ՀԱՅՐԻ՛Կ, ԿԸ ՄՍԻՄ…
ԳՐԻԳՈՐ ԳՐԱՃԵԱՆ
Խելակորոյս հայրը իր վիրաւոր աղջիկը գրկած` կը վազէր:
– Ըսէ՛ք, կ՛աղաչեմ, ո՞րն է ամէնէն մօտիկ հիւանդանոցը:
Ռիթային արիւնը կը հոսէր անդադար:
Օգնութեան փութացող մարդիկ կը նկատէին, թէ հօր եւ աղջկան հագուստները ամբողջութեամբ ներկուած էին կարմիրով:
– Աղջիկս ձեռքերուս մէջ մահացաւ եւ իր վերջին արտասանած բառերն էին. «Հայրի՛կ, կը մսիմ»:
Երեք երկար տասնամեակէ աւելի այս պատկերը անջնջելի մնացած էր որդեկորոյս Յովհաննէս Յակոբեանի մտքին մէջ: Այժմ Ֆրանսա հաստատուած Յովհաննէս տարին անգամ մը կու գար Լիբանան` իր աղջկան` Ռիթային այցելելու Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մէջ:
Այս տարի իրեն կ՛ընկերակցէր քանատաբնակ թոռնուհին` Ռիթան, որ կ՛ուզէր այցելել մօրաքրոջ շիրիմին: Քսանչորսամեայ Ռիթան չէր տեսած վաղամեռիկ մօրաքոյրը: Անոր անունը կրելը բաւարար էր ապացուցելու, թէ ընտանիքի անդամներուն մտքին մէջ որքան կարօտայուշ ապրումներով ներկայ էր հազիւ տասնչորս գարուններ բոլորած` սպաննուած Ռիթան:
Տարուան առաջին օրն ըլլալով` ճամբաները գրեթէ ամայի էին. հանդարտութիւն մը կը տիրէր գերեզմանատունէն դուրս, իսկ մեռելային լռութիւն մը` ներսը:
Իրենց հարազատ ննջեցեալներուն այցելողներ, ծաղկեփունջեր եւ մոմեր ձեռքերնին, մուտքէն իսկ իրենց ձայնը կը ցածցնէին չխանգարելու համար գերեզմանատան անդորրը: Ապա ամէն մէկը, արահետի մը հետեւելով, կանգ կ՛առնէր իր սիրելիին դամբարանին առջեւ: Սոճիներն ու նոճիները վեր բարձրացող խունկի անուշ հոտը կ՛ըմբոշխնէին ագահաբար, իսկ ճնճղուկներու երգչախումբը մեղմ երաժշտութեամբ մը կը մասնակցէր այցելուներուն եւ տեղւոյն «բնակիչներուն» հաղորդակցութեան:
Յովհաննէս Յակոբեանին աչքերը բնականէն աւելի լայն բացուած էին այդ օր: Ո՛չ յուզում կար, ո՛չ ալ արցունք անոնց մէջ: Այդ չարաղէտ օրէն ի վեր աչքերը միայն ու միայն ընդվզում կ՛արտայայտէին եւ «եթէ»-ներ կը ձեւաւորուէին անոնց ետին. «Եթէ առաջին հիւանդանոցը ընդունէին Ռիթան…», «Եթէ վէրքին վրայ ճնշելով կարենայի արիւնը կեցնել», «Եթէ … եթէ …»:
– Մեծ հայրի՛կ, պատմէ՛ ինծի մօրաքրոջս մասին:
Այս խօսքերը կը սթափեցնեն որդեկորոյս Յովհաննէսը: Ձեռքերով կը մաքրէ տապանաքարի վրայ ինկած նոճիի փշոտ տերեւները. ծաղկեփունջին ծաղիկները մէկ առ մէկ կը զետեղէ մարմարին վրայ, «Աստ հանգչի Ռիթա Յակոբեան»-ին շուրջը, կայծ կու տայ խունկին եւ գլխահակ կը սկսի Ռիթային կեանքին վերջին օրուան պատմութիւնը:
