«ԳԻՐՔԸ ԿԵԱՆՔԻՍ ԱՄԷՆԷՆ ՍԻՐԵԼԻ ԸՆԿԵՐՆԵՐԷՆ ՄԷԿԸ ԴԱՐՁԱԾ է» Կ՛ԸՍԷ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Արամ Ա. կաթողիկոս` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Շաբաթ, 4 փետրուար 2012-ի առաւօտուն, «Վանայ ձայն»-ի եւ «Օ. Թի. Վի.»-ի հետ Հայ գիրքի տարուան առիթով ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին, Արամ Ա. կաթողիկոս յատուկ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ հայ գիրքին ունեցած առանցքային դերին` հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ: Վեհափառը ըսաւ. «Հայ գիրքը աղբիւր է մեր հոգեմտաւոր արժէքներուն. պէտք է մօտենալ այդ աղբիւրին: Հայ գիրքը դէպի ճշմարիտ հայութիւն առաջնորդող ապահով ճամբայ է. պէտք է քալել այդ ճամբէն: Հայ գիրքը մեր կեանքը հայոց պատմութեան հարազատ ճառագայթներով լուսաւորող արեւ է. պէտք է բացուիլ այդ արեւին: Հետեւաբար, սովորական երեւոյթ մը չէ հայ գիրքը, ան սրբազան արժէք է: Այս գիտակցութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ պէտք է մօտենալ հայ գիրքին»:

Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառը ըսաւ. «Նախակրթարանի տարիներէս սկսեալ ես մօտ եղած եմ հայ գիրքին: Մեր ուսուցիչները այսպէս դաստիարակեցին մեզ: Հակառակ այդ օրերու մեր տնտեսական խեղճ պայմաններուն, մենք գիրք գնեցինք, գիրք պահեցինք, գիրք կարդացինք, գրատուներ այցելեցինք, մատենադարաններ գացինք, մեր տուներուն մէջ փոքր գրադարաններ հաստատեցինք: Այս բոլորէն անդին` գիրք կարդացինք: Այսօր այս երեւոյթները սկսած են նահանջել մեր կեանքին մէջ: Չըսենք պայմանները փոխուած են: Մեր կեանքի պայմանները մենք երբեմն պէտք է ստեղծենք: Ինչո՞ւ հեռու պիտի մնանք գիրքէն: Համակարգիչը իր տեղը ունի ու գիրքը` իր տեղը: Նայեցէ՛ք իմ շուրջս. գիրքեր ու միայն գիրքեր կը տեսնէք. ի՜նչ հոգեպարար տեսարան է այս: Տարիներու ընթացքին ես հաւաքած եմ այս գիրքերը: Անոնցմէ շատ բան առած եմ, շատ բան սորված եմ: Իմ հոգեմտաւոր կազմաւորումիս մէջ այս գիրքերը կարեւոր դեր ունեցած են, անոնք իմ մնայուն բարեկամներս դարձած են` իմ կեանքս շրջապատող, լեցնող ու հարստացնող»:

Անդրադառնալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կարեւոր ներդրումին հայ գիրքի տպագրութեան ու տարածման աշխատանքներուն մէջ` վեհափառը ըսաւ. «Վերանորոգ յանձնառութեամբ մեր Սուրբ աթոռը պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը հայ գիրքի տարածման մէջ, որովհետեւ կը հաւատանք հայ գիրքին ճակատագրական դերին` հայապահպանման, ազգակերտման ու հայրենակերտման աշխատանքներուն մէջ: Հայ գիրքը նաեւ կարեւոր դեր ունի հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր առաքելութեան ծիրին մէջ: Չմոռնանք երբեք, որ հայ գիրքին ու գրականութեան, հայ գիրքին ու մշակոյթին աղբիւրը եւ ռահվիրան դարձաւ հայ եկեղեցին»:

Իր խօսքի աւարտին, վեհափառը ջերմօրէն ողջունեց «Վանայ Ձայն»-ին կատարած դերը ընդհանրապէս հայ արժէքներու տարածման ու յատկապէս հայ գիրքի նկատմամբ հայ ժողովուրդին ցուցաբերած սիրոյն ու յարգանքին առաւել խորացման աշխատանքներուն մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES