ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՅՈՅՆ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԸ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթ կէսօրէ ետք այցելեց յոյն կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի թեմի առաջնորդարանը` անոր հիմնադրութեան տարեդարձին առիթով:

Նախագահ Սլէյման ընդունուեցաւ յոյն կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Քիրիլլոս Պուսթրոս եպիսկոպոսին կողմէ:

Երեկոյեան ժամը 5:00-ին առաջնորդարանին մէջ մատուցուեցաւ պատարագ մը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նախագահ Սլէյման, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Կապրիէլ Քաչիա եւ քաղաքական ու դիւանագիտական մեծ թիւով անձնաւորութիւններ եւ հաւատացեալներ:

Պուսթրոս եպիսկոպոս իր ուղղած քարոզին մէջ շեշտեց, որ պատգամի երկիր Լիբանանը կարիքը ունի իր բոլոր զաւակներուն: Ան ընդգծեց նաեւ, որ Լիբանանը կարելի պիտի ըլլայ փրկել միայն անոր նկատմամբ իր բոլոր զաւակներուն կատարեալ նուիրումով:

Պուսթրոս եպիսկոպոսը դիտել տուաւ նաեւ, որ անհրաժեշտ է ընդառաջել հանրապետութեան նախագահին ուղղած ազգային երկխօսութեան կոչերուն:

Իր կարգին, նախագահ Սլէյման արձանագրութիւն մը ձգեց առաջնորդարանին ոսկեմատեանին մէջ` ընդգծելով լիբանանեան ազգային միասնականութեան անհրաժեշտութիւնը: Ան բարձր գնահատեց նաեւ յոյն կաթողիկէ համայնքի հոգեւոր դերակատարութիւնը` Լիբանանի պատգամ երկիր ըլլալու պահպանումին առումով:

Նշենք, որ յոյն կաթողիկէ համայնքի առաջնորդարանին մէջ հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման եւ Պուսթրոս եպիսկոպոս փոխանակեցին յուշանուէրներ:

Share this Article
CATEGORIES