– Թել Զաաթար պաղեստինեան գաղթակայանի կռուին վերջին օրերն էին: Հայաշէնի բարձրադիր մեր տան պատշգամէն շատ յստակ կը տեսնուէր հեռուն, գաղթակայանին շուրջ զինուորական գործողութիւններուն արդիւնք` բարձրացող ծուխը: Բայց մենք, ինչպէս նաեւ թաղեցիները, կը զգուշանայինք մեր կողմերը հասնող ռումբերէն եւ փամփուշտներէն: Ապահովութեան համար տեղափոխուած էինք շէնքին վարի յարկը: Ապահով կը նկատուէր նաեւ շէնքին աստիճաններուն բաժինը, ուր նոյնպէս երբեմն գիշերներ կ՛անցընէինք: Մեր թաղամասէն վար, Պէյրութ գետէն անդին, Պուրճ Համուտի կից կը գտնուէր Նապաայի շրջանը, ուր հաստատուած էին պաղեստինցի զինեալներ. անոնք իրենց արձակած փամփուշտներով հանգիստ չէին ձգեր մեզ:
Ուրբաթ, յուլիս երկու, 1976-ն էր: Թուականը լաւ կը յիշեմ, որովհետեւ Մարի մեծ մամադ, իր սովորութեան համաձայն, օրացոյցէն թերթիկ մը պատռելով` կարդաց օրուան իմաստուն խօսքը, որ կ՛ըսէր. «Մարդ կրնայ զգուշանալ չար աչքերէն, բայց չի կրնար խուսափիլ չար բախտէն»: Անգամ մըն ալ կարդալէ ետք, ինծի դառնալով ըսաւ. «Յովհաննէս, այսօրուանը լաւ չէ»:
Ամբողջ գիշերը չէինք կրցած քնանալ ռումբերու եւ զէնքերու ձայներէն: Ռիթան այդ օր արթնցաւ շատ ուրախ: Սովորականին նման ակումբ պիտի երթար ընկերուհիներուն հետ: Տունը փակուած չէր ուզեր մնալ: Հոն երիտասարդներ գործի վրայ էին. ժողովուրդին հաց, ջուր, ուտեստեղէն կը հայթայթէին, վիրաւորներ հիւանդանոց կը փոխադրէին, ինչպէս նաեւ ինքնապաշտպանութեան եւ շտապ օգնութեան համար ցուցմունքներ կը ստանային: Մեծ մամադ, կարծես բան մը նախազգալով, շատ աղաչեց, որ այդ օր տունէն դուրս չելլէր, ակումբ չերթար: Գէշ երազ տեսած էր գիշերը: Արդէն օրացոյցին թերթիկն ալ լաւ բան չէր ըսեր: Բայց այս բոլորը` անօգուտ: «Տունը նստիմ, ի՞նչ ընեմ, մամա՛,- կը կրկնէր Ռիթան:- Անհո՛գ եղիր, բան մը չ՛ըլլար. ակումբին մէջ ապահով ենք»:
Կէսօրէ ետք թաղեցիները նկատած էին, թէ Նապաայէն արձակազէններ կը կրակէին մեր թաղերուն ուղղութեամբ: Ամէն շարժող բանի կապար մը կը հասնէր: Այնպէս որ, թաղին տղաքը, ապահով տեղեր կեցած, կը զգուշացնէին անցնող-դարձողներ, որպէսզի խուսափէին վտանգաւոր փողոցներէն անցնելէ. վերադառնային կամ փոխէին իրենց ճամբան:
Այս միջոցին հեռուէն տեսանք Ռիթան եւ երկու ընկերուհիները, որոնք կը վերադառնային ակումբէն: Սկսանք զգուշացնել` ձեռքով, պոռալով, որ ետ դառնան. անօգուտ: Երեքը խնդալով, խօսելով կու գային մեր կողմ: Յանկարծ հեռուէն զէնքի ձայն մը լսուեցաւ, եւ Ռիթան ինկաւ գետին: Ընկերուհիները, սարսափած, սողալով քաշուեցան եւ մտան շէնքի մը մուտքը: Հակառակ բարեկամներուս զգուշացումներուն` սողալով հասայ աղջկաս քով:
«Հայրիկ,- ըսաւ-, վիրաւորուեցայ»: Սողալով զինք բերի ապահով տեղ եւ գրկած` սկսայ վազել ասդին-անդին, ես ալ չեմ գիտեր` ո՞ւր: Թաղեցի բարեկամ մը ինքնաշարժը բերաւ, եւ գացինք հիւանդանոց:
