ԸՍՏ ԱՆԳԼԻԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԻՆ ՃՈՆ ԹԵՐԻԷՆ ԽԼՈՒԱԾ Է ԱՆԳԼԻՈՅ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՒՄԲԻ ԽՄԲԱՊԵՏԻ ՊԱՇՏՕՆԸ
Անգլիական մամուլին կողմէ հրապարակուած լուրի մը մէջ նշուած է, որ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետի պաշտօնը խլուած է Չելսիի յետսապահ Ճոն Թերիէն:
Կը կարծուի, որ ասիկա հետեւանք է անցեալ հոկտեմբերին Քուինզ Փարք Ռէյնճըրզի յետսապահ Էնթըն Ֆերտինանտի հասցէին անոր կատարած ցեղապաշտական բնոյթի մէկ յայտարարութեան, թէեւ ան այդ հարցին մէջ յանցաւոր չի նկատուիր:
31 տարեկան Թերիի դատավարութեան թուական ճշդուած է 9 յուլիսը, այսինքն` Եւրօ-2012-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտէն ութ օր ետք:
Ան ազգային խումբին շապիկը կրած է 67 անգամ (34-ը` իբրեւ խմբապետ)` նշանակելով 6 կոլ:
Այս հարցը ցեղապաշտական բնոյթի յայտարարութեան վերագրելը մամուլին կարծիքն է` նկատի ունենալով, որ ո՛չ Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը եւ ո՛չ ալ մարզիչ Ֆապիօ Քափելլօ այս գծով պաշտօնական յայտարարութիւն կատարած են:
Անգլիա իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ 29 փետրուարին` ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին «Ուեմպլի»ի մարզադաշտին վրայ հիւրընկալելով Հոլանտան:
Եւրօ-2012-ի ախոյեանութեան, որ պիտի սկսի յառաջիկայ յունիսին, Ա. հանգրուանի մրցումներուն Անգլիա պիտի մրցի Ֆրանսայի, Շուէտի եւ Ուքրանիոյ դէմ:
Սակայն նախքան ախոյեանութիւնը սկսիլը, Անգլիա բարեկամական մրցումներ պիտի կատարէ Նորվեկիոյ եւ Պելճիքայի դէմ:


