ԳԱՂՈՒԹԷ – ԳԱՂՈՒԹ

ԹԵՀՐԱՆ

«Ո՞ՒՐ ՊԻՏԻ ԹԱՂՈՒԻՆՔ» ԹԱՏՐԵՐԳՈՒԹԱՆ
ՊԱՐՍԿԵՐԷՆ ԲԵՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ

Նախաձեռնութեամբ Հայ մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան Արուեստից միութեան, բեմադրութեամբ Սեդրակ Գոջամանեանի, ուրբաթ, 4 մարտին,  «Արարատ»ի կեդրոնատեղիի «Կոմիտաս» սրահին մէջ ներկայացուեցաւ «Ո՞ւր պիտի թաղուինք» թատրերգութիւնը:

Այս թատրերգութիւնը բեմականացուած ու պարսկերէնով գրուած էր Սեդրակ Գոջամանեանի միջոցով` փոխ առնուելով Յակոբ Կարապենցի «Ադամի գիրքը» վէպէն:

Թատրերգութիւնը, որ կը ներկայացնէր սփիւռքի մէջ ապրող իրանցի տարբեր ազգերու ներկայացուցիչներու ինքնութեան անորոշութեան տագնապը, գնահատուեցաւ հայ եւ պարսիկ հանդիսատեսներու կողմէ:

Յայտնենք, որ այս թատրերգութիւնը պիտի մասնակցի Իրանի Ուսանողական թատրոնի փառատօնի մրցոյթի բաժնին մէջ:
ՅՈՒՆԱՍՏԱՆ

ՅՈՒՆԱՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ
ԴԵՐԱՍԱՆՈՒՀԻ ՆԱԶԻԿ ԱՅՏԸՆԵԱՆ

Կազիի շրջանին մէջ գտնուող «Խիթիրիօ» թատրոնին մէջ սկսաւ ներկայացումը «Սիրոյ յաղթանակը» թատրերգութեան, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ յունահայ երիտասարդ դերասանուհի Նազիկ Այտընեան:

Անտրէաս Սթայքոսի թարգմանութեամբ եւ Միխալիս Խածինիքոլիտաքիսի բեմադրութեամբ ներկայացուող Մարիվոյի այս թատրերգութիւնը կը խօսի սիրոյ յաւերժական պայքարի մասին, ուր յաղթողներ ու պարտուողներ կան միշտ. անվերջ խաղ մը, անաւարտ պայքար մը, որ իր ուրոյն գեղեցկութեամբ կը հմայէ մարդիկը:

«Խիթիրիօ» թատերական խումբը զարկ կու տայ ֆրանսացի թատերագիրի բնագիրին յատուկ մօտեցումներուն:

Դերասանուհի Նազիկ Այտընեան նկատել տուաւ թէ Մարիվոյի բոլոր գործերը իւրայատուկ հիւմըրով տրուած են, որ մեծ գոհունակութիւն կը ձգէ հանդիսատեսին վրայ: Երիտասարդ դերակատարներուն համար պահանջկոտ ներկայացում մըն է, որ կատարելապէս կ՛իրագործուի, մանաւանդ` իշխանութեան դէմ դասուող երիտասարդ խանդի եւ ոգիի գերազանց արտայայտութեամբ:

Ներկայացումները պիտի շարունակուին մինչեւ 16 ապրիլ:

«ԶԱՒԱՐԵԱՆ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ «ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՈՒՇԱԳԼԵԱՆ»
ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՆՈՐԱԿԱՌՈՅՑ ՇԷՆՔԻ ԲԱՑՈՒՄ

Նախագահութեամբ թեմի առաջնորդ Խորէն եպս. Տողրամաճեանի, 20 մարտին տեղի ունեցաւ Հայ կապոյտ խաչի Քոքինիոյ Ազգային «Զաւարեան» վարժարանի «Հայաստան Ուշագլեան» մանկապարտէզի նորակառոյց շէնքին բացումը:

Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Ուսումնական խորհուրդի ատենապետուհի Էլի Մինասեան-Մովսէսեան, որ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց վարժարանին պատմականը:

Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք աշխատեցան այս ծրագրի իրականացման համար: Ան մեծապէս գնահատեց մանկապարտիզպանուհիներուն եւ ուսուցիչներուն տարած աշխատանքը, որոնք իրենց տրամադրուածութեան եւ խանդավառութեան առընթեր, այսուհետեւ յարմարաւէտ պայմաններ պիտի ունենան իրենց կարեւոր աշխատանքը կատարելագործելու համար:

