 աշակերտ ունեցող «Օհաննէսեան» միօրեայ վարժարանը ամէնօրեայ հայկական վարժարանի վերածելու հրամայականն է:
Այժմ, երբ վեհափառ հայրապետը վերջերս որպէս պետական հիւր Քաթար կատարած այցելութեան ընթացքին տեղւոյն իշխանէն խոստում ստացած է հայ համայնքին հողամաս մը նուիրելու, Քաթարի նորակազմ գաղութը եւս, ուշ կամ կանուխ, պիտի մտածէ իր սեփական եկեղեցին եւ կեդրոնատեղին ունենալու մասին:
Այս բոլորին զուգահեռ, նոր նշանակուած կաթողիկոսական փոխանորդն ու շուտով ընտրուելիք նոր ազգային մարմիններու անդամները պէտք է մտածեն Քուէյթի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ եւ առաջնորդարանի շէնքին` որպէս տարեկան վարձքի գումար, հարիւր հազար տոլար ապահովելու մասին: Նոյնպէս ամէն տարի շուրջ հարիւր հազար տոլար պէտք է գոյացնեն դպրոցի տարեկան պիւտճէական բացը փակելու համար:
Անցնող տարիներու ընթացքին, ոգի ի բռին աշխատելով, մենք յաջողեր էինք այս անյաղթահարելի թուացող դժուարութիւնները յաղթահարել: Յուսանք` թեմի ազգային մարմինները, նոր կաթողիկոսական փոխանորդի գլխաւորութեամբ, առանց վհատելու կը շարունակեն գոյատեւման սրբազան պայքարը` արձանագրելով նորանոր յաջողութիւններ:
Ահաւասիկ մաս մը այն հրատապ հարցերէն, որոնց լուծումներ գտնելու համար նոր կաթողիկոսական փոխանորդն ու իր գործակից ժողովականները պէտք է առնուազն քանի մը տարի գիշեր ու ցերեկ աշխատին, որպէսզի յաջողութեամբ պսակուին վերոյիշեալ կէս մնացած ծրագիրները, անշուշտ եթէ մինչ այդ աւելի հրատապ հարցեր կամ արգելքներ չստեղծուին թեմի հայութեան համար:
(Շար. 2 եւ վերջ)