Այդ օրերուն տեղացող ռումբերէն եւ փամփուշտներէն վիրաւորուողները այնքան շատ էին, որ հիւանդանոցները տեղ չէր մնացած: Վնասուածներուն մեծամասնութիւնը կը բաղկանար քաղաքայիններէ, որոնք, իրենց տան մէջ գտնուած միջոցին կամ ճամբան քալած ատեն, հեռուէն եկող կապարի մը կամ հրթիռի պայթումէն վիրաւորուած էին: Կային նաեւ ռազմաճակատէն բերուած վիրաւորներ` տեղական կուսակցութիւններու զինեալներ, որոնց ընկերները զէնքի ուժով բժիշկներուն կը պարտադրէին, որպէսզի ձգէին ամէն բան եւ փրկէին իրենց զինակիցը:
Երբ հասանք հիւանդանոցի մուտքը, մեզի ըսուեցաւ, որ տեղ չկար. պէտք էր սպասէինք: Մինչ այդ Ռիթայէն արիւնը կը հոսէր, եւ ան ատենը մէյ մը կը ցնցուէր: Ժամանակ չկար կորսնցնելիք: Ինքնաշարժ նստանք եւ այս անգամ գացինք ուրիշ հիւանդանոց մը: Հոն նոյնը ըսուեցաւ մեզի: Ա՛լ ճար չունէինք: Ռիթան գրկած` մտայ սպասման սրահը: Գետինը, մեր չորս կողմը, բժիշկին սպասող վիրաւորներ կային, բայց բժիշկը կ՛ուշանար: Ռիթան ատենը մէյ մը աչքերը կը բանար, կը նայէր ինծի, թեթեւ մը կը ժպտէր եւ կը գոցէր: Ես կը փորձէի արթուն պահել զինք, կը խօսէի անդադար. «Բժիշկը հիմա պիտի գայ, աղջիկս, լաւ պիտի ըլլաս, քա՛ջ կեցիր»: Այս տեսակ խօսքերով կը մտածէի ժամանակ շահիլ եւ չձգել, որ ձեռքերուս մէջ կորսնցնէի աղջիկս: Քովս գտնուողները աւելի լաւ վիճակի մէջ չէին: Իրարու երես կը նայէինք եւ կը քաջալերէինք զիրար, երբեմն ձայներնիս բարձրացնելով, թէ ո՞ւր էր բժիշկը, ե՞րբ պիտի գար, վիրաւորը մեռնելէն ե՞տք:
Ի՛նչ ըսեմ, ձագուկս. զգացի, որ Ռիթային մարմինը սկսած էր պաղիլ: Ա՛լ արիւն չէր մնացած մարմնին մէջ: Վերջին խօսքը եղաւ. «Հայրի՛կ, կը մսիմ», եւ աչքերը փակեց վերջնականապէս:
Չեմ ուզեր պատմել, թէ ինչպէ՛ս զինք տուն բերի: Տնեցիները լալով եւ պոռչտուքով դիմաւորեցին մեզ:
Յաջորդ օրը մօրաքոյրդ թաղեցինք Մար Մըթըր` տեղացիներուն գերեզմանատունը, իսկ երբ Թել Զաաթարի ճակատամարտը վերջ գտաւ եւ հայկական թաղամասերու պաշտպան` զինեալ հայ տղաքն ալ Նապաա մտան` չէզոքացնելով այդտեղի մարդորսները, Ռիթան բերինք հոս` հայկական գերեզմանատունը:
Յովհաննէս անցեալի չարաղէտ այդ օրուան նկարագրականը ըրած էր քանիցս իր հարազատներուն եւ բարեկամներուն, աչքերը լայն-լայն բացած յաճախ վեր` երկինք նայելով եւ կրկնելով. «Բայց ինչո՞ւ, ինչո՞ւ»:
Ռիթային իրենց այցելութիւնը աւարտած` մեծ հայր եւ թոռնուհի գերեզմանատունէն դուրս կու գան, այնպէս` ինչպէս դուրս պիտի գային տաքուկ բնակարանէ մը, երբ Յովհաննէս Ռիթային դառնալով կ՛ըսէ.
– Վերարկուդ հագի՛ր, հոգի՛ս, չմսիս:
25/1/2012