Ապա ան հրաւիրեց Յունաստանի Հայ կապոյտ խաչի ատենապետուհի Լիզա Աւագեանը` փոխանցելու իր խօսքը:

Լ. Աւագեան նկատել տուաւ, որ 1927-ին, Հ. Կ. խաչին կողմէ կը հիմնուին «Զաւարեան» նախակրթարանն ու մանկապարտէզը, ուր եկող սերունդները զինուեցան ազգային գիտակցութեամբ եւ պահեցին ազգի ժառանգութիւնը` լեզուն, պատմութիւնը, աւանդութիւնները եւ ազգային արժէքները: Ան հաստատեց, որ հայ ժողովուրդի կէսէն աւելին կ՛ապրի հայրենիքէն դուրս, հետեւաբար մեր ազգային-հասարակական-եկեղեցական մարմիններու ուսերուն կը ծանրանան, իբրեւ հայ, մեզ յատկանշող երեւոյթներու եւ տուեալներու պահպանումը, աւելցնելով, որ Հ. Կ. խաչը գիտակից է այս կացութեան եւ պատրաստ է միշտ օժանդակելու ամէն ձեւով` բարոյապէս թէ նիւթապէս: Ան բացատրեց, թէ Հ. Կ. խաչը կը տարբերի այլ մարդասիրական-բարեսիրական կազմակերպութիւններէ պարզ այդ պատճառով, որ անոր էութեան ու գոյութեան պատճառը ազգին ծառայելն է եւ,  հետեւաբար, հայ ժողովուրդի գոյութեան մտահոգութիւնը նա՛եւ իր գործունէութեան առանցքը դարձուցած է:

Այնուհետեւ Էվա Պէրպէրեան կարդաց Հայաստանի սփիւռքի նախարարի տեղակալ Ստեփան Պետրոսեանին կողմէ ուղարկուած շնորհաւորական նամակը:

Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց թեմի առաջնորդ Խորէն եպս. Տողրամաճեան, որ մեծապէս գնահատեց շէնքի կառուցման աշխատանքը: Ան հաստատեց, որ բոլոր միութիւններու անդամները եւ վարչականները գաղութին ծառայելու իրենց առաջին առաքելութիւնը կը ստանան հայկական մանկապարտէզէն դուրս գալով: Ան հանգամանօրէն անդրադարձաւ նաեւ նուիրուած մանկավարժին` Հայաստան Ուշագլեանին, որուն անունը կրելով`  նորակառոյց մանկապարտէզը խորհրդանշական այն վայրը կը դառնայ, ուր Հայաստան եւ դպրոց կը նոյնանան:

Սրբազան հայրը շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Յունաստանի պետական, նախարարական շրջանակներուն, ազգային-կուսակցական կառոյցներուն, միութիւններուն եւ հայ ժողովուրդին, որոնց ներդրումով կառոյցները կը պահպանուին ու կը շէնանան:
ՔՈՒԷՅԹ

ՔՈՒԷՅԹԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆ` ՖԱԴԷՅ ՉԱՐՉՕՂԼԵԱՆԻ ՀԵՏ

12 մարտին Քուէյթի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ Քուէյթի Հայ դատի յանձնախումբը հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլեանի հետ:

Յանձնախումբի ատենապետ Եղիա Կարպուշեան ներկայացուց Քուէյթի մէջ Հայ դատի յանձնախումբին նպատակն ու գործունէութիւնը: Ան նշեց, թէ Հայ դատի յանձնախումբը Քուէյթի մէջ կեանքի կոչուած է 2007-ին եւ կը շարունակէ որոշակի ազատութեամբ նորանոր աշխատանքներ իրագործել, որուն ընթացքին, սակայն, Արաբական ծոցի երկիրներուն մէջ գտնուելուն պատճառով եւ քաղաքական սահմանափակ պայմաններու բերումով կ՛ունենայ կարգ մը դժուարութիւններ: Կը կազմակերպէ Հայ դատի եւ այլ քաղաքական այժմէական նիւթերով կլոր սեղանի լսարաններ եւ քարոզչական հանրային ձեռնարկներ: Կարգ մը առիթներով արաբերէնով որոշ յօդուածներ կը տպէ տեղական թերթերուն մէջ` քուէյթցի եւ արաբ մտաւորականութիւնը ծանօթացնելու` Հայաստանի, հայութեան ու Հայ դատին, անոնց նեցուկը ապահովելու նպատակով:

Դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլեան ջերմօրէն ընդունեց եւ ողջունեց Քուէյթի Հայ դատի յանձնախումբն ու անոր տարած աշխատանքը: Ան իր եւ դեսպանատան պատրաստակամութիւնը յայտնեց առաւելագոյն չափով նեցուկ կանգնելու յանձնախումբին գործունէութեան:

Հանդիպումի ընթացքին խօսուեցաւ նաեւ ներկայիս տիրող քաղաքական տարբեր իրավիճակներու մասին, ինչպէս նաեւ`  Ղարաբաղի հետ առնչուող թեմաներ:
ԹՈՒՐՔԻԱ

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
ԱՐԾԱՐԾՈՂ ԳԻՐՔ

Թուրքիոյ մէջ մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է «Սերենատ» վէպը, ուր կ՛արծարծուին Հայոց ցեղասպանութեան,  Ողջակիզման եւ քրտական տագնապի թեմաները: Գիրքին հեղինակն է Զիւլֆու Լիվանելի:

Ըստ թրքական լրատուամիջոցներու, գիրքը կը սպառի կայծակնային արագութեամբ: Անցեալ շաբթուան մէջ, երեք օրերու ընթացքին վաճառուած է 50 հազար օրինակ:
ՊԱՂՏԱՏ

ԱՍՄՈՒՆՔԻ ՄՐՑՈՅԹ` ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԻՆ

Կազմակերպութեամբ Պաղտատի Ազգային տարրական վարժարանի տնօրէնութեան եւ հովանաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեանի, 4 մարտին դպրոցի «Կիւլպենկեան» սրահին մէջ Վարդանանց տօնին առիթով տեղի ունեցաւ արտասանական մրցում, որուն ներկայ եղան թեմի Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամները եւ բազմաթիւ ծնողներ:

Ձեռնարկի առաջին բաժինով վարժարանի ուսուցիչ Արամ սրկ. Քեթենճեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա երգերով ու արտասանութիւններով գործադրուեցաւ պատշաճ  յայտագիր մը` աշակերտութեան կողմէ:

Երկրորդ բաժինը կ՛ընդգրկէր արտասանական մրցում` մասնակցութեամբ վարժարանի 12-րդ դասարանի աշակերտուհիներուն, որոնք հերթականութեամբ արտասանեցին Յովհաննէս Շիրազի «Տեսնեմ Անին ու նոր մեռնեմ» բանաստեղծութիւնը:

Աւարտին, դատական կազմը որոշեց յաղթողներուն անունները, որմէ ետք կատարուեցաւ նուէրներու բաշխում: Ձեռնարկը աւարտեցաւ Ազգային իշխանութեան ատենապետ Պարոյր Յակոբեանի քաջալերական խօսքերով, որ նաեւ փակումը կատարեց, եւ ներկաները հեռացան բարձր տրամադրութեամբ:
ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ

ՄԻՒՌՈՆ Ծ. ՎՐԴ. ԱԶՆԻԿԵԱՆԻ ԿՈՒՍԱԿՐՕՆ
ՔԱՀԱՆԱՅ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 30-ԱՄԵԱԿԸ

Հովանաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, կազմակերպութեամբ Նորթ Հոլիվուտի Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ նախաձեռնութեամբ 30-ամեակի յանձնախումբին, 4 մարտին Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ-հանդիսութիւն` նուիրուած Նորթ Հոլիվուտի եկեղեցւոյ հոգեւոր մատակարար Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանի կուսակրօն քահանայ ձեռնադրութեան 30-ամեակին:

Օրուան հանդիսավար Սոնա Մատարեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք, Նորթ Հոլիվուտի եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Խաչիկ Թիթիզեան, ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանի կենսագրականը` վեր առնելով անոր հոգեւոր ծառայութեան զանազան երեսները, որպէս կոչումի տէր եկեղեցական ու հոգեւոր հովիւ,  մտաւորական ու դաստիարակ, հոգեշունչ քարոզիչ, հեղինակ եւ ուսուցիչ ու գործունեայ հոգեւոր մշակ:

Թեմի կրօնական ժողովին անունով Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան եւս վեր առաւ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանի` հայ եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդին երեսուն տարիներու հոգեւոր ծառայութիւնը, որպէս արժանաւոր հոգեւոր մշակի, եկեղեցւոյ խորհուրդները մատակարարողի, հաւատացեալներու հոգեւոր կարիքները բաւարարողի:

Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանի նախկին դասընկեր Ֆրեզնոյէն ժամանած Մարք սրկ. Շիրին, որպէս տարիներու գործակից, վեր առաւ անոր նկարագիրի գիծերը` շեշտելով, որ ան իբրեւ հոգեւոր մշակ ու ներհուն մտաւորական, կազմակերպչական հարուստ փորձառութեամբ, Ֆրեզնոյի հայ համայնքին համար օգտակար գործունէութիւն ծաւալած է. իր օրով բացուած է Շաբաթօրեայ հայկական վարժարանը, Երիտասարդաց միութիւնը, նաեւ «Ձայն» պարբերաթերթը կանոնաւոր կերպով լոյս ընծայուած է եւ կանոնաւորուած` Կիրակնօրեայ դպրոցի ուսումնական ծրագիրը:

Ձեռնարկի ընթացքին տեղի ունեցաւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր, նաեւ ցուցադրուեցաւ վարդապետին կեանքը ներկայացնող տեսերիզ մը:                                                                       Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ մարմինին անունով Յակոբ Ջաղացպանեան շնորհաւորեց Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանը, հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր անդաստանէն ներս անոր երեսնամեայ հարուստ եւ արդիւնաւէտ ծառայութեան, յատկապէս այս վերջին տարիներուն, կիրակնօրեայ դպրոցներուն մատուցած իր անսակարկ նուիրումին ու հետեւողական ջանքերուն համար, նշելով, որ ան նպատակադրած է Կիրակնօրեաներու կրթական մակարդակի բարելաւումն ու կազմակերպումը, ինչպէս նաեւ` ուսումնական ծրագիրի կանոնաւորումը:

Ազգ. վարչութեան ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեան, իր բարեմաղթութիւններուն առընթեր, շնորհաւորեց Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանի երեսնամեայ ծառայութիւնը` իբրեւ Կիլիկեան Ս. աթոռի միաբանի, որ իր երիտասարդ տարիներուն ջանաց լաւագոյնը իրագործել ու հայ եկեղեցւոյ ճամբով ծառայել հայ ժողովուրդի հոգեւոր կարիքներուն:

Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան  վկայակոչեց Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանի հայ հոգեւորականի բարեմասնութիւնները, անձնդիր նուիրումը հայ եկեղեցական արժէքներուն, հաւատքի տոկունութիւնը եւ մանաւանդ` լուռ եւ համբերատար աշխատասիրութիւնը: Ապա առաջնորդը անոր յանձնեց լանջախաչ մը:

Աւարտին սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, որ շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց յոբելենական հանդիսութեան կազմակերպման համար:

Այս առիթով շնորհաւորական խօսքեր եւ բարեմաղթութիւններ յղած էին Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն մայր եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը, Նարեկ եպս. Ալեմեզեան, Ճորճ սրկ. Լէյլէկեան եւ Վարուժան Տէր Սիմոնեան:

ԱԼԻՍ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ` ՔԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ
ՏՆՕՐԷՆՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ

Փասատենայի միացեալ կրթաշրջանը 11 մարտ թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ վերջին երեք տարիներուն կրթաշրջանի դասաւանդութեանց հարցերու գլխաւոր պատասխանատուի պաշտօնը ստանձնած դոկտ. Ալիս Պետրոսեան, կրթական այս տարեշրջանի աւարտին պիտի հեռանայ իր պաշտօնէն, որպէսզի 2012-ին ստանձնէ Քալիֆորնիոյ վարժարաններու տնօրէններու միութեան նախագահի պաշտօնը:

Փասատենայի միացեալ կրթաշրջանը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Ալիս Պետրոսեանին, որ իր կրթական 30-ամեայ փորձառութիւնը ի սպաս դրած է Փասատենայի միացեալ կրթաշրջանին` անոր մեկնումը համայնքին համար «մեծ կորուստ» որակելով:

Կրթական մարզէն ներս շարք մը մրցանակներ ու շքանշաններ ստացած Պետրոսեան կը յայտնէ, թէ Փասատենայի միացեալ կրթաշրջանի պաշտօնէն հրաժարելու որոշումը իր ամէնէն դժուար որոշումներէն մէկը եղած է, որովհետեւ վերջին երեք տարիները արդիւնաբեր եղած են ու նպաստած են նաեւ իր զարգացման: Սակայն ան որոշած է իր նոր պաշտօնը ստանձնել, որովհետեւ անոր միջոցով պիտի կարենայ ներդրում ունենալ նահանգի տարածքին գործող վարժարաններու կառավարման աշխատանքներուն մէջ:

Պետրոսեան նախապէս Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վերահսկիչի օգնականի պաշտօնը ստանձնած էր:

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES